Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի  Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութեան  Յանձնախումբի Նախագահը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութեան Յանձնախումբի Նախագահը

Չորեքշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ Հարես Շեհապը` ընկերակցութեամբ նոյն յանձնախումբին մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչ դոկտ. Ժան Սալմանեանի: Այցելութեան նպատակն էր վեհափառ հայրապետը տեղեակ պահել վերջին շրջանին Երուսաղէմի հարցին գծով յանձնախումբին կատարած հանդիպումներէն, ինչպէս նաեւ հրաւիրել վեհափառ հայրապետը քրիստոնեայ-իսլամ հոգեւոր պետերու ժողովին: Արամ Ա. կաթողիկոս անգամ մը եւս շեշտեց Երուսաղէմի պատմական...

«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի  37-րդ Հատորի Շնորհահանդէս` Սփիւռքի  Նախարարութեան Կեդրոնին Մէջ

«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի 37-րդ Հատորի Շնորհահանդէս` Սփիւռքի Նախարարութեան Կեդրոնին Մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին նախաձեռնութեամբ չորեքշաբթի, 13 դեկտեմբերին սփիւռքի նախարարութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի 37-րդ հատորի շնորհահանդէսը: Ողջունելով ներկաները` Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նշեց, որ Հայկազեան համալսարանը 2 տարի առաջ բոլորեց իր 60-ամեակը, եւ անիկա այդ տարիներուն ընթացքին կրցած է Միջին Արեւելքի մէջ գիտակրթական, դաստիարակչական գործունէութիւն իրականացնել: Նախարարը կարեւոր նկատեց սերտ համագործակցութեան...

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Կիլիկեան Իշխան»-ի  Շքանշանով Կը Պարգեւատրէ Կիպրոսի  Հանրապետութեան Նախագահը

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Կիլիկեան Իշխան»-ի Շքանշանով Կը Պարգեւատրէ Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահը

Երկուշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Կիպրոսի նախագահական պալատին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան իշխան»-ի շքանշանով պարգեւատրեց Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Անասթասիատեսը: Պարգեւատրումէն առաջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ վեհափառ հայրապետին եւ նախագահին միջեւ` ներկայութեամբ Կիպրոսի հայոց կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի, Կիպրոսի հայոց պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի, ինչպէս նաեւ վեհափառ հայրապետին պատուիրակութեան մաս կազմող ազգային բարերար...

Մամլոյ Ասուլիս` Սփիւռքի Մէջ  Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան  100-ամեակի Նշումներու Մասին

Մամլոյ Ասուլիս` Սփիւռքի Մէջ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի Նշումներու Մասին

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները կազմակերպելու ընթացքին շեշտը պէտք է դնել յատկապէս հայոց պետականութեան վերականգնման 100-րդ տարեդարձին վրայ. երէկ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ 100-ամեակը նշելու նպատակով Անթիլիասի մէջ ստեղծուած յանձնախումբի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու  գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան: «Պարզ է, որ տօնակատարութիւններու գլխաւոր մասը պիտի կեդրոնանայ Առաջին հանրապետութեան...

Ցեղասպանութենէն Վերապրած Հայերու Օգնութեան  Կոչ Ուղղող` Շերիֆ Հիւսէյնի Ֆաթուայի 100-ամեակ

Ցեղասպանութենէն Վերապրած Հայերու Օգնութեան Կոչ Ուղղող` Շերիֆ Հիւսէյնի Ֆաթուայի 100-ամեակ

Կլոր Սեղանին Մասնակիցները Շեշտեցին Հիւսէյն Պըն Ալիի Մարդկայնական Արժէքները Եւ Քրիստոնեայ-Իսլամ Համակեցութեան Կարեւորութիւնը Իւրայատուկ կարեւորութիւն ունեցող ձեռնարկ մըն էր ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին կազմակերպած կլոր սեղանը` Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներուն ապաստան տալու գծով Շերիֆ Հիւսէյն Պըն Ալի Հաշեմիի հրապարակած ֆաթուայի 100-ամեակին առիթով: Կլոր սեղանը, որ տեղի ունեցաւ երէկ` երկուշաբթի, 11 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:00-էն սկսեալ, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին...

Լրագրողներու Համահայկական  Համաժողովները  Համակարգող Խորհուրդի Նիստ

Լրագրողներու Համահայկական Համաժողովները Համակարգող Խորհուրդի Նիստ

Երէկ` 11 դեկտեմբերին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի նիստը: Նիստին` Հայաստանէն կը մասնակցէին սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, «Ազդակ» (Լիբանան) օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, Լրագրողներու համահայկական 6-րդ համաժողովի համակարգող մարմինի նախագահ Շահան Գանտահարեան, Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահի տեղակալ Գրիգոր Ջանիկեան, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ Տիգրան Յարութիւնեան, «Հայկական Փի. Ար. ասոցիացիա» գիտատեղեկատուական...

Երուսաղէմի Լուտերական Եկեղեցւոյ Եունան Եպիսկոպոսը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Երուսաղէմի Լուտերական Եկեղեցւոյ Եունան Եպիսկոպոսը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

  9 դեկտեմբեր 2017-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Երուսաղէմի լուտերական եկեղեցւոյ պետ Մունիպ եպս. Եունանը: Արդարեւ, Երուսաղէմի լուտերական եկեղեցւոյ երկար տարիներու առաջնորդը եւ Լուտերական եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի նախագահ Եունան եպս. Երուսաղէմէն ուղղակի եկած էր վեհափառ հայրապետին մօտ` խորհրդակցելու Երուսաղէմի հարցին շուրջ ստեղծուած տագնապին գծով: Երկար խորհրդակցութենէ ետք, որոշուեցաւ թելադրել Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական...

«Կարկաչ»-ի Ս. Ծննդեան Խորհուրդը» Օրաթորիայի Անդրանիկ Կատարումը

«Կարկաչ»-ի Ս. Ծննդեան Խորհուրդը» Օրաթորիայի Անդրանիկ Կատարումը

Տասներորդ տարին ըլլալով, Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբը իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Պէյրութ Չենթս»-ի Ս. ծննդեան փառատօնին: «Կարկաչ» պատանեկան երգչախումբի հիասքանչ համերգը տեղի ունեցաւ կիրակի, 10 դեկտեմբեր 2017-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Լիանա Յարութիւնեանի: Այս ելոյթը իւրայատուկ էր երկու իմաստներով` առաջին, որովհետեւ նուիրուած էր «Պէյրութ Չենթս»-ի փառատօնի 10-ամեակին, իսկ երկրորդ, որովհետեւ խումբը կը...

«Մանկավարժական Մշակման Օր»`  Մասնակցութեամբ Ազգային  Վարժարաններու Ուսուցիչներուն

«Մանկավարժական Մշակման Օր»` Մասնակցութեամբ Ազգային Վարժարաններու Ուսուցիչներուն

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, ուրբաթ, 8 դեկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 8:30-1:30, Ազգային Միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մանկավարժական մշակման օր»` մասնակցութեամբ Ազգային վարժարաններու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն: Ուսումնական խորհուրդին անունով հայերէնով եւ անգլերէնով Սեդա Մանկասարեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն նկատել տուաւ, որ սփիւռքի հայապահպանման հոլովոյթին մէջ մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրները յաղթահարելու միակ կռուանը հայ դպրոցն է եւ...

Ազգային Ընդհանուր Ժողովը Առանձին Նիստ  Տրամադրեց Երիտասարդութեան

Ազգային Ընդհանուր Ժողովը Առանձին Նիստ Տրամադրեց Երիտասարդութեան

Նկատի ունենալով, որ վերանորոգումը կ՛իրականանայ միայն երիտասարդ ոգիով օժտուած մարդուժով, Ազգային ընդհանուր ժողովը առանձին նիստ տրամադրած էր երիտասարդներուն` լսելու անոնց մտահոգութիւնները, եկեղեցիէն ակնկալութիւնները, մարտահրաւէրներն ու առաջարկները: Այս նիստին զեկուցումներով հանդէս եկան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Երիտասարդական բաժանմունքի հոգեւոր խորհրդատու Նշան վրդ. Լախոյեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն Անի Նաճարեան, Նոր Ջուղայէն Արիս Դաւթեան, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմէն Թամար Քանարեան եւ Միացեալ Նահանգներու...

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 127-ամեակի Արժանավայել Նշում

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 127-ամեակի Արժանավայել Նշում

«Անհրաժեշտ Է Ազգովին Ձգտինք Վերականգնելու Ներազգային Միասնակամութիւնը Եւ Հաղորդակցութեան Սրընթաց Կապերու Այս Դարուն Վերացնելու Մեզ Իրարմէ Բաժնող Բոլոր Երեւոյթներն Ու Ազդակները». Յակոբ Տէր Խաչատուրեան «Առաջնահերթը Հայն Է, Հայաստանն Ու Հայութիւնը. Անընդունելի Են Անտարբերութիւնը, Յուսալքումը, Ծուլութիւնը, Անձնակեդրոնացումը, Ազգայինէն Հեռանալը, Ինքնագոհութիւնը, Պայմանաւորուած Մասնակցութիւնը». Յակոբ Բագրատունի Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութիւնները առիթներ են հաշուետուութիւն ներկայացնելու ժողովուրդին` նախորդ տարուան ընթացքին ՀՅԴ-ի կատարած եւ կատարելիք գործունէութեան մասին:...

Ազգային Ընդհանուր Ժողովը Յատուկ Նիստեր  Կը Տրամադրէ Քրիստոնէական Դաստիարակութիւն  Եւ Հայեցի Դաստիարակութիւն Նիւթերուն

Ազգային Ընդհանուր Ժողովը Յատուկ Նիստեր Կը Տրամադրէ Քրիստոնէական Դաստիարակութիւն Եւ Հայեցի Դաստիարակութիւն Նիւթերուն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի վեհարանին դահլիճին մէջ Ազգային ընդհանուր ժողովը իր Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու տեղեկագիրներուն ներկայացումէն եւ քննարկումէն ետք, նիստերը տրամադրեց զեկուցումներու միջոցով քննելու եւ քննարկելու ընդհանրապէս  հայկական սփիւռքեան իրականութիւնը եւ յատկապէս կաթողիկոսութիւնը յուզող հարցերը: Այս ծիրին մէջ, ժողովը կարեւոր տեղ տուած էր քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան: «Քրիստոնէական դաստիարակութիւն» նիւթով նիստին զեկուցումներ ունեցան Լիբանանի թեմէն Ժանին Դանիէլեան, Թեհրանի...

Ազգային Ընդհանուր Ժողովի Պատուիրակութիւնը  Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահին

Ազգային Ընդհանուր Ժողովի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահին

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Մերժէ Երուսաղէմը Իսրայէլի Մայրաքաղաք Նկատելու Թրամփի Յայտարարութիւնը Երէկ, 7 դեկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին տուած այցելութեան ընթացքին, նախագահին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովը ներկայացնող պատուիրակութեան առջեւ անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութեան, մերժեց Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք նկատող Միացեալ Նահանգներու մօտեցումը, որ չի համապատասխաներ միջազգային օրէնքի արդարութեան ու պատմական իրողութեան:...

Ազգային Միացեալ Վարժարան.  Ընթրիք` Ի Պատիւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  Ազգային Ընդհանուր Ժողովի Մասնակիցներուն

Ազգային Միացեալ Վարժարան. Ընթրիք` Ի Պատիւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովի Մասնակիցներուն

Բարերար Հրայր Սարգիսեան Պարգեւատրուեցաւ «Կիլիկիոյ Իշխան» Շքանշանով Նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ հրաւէրով Լիբանանի հայոց թեմին, երէկ` հինգշաբթի, 7 դեկտեմբեր 2017-ին, Ազգային միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք` ի պատիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովին մասնակից տարբեր գաղութներէ եկած կրօնական եւ աշխարհական պատգամաւորներուն եւ հրաւիրեալներուն: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք,...

Ազգային Ընդհանուր Ժողովը Կը Քննարկէ  Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական  Եւ Քաղաքական Ժողովներուն Քառամեայ Գործունէութիւնը

Ազգային Ընդհանուր Ժողովը Կը Քննարկէ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Եւ Քաղաքական Ժողովներուն Քառամեայ Գործունէութիւնը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովի բացման նիստէն ետք, յաջորդական 5 նիստերու վրայ, ներկայացուեցան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու քառամեայ գործունէութեան տեղեկագիրները` տեսերիզի ճամբով, եւ տեղի ունեցան քննարկումներ: Կրօնական ժողովի տեղեկագիրին մէջ մեծ տեղ գրաւած էին դպրեվանքին աշխատանքները, որոնք առնչուած էին առաւելաբար դպրեվանքը ժողովուրդին տանելու եւ զայն հարազատօրէն ներկայացնելու ճիգին: Անդրադարձ կատարուեցաւ եկեղեցին ժողովուրդին տանող այլ ծիրերուն,...

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ.  Նոր Տարուան Առիթով Հաւաքական Ցուցահանդէս

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Նոր Տարուան Առիթով Հաւաքական Ցուցահանդէս

Երէկ` չորեքշաբթի, 6 դեկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ 15 գեղանկարիչ եւ քանդակագործ արուեստագէտներու հաւաքական ցուցահանդէսի մը բացումը: Ցուցահանդէսը կը հովանաւորէր Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի պալատներու նախագահ Մոհամետ Շքէյր: Համազգայինի ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցահանդէսի հովանաւորին, ինչպէս նաեւ այս նախաձեռնութեան իր նպաստը բերած Սարգիս Պուտագեանին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Համազգայինի...

Ազգային Ընդհանուր Ժողովը  Կը Սկսի Իր Աշխատանքներուն

Ազգային Ընդհանուր Ժողովը Կը Սկսի Իր Աշխատանքներուն

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Շեշտեց Հայ Եկեղեցւոյ Առաքելութեան Զանազան Մարզերը Յատուկ Ուշադրութեամբ Ծրագրելու Անհրաժեշտութիւնը Երէկ` երեքշաբթի, 5 դեկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վեհարանի դահլիճին մէջ ընթացք առաւ Ազգային ընդհանուր ժողովը, որ պիտի տեւէ մինչեւ ուրբաթ, 8 դեկտեմբեր 2017: Քառօրեայ ժողովին կը մասնակցին թեմակալ առաջնորդներ, շուրջ հարիւր պատգամաւորներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ: Բացման նիստին իր հայրապետական պատգամը...

Համազգայինը Ալֆորվիլի Մէջ`  Մշակութային Տան Հրաւէրով

Համազգայինը Ալֆորվիլի Մէջ` Մշակութային Տան Հրաւէրով

23 նոյեմբերէն մինչեւ 26 նոյեմբեր 2017 Ալֆորվիլի (Փարիզ, Ֆրանսա) քաղաքապետութեան Մշակութային բեւեռի (Pole Culturel-POC) ընդարձակ սրահներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ քաղաքի Հայկական մշակութային տան (MCA) կողմէ տասնամեակէ մը ի վեր տարեկան յաճախականութեամբ տեղի ունեցող «Արմէն-Լիվր» («Արմէն գիրքեր») անունը կրող ձեռնարկը: Իւրաքանչիւր ձեռնարկին իբրեւ պատուոյ հիւր կը հրաւիրուի միութիւն մը կամ անհատ մը: Այս տարուան հիւրը Համազգայինն էր: Բացման օրը (հինգշաբթի,...

Աւելի Քան 700 Հայորդի Համախմբող  Ընթրիք-Հաւաք` Զահլէի Մէջ.  «Զահլէն Յաւելեալ Ուշադրութեան  Առարկայ Պիտի Դարձնենք»  Ըսաւ Երեսփոխան Բագրատունի

«Յաջողեցաք Զահլէին Պատիւը Պահել, Որովհետեւ Հաւատացիք, Որ Ձեր Պատիւը, Հայու Պատիւը, Լիբանանցիի Պատիւն Է, Որ Կը Պահէք» Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

Ստորեւ կը ներկայացնենք Հայկական երեսփոխանական պլոքին հրաւէրով Զահլէի մէջ 2 դեկտեմբերին կազմակերպուած 700 հայորդիներու ընթրիք-հաւաքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի խօսքը: Այսօր այս հաւաքը բացառիկ արժէք ունի. պիտի զարմանաք, որ պիտի չխօսիմ Դաշնակցութեան մասին, ո՛չ ալ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին, այլ պիտի խօսիմ հայութեան մասին: Սայիտ Աքըլ հպարտօրէն ըսած է. «Սաննինը եւ Արարատը երկու...

Page 245 of 365 1 … 244 245 246 … 365

Արխիւներ