Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

October 18, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ եւ Պուրճ Համուտի ու Սին Էլ Ֆիլի հաստատութիւններու աշխատանքի համակարգման յանձնախումբին եւ Սին Էլ Ֆիլի քաղաքապետութեան համագործակցութեամբ, Լեռնալիբանանի նահանգապետ Մոհամետ Մաքքաուիի հովանաւորութեամբ երէկ` ուրբաթ, 17 հոկտեմբեր 2025-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի եւ Սին Էլ Ֆիլի ընկերային եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններու ու միութիւններու ցուցահանդէսը` ներկայութեամբ նահանգապետի ներկայացուցիչ, Մեթնի գայմաքամ Մարլեն Հատտատի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի եւ Սին Էլ Ֆիլի փոխքաղաքապետ Նիքոլա Հաժի:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճորճ Գրիգորեան խօսք առնելով նշեց, որ այս ցուցահանդէսին նպատակն է հասարակութեան լայն շերտերը տեղեակ պահել բարեսիրական, ընկերային եւ քաղաքացիական կազմակերպութիւններուն մատուցած առողջապահական եւ ընկերային ծառայութիւններէն: Ան գահատեց այդ կազմակերպութիւններուն եւ Պուրճ Համուտի

եւ Սին Էլ Ֆիլի քաղաքապետութիւններուն միջեւ համագործակցութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Լեռնալիբանանի նահանգապետին եւ Մեթնի գայմաքամին` Պուրճ Համուտին եւ Սին Էլ Ֆիլին ցուցաբերուած մնայուն աջակցութեան համար:

Մեթնի գայմաքամ Մարլեն Հատտատ արտասանեց Լեռնալիբանանի նահանգապետ Մոհամետ Մաքքաուիի խօսքը: Ան մեծ գնահատանք ուղղեց երկու քաղաքներու ընկերային, բարեսիրական եւ քաղաքացիական կազմակերպութիւններուն եւ Պուրճ Համուտի ու Սին Էլ Ֆիլի քաղաքապետութիւններուն, երկրին դիմագրաւած ներկայ ծանր պայմաններուն մէջ անոնց թափած ջանքերուն համար: Ան կոչ ուղղեց բոլոր միութիւններուն եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն ջանքերը մէկտեղելու` ընկերութեան ծառայելու եւ անոր կարողականութիւնը ամրապնդելու համար:

Խօսքեր արտասանեցին նաեւ Սին Էլ Ֆիլի փոխքաղաքապետ Նենսի Ժըրիոս եւ Պուրճ Համուտի ու Սին Էլ Ֆիլի հաստատութիւններու համակարգող յանձնախումբի անունով Ժանին Նաուֆալ:

 

Նախորդը

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Յաջորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը

February 3, 2026
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով

February 3, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.