9 հոկտեմբեր 2025-ին տեղի ունեցաւ նախկին նախարար զօր. Փանոս Մանճեանի վերջին հրաժեշտը, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ: Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Այնճարի գերեզմանատան մէջ:
Ներկայ էին հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի ներկայացուիչ` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, ինչպէս նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալի ներկայացուցիչը, հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Սելիմ Աուն եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի անունով դամբանական խօսք արտասանեց Յակոբ Այնթէպլեան, իսկ հանգուցեալին ընտանիքին անունով Վարուժ Չիլինկիրեան արտասանեց արաբերէն խօսք մը: