Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 13 հոկտեմբեր 2025-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս, հովուապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Քանատա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Վեհափառ հայրապետին հովուապետական այցելութիւնը պիտի ընդգրկէ Քանատայի հայոց թեմը, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ու Արեւմտեան հայոց թեմերը: Յիշեալ թեմերուն մէջ վեհափառ հայրապետը յաջորդաբար պիտի այցելէ Մոնրէալ, Թորոնթօ, Լոս Անճելըս, Ֆրեզնօ, Սան Ֆրանսիսքօ, Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի եւ այլ շրջաններ:

Վեհափառ հայրապետին հովուապետական այցելութեան օրակարգը պիտի ներառէ եկեղեցական արարողութիւններ, ազգային մարմիններու հետ հանդիպումներ, երիտասարդութեան հետ երկխօսութիւն, միջեկեղեցական հանդիպումներ, համալսարաններու մէջ դասախօսութիւններ, կրթական մշակներու հետ հանդիպումներ, ինչպէս նաեւ վեհափառին հայրապետական ընտրութեան ու գահակալութեան 30-ամեակի նշում:

Հովուապետական յիշեալ այցելութեան վեհափառ հայրապետին մայրավանքէն կ՛ընկերանան կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Յովակիմ վրդ. Բանճարճեան, գաւազանակիր եւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան բաժանմունքի պատասխանատու Սարգիս վրդ. Աբրահամեան, յիշեալ երեք թեմերու առաջնորդ սրբազան հայրերը` Բաբգէն արք. Չարեան, Անուշաւան արք. Դանիէլեան եւ Գեղամ արք. Խաչերեան, Արեւմտեան թեմի պարագային նաեւ` Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Թորգոմ արք. Տօնոյեան եւ կաթողիկոսարանի դիւանապետ  Տաճատ եպս. Աշըգեան: Իսկ Քանատա այցելութեան, վեհափառ հայրապետի պատուիրակութեան մաս պիտի կազմէ Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան, Արեւմտեան թեմի պարագային` Ազգային կեդրոնական վարչութեան համաատենապետներ Գրիգոր Մահսերէճեան ու Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ անդամներ` Կայծակ Զէյթլեան, Ռոստոմ Այնթէպլեան եւ Հրաչ Յակոբեան:

Վեհափառ հայրապետը Անթիլիասի մայրավանք պիտի վերադառնայ 22 նոյեմբերին:

 

Նախորդը

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Վերջնական Հաշտութիւնը Պէտք Է Ստորագրուի Մոսկուայի Մէջ»

Յաջորդը

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

RelatedPosts

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Դպրեվանքի 95-րդ Կրթական-Ուսումնական Տարեշրջանի Բացումը Կատարուեցաւ` Սրբոց Թարգմանչաց Ոգիով Վերանորոգուած
Գաղութային

Դպրեվանքի 95-րդ Կրթական-Ուսումնական Տարեշրջանի Բացումը Կատարուեցաւ` Սրբոց Թարգմանչաց Ոգիով Վերանորոգուած

Հոկտեմբեր 16, 2025
«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով
Գաղութային

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?