«Եթէ կ՛ուզես ազգային պատկանելիութեան սահմանը անգամ մը չափել, պէտք է երթալ եւ հայ զինուորի կողքին կենալ»
Գէորգ Հաճեան
Կիրակի, 5 հոկտեմբեր 2025-ին Այնճարի մէջ ոգեկոչուեցաւ Այնճարի արժանաւոր զաւակ, արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ազատամարտիկ Գէորգ Հաճեանի նահատակութեան 5-րդ տարելիցը:
Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ ս. պատարագի հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ անոր յիշատակին:
Անկէ ետք, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական- քարոզչական յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի հանդիսութիւն մը:
Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց Յակոբ Այնթապլեան` շեշտելով, որ նահատակ Գէորգ Հաճեան հայ ազգի անկեղծ զինուոր ըլլալէ առաջ անկեղծ խօսքի տէր էր, որուն խօսքը շպարուած չէր , իրական էր եւ սրտէն ու հոգիէն կը ժայթքէր: «Մտիկ ըրէք անոր արտաբերած իւրաքանչիւր բառ, որ յաճախ արտայտուած էր երգով, ու դուք պիտի հաստատէք, որ վերածնած էին հայ մշակոյթի թիկունքին կանգնած Կոմիտասը եւ հայրենիքի պաշտպան սարերու ասլանը` Գէորգ Չաւուշը…», ըսաւ ան:
Այնթապլեան հաստատեց, որ հայրենասիրութիւնը սահման չունէր Գէորգ Հաճեանին համար, անիկա դաջուած էր անոր ճակատին` իբրեւ նկարագիր, ուստի ան հայրենիքի ծառայութիւնը դարձուցած անբեկանելի սկզբունք, որուն ծառայեց նոյնիսկ արեան գնով:
Աւարտին Յակոբ Այնթապլեան ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին եւ համայն մուսալեռցի- այնճարցիներուն անունով ըսաւ. «Կը խոնարհինք նահատակ ընկ. Գէորգի յիշատակին ու անոր մօր` տիկ. Սօսի Հաճեանի առջեւ: Գէորգ Հաճեան անմահ է, եւ մենք կը հաւատանք, որ անոր գործը շարունակողներ պիտի ըլլան»:
Ապա ներկաները ունկնդրեցին Գէորգ Հաճեանի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի դասընկեր եւ Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ Ա. քհնյ. Լագիսեանի կողմէ ձայնագրուած եւ արտասանուած սրտի խօսք մը, ուր ան անդրադարձաւ «Հայ եկեղեցւոյ եւ հայ մշակոյթի նուիրեալ ծառայ» Գէորգ Հաճեանի նահատակութեան եւ անոր մշակութային մարզի տարբեր արժանիքներուն` իր խոնարհումը յայտնելով Արցախի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոս Գէորգ Հաճեանի յիշատակին եւ ըսաւ. «Ինծի համար Գէորգը հերոս էր իր նահատակութենէն առաջ ալ, հերոս էր իր հայրենադարձութեամբ, հերոս էր իր հայրենասիրութեամբ եւ հայրենապաշտութեամբ, հերոս էր իր երգերով ու ելոյթներով եւ հոկտեմբեր 6-ին առաւել եւս հերոսացաւ իր նահատակութեամբ»: Ան աւելցուց որ, Գէորգ Հաճեան չբաւարարուեցաւ խրամատին մէջ հայ զինուորի կողքին երգելու իր երազանքով, այլ իր գործնական մասնակցութեամբ զոհաբերեց իր կեանքը:
ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին խօսքը արտասանեց Շահան Փանոսեան, որ վերյիշեցուց, թէ Գէորգ Հաճեան խօսքը գործի վերածեց եւ ՀՅ Դաշնակցութեան կամաւորական 2-րդ վաշտի ընկերներուն հետ 6 հոկտեմբեր 2020-ին մեկնեցաւ Արցախ ու հերոսաբար նահատակուեցաւ Արցախի համար ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող հիւսիսային Վարանգաթաղի բարձունքի ազատագրութեան համար մղուած ծանր մարտին ընթացքին:
Անդրադառնալով նահատակութեան գաղափարին` ան ըսաւ. «Նահատակութիւնը պատգամ մըն է պայքարի, հաւատքի եւ նուիրումի` հանդէպ մեր ազգին ու մեր արդար նպատակներուն»: Փանոսեան հաստատեց, որ Գէորգ Հաճեանին սուրբ յիշատակը մեզի ուղեցոյց է` գործելու, ծառայելու եւ պաշտպանելու այն արժէքները, որոնց համար ան ապրեցաւ ու նահատակուեցաւ:
Իր խօսքը աւարտելով` ան ըսաւ. «Այսօր մենք ոչ միայն կը յիշենք զինք, այլ կը վերանորոգենք մեր երդումը` շարունակելով մեր պայքարը, Դաշնակցութեան սրբազան դրօշը առաջ, մէ՛կ քայլ իսկ ետ չքաշուելով»:
Ցուցադրուեցաւ դաստիարակչական – քարոզչական յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ պատրաստուած վաւերագրական տեսերիզ մը` ի յիշատակ նահատակ Գէորգ Հաճեանի նահատակութեան 5-ամեակին, որ կ՛ընդգրկէ նահատակի կեանքի փուլերը, հայրենիքի, ազգային արժէքներուն, յատկապէս Արցախի մասին անոր մտորումներն ու գաղափարները, երաժշտական նուաճումները, արցախեան 44-օրեայ պատերազմի մասնակցութիւնը, նահատակութիւնը, ինչպէս նաեւ վկայութիւններ իր ընկերներուն` Սիմոն Գաֆալեանի եւ Վարդան Ղեւոնդեանի կողմէ:
Աւարտին ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին կողմէ Շահան Փանոսեան յուշանուէր մը յանձնեց հերոսածին մօր` Սօսի Հաճեանին` իբրեւ յիշատակ անոր զաւկին նահատակութեան 5-րդ ամեակին:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Եզեկիէլ վրդ. Սելլումեանի «Պահպանիչ»-ով: