Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպրեվանքի 95-րդ Կրթական-Ուսումնական Տարեշրջանի Բացումը Կատարուեցաւ` Սրբոց Թարգմանչաց Ոգիով Վերանորոգուած

Հոկտեմբեր 16, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն, Սրբոց Թարգմանչաց տօնին կը յայտարարուի բացումը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի ուսումնական-կրթական տարեշրջանին: Առ այդ, կիրակի, 12 հոկտեմբեր 2025-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ, դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր ծ. վրդ. Շէրնէզեան մատուցեց ս. պատարագ եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց:

Դպրեվանքի տեսուչ հայր սուրբին քարոզին կիզակէտն էր Մարկոսի Աւետարանի 8-րդ գլխուն մէջ արձանագրուած հրաշքէն բխած խորհրդածութիւնը: Կը պատմուի Յիսուսի` Բեթսայիդա քաղաքին մէջ այլոց խնդրանքով կատարած կոյրի մը բժշկութիւնը, որ իրագործուած է կոյրը քաղաքէն դուրս բերելով, երկու հանգրուանով` Յիսուսի առաջին հպումով ան աղօտ տեսած էր շուրջը, իսկ երկրորդով` կատարելապէս:

Հայր սուրբը այս դրուագին միտք բանին ամփոփեց երկու կէտերու մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ այնպէս ինչպէս Քրիստոս պէտք ունէր կոյրը դուրս հանելու անհաւատներով լեցուն Բեթսայիդա քաղաքէն, որպէսզի կարելի ըլլար իրագործել հրաշքը, նոյնպէս ալ մենք կարիքը ունինք դուրս գալու մեզ շրջապատող ժխտական ու թունաւոր շրջանակներէ, որպէսզի կարենանք տեսնել Քրիստոսի ճշմարտութիւնը: Հայր Պարոյր նաեւ բացատրեց հրաշքին երկու հանգրուանով կատարուելուն յատկութիւնը. ան հաստատեց, որ առաքեալներն իսկ, որոնք Քրիստոսի բոլոր հրաշագործութիւններուն ականատես էին, ճշմարտութիւնը ամբողջապէս ընկալած չէին` մինչեւ վերնատան մէջ Սուրբ Հոգիին էջքը իրենց վրայ:

Հոգեւոր խորհրդածութենէն ետք հայր Պարոյր անդրադարձաւ գիրերու գիւտին եւ Սրբոց Թարգմանչաց սերունդին գործունէութեան, որոնց միջոցով կարելի եղաւ Աստուծոյ հետ հայոց լեզուով հաղորդակցիլ` Ոսկեդարը դարձնելով 301 թուականէն ետք երկրորդ անկիւնադարձը ճշմարտութեան մօտենալու: Թարգմանչաց տօնը առնչելով դպրեվանքին` հայր սուրբը ըսաւ, որ դպրեվանքը այն միջավայրն է, ուրկէ աւարտելով` սաները զինուած կ՛ըլլան Աստուծոյ խօսքով, իսկ քահանայութեան աստիճան ստանալով` անոնք աւելի կ՛ամրապնդեն Աստուծոյ խօսքին տարածման եւ մեր ժողովուրդին ծառայելու իրենց առաքելութիւնը:

Պատարագէն անմիջապէս ետք ներկաները ուղղուեցան վեհարանի դահլիճ, ուր դպրեվանեցիները հրամցուցին փունջ մը շարականներ, բանաստեղծութիւն եւ Աւետարանէն ընթերցանութիւն:

Տեսուչ հայր սուրբը կարդաց տեսչական ուղերձը: Ան ըսաւ. «Սուրբ եւ անմահ պատարագով դպրեվանքի վերամուտի ղօղանջը անգամ մը եւս կը հնչէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Սուրբ Աթոռին նստավայրէն: 95-րդ անգամ ըլլալով` դպրեվանքի վերամուտը կ՛արձագանգէ Անթիլիասէն Պիքֆայա, Պիքֆայայէն Հայաստան եւ սփիւռս աշխարհի, աւետելով մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ մարդակերտումի ու հայակերտ մարդուժի պատրաստութեան այս կրթօճախը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը` վերանորոգ հաւատքով եւ վառ յոյսերով: Փառք կու տանք օրհանառատ Աստուծոյ, որուն շնորհիւ այս ղօղանջը դարձեալ կը հնչէ եւ մեզ անգամ մը եւս կը համախմբէ համազգային տարողութեամբ բարիքներ բաշխող այս սուրբ օրրանին շուրջ»: Ուղերձը նաեւ խոստում էր շարունակելու ու տարածելու Հայ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը` հաւատարիմ թարգմանիչ սուրբ հայրերուն եւ դպրեվանքը կանգուն պահած նախորդ սերունդներուն: Հայր սուրբը իր ուղերձով վերահաստատեց նաեւ Բիւզանդ Եղիայեանի վկայութիւնը. «Դպրեվանքը իր սաները կը պատրաստէ ժողովուրդի՛ն համար: Ան չի՛ բաժներ զանոնք ժողովուրդի կեանքէն ու հարցերէն». ան նաեւ ըսաւ, որ հոն կ՛ամփոփուի դպրեվանքին իւրայատուկ առաքելութիւնը` պատրաստել հոգեւորական թէ աշխարհական այնպիսի մշակներ, որոնք կը հասնին մեր ժողովուրդի հոգեմտաւոր կարիքներուն:

Հայր Պարոյր նաեւ ուրախութեամբ յայտարարեց, որ այս վերամուտին առթիւ, 6 տարուան ակամայ ընդմիջումէ ետք, դպրեվանքի 90-ամեակի «Գլաձոր» տարեգիրքը կը հրամցուի հանրութեան` խմբագրութեամբ Գէորգ վրդ. Գարակէօզեանի եւ Աբրահամ աբղ. Ճուլֆայեանի:

Ապա վեհափառը յղեց իր պատգամը. «Մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի հաւաքական կեանքին մէջ դպրեվանքը ես կը նմանցնեմ Թաբոր լերան» հաստատումով` ան բացատրեց, որ Քրիստոս, Իր աշակերտներէն խումբ մը առնելով, բարձրացաւ Թաբոր լեռ` Աստուծոյ ներկայութեան ըլլալու ու պայծառակերպուելու եւ ապա, Աստուծոյ շունչով վերանորոգուած, իջաւ լեռնէն, անցաւ առաքելութեան ու աշակերտները ղրկեց աշխարհ` քարոզելու եւ վկայելու երկնային ճշմարտութեանց ու արժէքներուն մասին: Նորին սրբութիւնը նշեց, որ Սրբոց Թարգմանչաց սերունդին տօնը մեզի յիշեցում է, որպէսզի շարունակութիւնը դառնանք մեր մեծ հայրապետներու ու սուրբ վարդապետներու գործին եւ նո՛յն ոգիով, պայծառակերպուած` Աստուծոյ ներկայութիւնը ապրելով մեր կեանքին մէջ զԻնք մեր ժողովուրդին մօտեցնենք: «Ահաւասիկ դպրեվանքը` որպէս նոր իմն Թաբոր լեռ, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ կոչուած է նո՛յն առաքելութեան: Մենք եւս կոչուած ենք մեր թարգմանիչները ապրելու եւ անոնց ոգիի ու հաւատքի հաւատարմութիւնը ապրեցնելու մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Այո՛, դպրեվանքը Թաբոր լեռ է եւ այս կոչումին գիտակցութեամբ պէտք է գործէ ու ծառայէ: Լեռ մը, որ կոչուած է Աստուծոյ ներկայութիւնը եւ երկնային ճշմարտութիւններն ու արժէքները տանելու մեր ժողովուրդին, ինչպէս թարգմանչաց սերունդը կատարեց. այլապէս մեր կեանքի անդաստանը պիտի մնայ խոպան: Մեր պատմութեան ընթացքին մենք եղանք հաւատարիմ աստուածային ճշմարտութիւններուն ու երկնային արժէքներուն` մեր եկեղեցւոյ հայրերուն ճամբով: Այսօր դպրեվանքը նոյն ոգիով պիտի կատարէ ու ստանձնած է այդ առաքելութիւնը, որպէսզի պայծառակերպուած երթայ մեր ժողովուրդին` այս օրերուն մանաւանդ, երբ աշխարհի խաւարին դիմաց մենք կարիքը ունինք աստուածային լոյսին: Ահաւասիկ` դպրեվանքին առաքելութիւնը», ընդգծեց հայրապետը:

Ապա վեհափառ հայրապետը, իր խօսքը ուղղելով դպրեվանեցիներուն` յորդորեց, որ այս ոգիով դպրեվանքին մէջ պէտք է կերտուիլ: Դպրեվանքը միայն դաս սորվելու վայր չէ, այլ սրբավայր մըն է, ուր հոգեմտաւոր կազմաւորում ու կերտում տեղի կ՛ունենայ: Դպրեվանեցիք առաքելութիւն ունեցող մարդիկ են, որոնք կոչուած են դառնալու նոր օրերու թարգմանիչներ ու Աստուծոյ լոյսը տարածող վկաներ` մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքները կենսագործողներ:

Իր պատգամի աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոս ողջունեց դպրեվանքի տեսչութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ անոր նիւթաբարոյական նեցուկ կանգնող բոլոր ազգայինները` դիտել տալով ու ընդգծելով, որ հոգեւորական ըլլալը չէ, որ միայն կոչում կը պահանջէ, այլ նոյնքան եւ աւելի` ուսուցիչ ըլլալը, որովհետեւ մեր ուսուցիչներուն, հոգեւորական թէ աշխարհական, շնորհիւ է, որ դպրեվանքը կ՛իրագործէ մարդուժ մատակարարելու սրբազան առաքելութիւնը:

Ձեռնարկի աւարտին հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, դպրեվանքը եւ ներկաները:

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Եամալը Ձեռք Ձգելու Թիւերը Ճի՞շդ Են…

RelatedPosts

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով
Գաղութային

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?