«Բեմին Ձայնը» Ասմունքի Եւ Բեմական Կատարողութեան Ակադեմիայի Պաշտօնական Բացումը
Շաբաթ, 25 հոկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի «Ֆարաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Բեմին ձայնը» ասմունքի եւ բեմական կատարողութեան ակադեմիային պաշտօնական բացումը: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Ահարոն Շխրտըմեան, որ ներկայացուց նախաձեռնութեան ծագումն ու նպատակը: Ան ըսաւ, որ ակադեմիան նոր սերմ մըն է, որ պիտի բխի հայ մշակոյթի անդաստանին մէջ, աւելցնելով, որ Անի Սարաֆեան-Եփրեմեանի նախաձեռնութիւնը միայն մշակութային, գեղարուեստական...



















