Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ «Դաշնակցութիւնը եւ ուսանողութիւնը» եռօրեայ միջշրջանային ուսանողական-երիտասարդական խորհրդաժողով:
Խորհրդաժողովին մասնակցեցան ՀՅ Դաշնակցութեան ուսանողական եւ երիտասարդական հետեւեալ 12 միութիւնները. Զաւարեան ուսանողական միութիւն (Լիբանան), Լիբանանի երիտասարդական միութիւն, «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւն (Հայաստան), Հայաստանի երիտասարդական միութիւն, Արցախի երիտասարդական միութիւն, «Յովնան Դաւթեան» ուսանողական միութիւն (Իրան), «Ռուբէն» երիտասարդական միութիւն (Նոր Ջուղա, Իրան), «Ռոստոմ» երիտասարդական միութիւն (Թեհրան, Իրան), Քուէյթի երիտասարդական միութիւն, «Նոր սերունդ» երիտասարդական միութիւն (Ֆրանսա), «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական միութիւն (Նիտերլանտներ), «Խանասոր» երիտասարդական միութիւն (Անգլիա):
Նախաձեռնութեան նպատակն էր առիթ մը ստեղծել, ուր ուսանողութիւնը եւ երիտասարդութիւնը կրնան փոխանակել իրենց կազմակերպական փորձառութիւնը, տեսակէտները եւ գաղափարները` կազմակերպական աշխատանքներու բարելաւման եւ ընդլայնման համար, զարկ տալով հմտութիւններու եւ համագործակցութեան հնարաւորութիւններուն:
Եռօրեայ խորհրդաժողովը ունէր օրակարգային 4 բաժանումներ` զեկոյցներ, դասախօսական նիւթեր, քննարկում/բանավէճեր եւ այցելութիւններ:
Խորհրդաժողովին մեկնարկը կատարուեցաւ ուրբաթ, 3 հոկտեմբեր 2025-ին «Աղբալեան ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ: Մասնակից երկիրներէ ժամանած ՀՅԴ ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւններու ներկայացուցիչները զեկուցեցին 2020-էն ետք իրենց միութիւններու տարած գործունէութեան մասին: Ապա Հայկազեան համալսարանի դասախօս Շաղիկ Խիւտավերտեան մասնագիտացած ներկայացում մը կատարեց` «Դաշնակցական երիտասարդին հոգեընկերային վիճակը` յետարցախեան պատերազմին» նիւթով, որուն յաջորդեց զրոյց մը:
Այս ներկայացումէն ետք Հայկազեան համալսարանի դասախօս Շանթ Ստեփանը վարեց գիտաշխանոց մը` «Ընկերային ցանցերը որպէս առաջնային միջոց ազդու քարոզչութեան եւ տրամադրութիւններու ստեղծման համար» նիւթով:
Օրուան աւարտին խորհրդաժողովի մասնակիցները այցելեցին Պիքֆայայի դպրեվանքը ուր հանդիպում մը ունեցան Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ վեհափառին օրհնութիւնը ստանալու, ինչպէս նաեւ` ազգային գործունէութեան մէջ ուսանողութեան դերի մասին զրուցելու:
Խորհրդաժողովի առաջին օրուան յայտագիրը փակուեցաւ Պիքֆայայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանի դիմաց «Կիլիկիա» երգով:
Շաբաթ, 4 հոկտեմբերին խորհրդաժողովի մասնակիցները այցելեցին «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր ծանօթացան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի, «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանի, «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրատան եւ Համազգայինի հրատարակչատան գործունէութեան:
Օրուան յայտագիրը ընդգրկեց զանազան դասախօսութիւններ եւ զրոյցներ: Կրթական մշակ Կարօ Յովհաննէսեան հանդէս եկաւ «Դաշնակցութեան հակադիր պայքար» նիւթին մասին պատմական ակնարկով մը, որ մեծ հետաքրքրութիւն գտաւ մասնակիցներուն կողմէ: Ապա ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ Տիգրան Ճինպաշեան ներկայացուց «ՀՅԴ-ի ներկայ ռազմավարութիւնը եւ ծրագիրի նպատակները, ՀՅԴ 35-րդ ընդհանուր ժողովի հիման վրայ» նիւթը:
Դասախօսութիւններուն յաջորդեցին զրոյց եւ բանավէճ: Զրոյցի թեման էր` «Կովկասի մէջ քաղաքական իրավիճակ յետարցախեան պատերազմ – Պիտանի խորհուրդներ եւ հնարքներ քաղաքական դաշտի ուսումնասիրման եւ գործընթացներու հետեւելու ժամանակ», որ վարեց քաղաքագէտ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Եղիա Թաշճեանը: Իսկ «ՀՅԴ-ն 21-րդ դարուն, գաղափարական կեդրոնացման եւ գործելաոճային այլազանութեան մարտահրաւէրները եւ ընծայած առիթներ» բանավէճը վարեց ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանը:
Երեկոյեան մասնակիցները այցելեցին «Թռչնոց բոյն», Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը, որմէ ետք շրջագայեցան Պիպլոս եւ Պաթրուն քաղաքներուն մէջ:
Կիրակի, 5 հոկտեմբերին օրը սկսաւ զրոյց-քննարկումով մը` «Միջին Արեւելքի քաղաքական քարտէսի նոր ուղղութիւնները» նիւթով, որուն կը մասնակցէին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Եղիա Թաշճեան, «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի ատենապետ Վահրամ Էմմիեան:
Անոր յաջորդեց գիտաշխանոց մը` «Ինչպէ՞ս ապահովել Հայ դատի համար զօրակցութիւն եւ զօրաշարժ` տարբեր համալսարաններու մէջ» նիւթով: Գիտաշխանոցը վարեց ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Աշոտ Բագրատունին: Ապա ՀՅԴ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան ներկայացուց «Ինչպէ՞ս կատարել հետեւողական յարաբերական գործունէութիւն եւ ծառայեցնել մշակուած կապերը երկարաժամկէտ բարեկամութիւններ ձեւաւորելու համար» նիւթը:
Օրուան երկրորդ կիսուն ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Ցօղիկ Աշըգեան վարեց զրոյց/գիտաշխանոց մը` «Դաշնակցական ուսանողութեան դերը կուսակցութեան արդիականացման, համահայկական օրակարգերու ձեւաւորման եւ հայ ուսանողութիւնը այս առանցքին շուրջ համախմբելու գործին մէջ» նիւթով:
Աւարտին խորհրդաժողովի մասնակիցները այցելեցին Պուրճ Համուտի եւ Ֆըրն Շըպպեքի ազգային գերեզմանատուներ, ուր ծաղկեպսակներ զետեղեցին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պանթէոնին, Լիզպոնի գործողութեան նահատակ ընկերներուն եւ այլ կուսակցական գործիչներու շիրիմներուն: Մասնակիցները նաեւ առիթ ունեցան շրջելու Կեդրոնական Պէյրութի մէջ:
ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան կազմակերպած «Դաշնակցութիւնը եւ ուսանողութիւնը» միջուսանողական-երիտասարդական խորհրդաժողովը եզրափակուեցաւ միութիւններու ներկայացուցիչներու միջեւ յուշանուէրներու փոխանակումով եւ միասնական ընկերական ընթրիքով մը` «Աբրահամ Աշճեան» երիտասարդական կեդրոնէն ներս:
Խորհրդաժողովը ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան 120-ամեակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս կարեւոր համախմբում մըն էր, որ կրկին անգամ փաստեց դաշնակցական երիտասարդութեան միասնութիւնը եւ հայութեան դիմագրաւած առաջնային օրակարգերու հետ կապուած պատրաստակամութիւնն ու նուիրումը: