Հովանաւորութեամբ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետ Ժերար Թիւֆենքճեանի, ուրբաթ, 10 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին Բ. յարկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ բանաստեղծ, արձակագիր, խմբագիր, հրապարակագիր եւ հրապարակախօս Համբիկ Մարտիրոսեանի երեք գիրքերուն` «Բաժակ մը սէր», «Կեանք ու կարօտ-Երազ ու սէր» եւ «Նոր հայերգութիւն», շնորհահանդէսը:
Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» մշակութային յանձնախումբի անդամ Աւետիս Տիպան, որ հաստատեց ձեռնարկին կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ երեկոն իր ամբողջական բովանդակութեամբ նուիրուած է Թարգմանչաց տօնին:
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի հիմնադիր նախարար Հրանուշ Յակոբեանի սրտի խօսքը` նուիրուած բանաստեղծ Համբիկ Մարտիրոսեանի շնորհահանդէսին, կարդաց Մարալ Արնէլեան: Հ. Յակոբեան իր խօսքին մէջ կ՛անդրադառնար բանաստեղծ, արձակագիր, խմբագիր, հրապարակագիր եւ խմբավար Համբիկ Մարտիրոսեանի անձին, գործին, աւանդին եւ անոր վերջերս հրատարակած երեք գիրքերուն մասին` տալով յատուկ գնահատական:
Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ «Արամ Ա. հայագիտական հիմնարկ»-ի տնօրէն Ահարոն Շըխըրտըմեան, որ անդրադարձաւ` Համբիկ Մարտիրոսեանի կեանքի անցած երկար ճանապարհին, անոր ազգային, միութենական, եկեղեցական բնագաւառներէն ներս ունեցած բեղուն գործունէութեան, թուարկելով անոր ծառայութիւնները` որպէս ուսուցիչ, տնօրէն, դիւանապետ, խմբավար, ինչպէս նաեւ` գրական ու լրագրական ասպարէզներէ ներս ունեցած ձեռքբերումները:
Ապա ելոյթ ունեցաւ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրապետ եւ տնօրէն Շահան Գանտահարեան, որ կարեւորեց բանաստեղծ-արձակագիրին որպէս «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր ունեցած բազմամեայ ծառայութիւնը (19 տարի)` շեշտելով անոր թէ՛ խմբագրականներուն եւ թէ՛ առանձին հրապարակագրութեան մէջ ունեցած խիզախ կեցուածքները, եւ իր իւրայատուկ տեսակէտները համարձակօրէն արտայայտելու եղանակը:
Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան իր սրտի խօսքին մէջ անդրադարձաւ բանաստեղծ Համբիկ Մարտիրոսեանին հետ իր ունեցած երկար տարիներու ծանօթութեան, բարեկամութեան, անոր տարած միութենանուէր ու ազգանուէր ծառայութեան եւ բազմաթիւ բնագաւառներէ ներս անոր արձանագրած յաջողութիւններուն մասին` առանձնացնելով ՀԲԸՄ-ի «Ահրամճեան» կեդրոնը եւ հոն իրագործուող նախաձեռնութիւնները, որոնց թիւը արդէն հասած է 155-ի:
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան գնահատեց կատարուող նախաձեռնութիւնը` յայտնելով իր ուրախութիւնը եւ մաղթեց, որ շարունակական ըլլան նման պատուաբեր եւ ուրախացնող երեկոներ:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հատորներուն շնորհահանդէս գինեձօնը:
Հանդիսութեան աւարտին ՀԲԸՄ-ի Շրջանակային յանձնաժողովին անունով Սիլվա Լիպարիտեան յուշանուէր մը յանձնեց բանաստեղծ, «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեանին, որ հանդէս եկաւ շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսքով:
Յայտնենք, որ ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Ելոյթ ունեցան սաքսոֆոնահար Սարօ Մարտիրոսեան, որ մեկնաբանեց «Չքնաղ երազ»-ը` ընկերակցութեամբ դաշնակահար Համբիկ Մարտիրոսեանի, Նայիրի Արնէլեան` շուի եւ Նանօր Արնէլեան` դաշնամուր մեկնաբանեցին «Տաղ յայտնութեան»-ը, Անի Եփրեմեան արտասանեց բանաստեղծ Համբիկ Մարտիրոսեանի «Եռաբլուր» բանաստեղծութիւնը, Միրէյ Քիւթիւքճեան մեկնաբանեց «Ղարաբաղի եղնիկ» եւ «Ծիրանի ծառը» երգերը` ընկերակցութեամբ դաշնակահար Մարալ Արնէլեանի, Համբիկ Մարտիրոսեան նուագեց երաժշտական կտոր մը, Լիանա Ամիրխանեան արտասանեց Համբիկ Մարտիրոսեանի «Սիրէ՛ հայն ու Հայաստան» քերթուածը, Գրիգոր Արնէլեան սաքսոֆոնի վրայ նուագեց երաժշտական կտոր մը, «Շողերգ» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Համբիկ Մարտիրոսեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Թորոս Հալաճեանի, մեկնաբանեց «Երիտասարդական քայլերգ», «Իմ սիրուն երկիր», «Հէյ ջան Երեւան», «Մենք ենք մեր սարերը», «Հարալօ», «Հոյ նազան», «Նինօ», «Սարի ծաղիկ» եւ «Հայեր, միացէք» երգերը: