Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Ասուլիս` Սփիւռքի Մէջ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի Նշումներու Մասին

Դեկտեմբեր 13, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները կազմակերպելու ընթացքին շեշտը պէտք է դնել յատկապէս հայոց պետականութեան վերականգնման 100-րդ տարեդարձին վրայ. երէկ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ 100-ամեակը նշելու նպատակով Անթիլիասի մէջ ստեղծուած յանձնախումբի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու  գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

«Պարզ է, որ տօնակատարութիւններու գլխաւոր մասը պիտի կեդրոնանայ Առաջին հանրապետութեան ստեղծման վրայ, սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ հայկական հողի վրայ պետականութեան կորուստէն 6 դար ետք վերականգնած է հայկական պետութիւնը, որուն 100-ամեակը  առանձնայատուկ կերպով պէտք է նշել», ըսաւ ան:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակը համահայկական տարողութեամբ նշելու նպատակով Անթիլիասի մէջ  կազմուած է յանձնախումբ մը:

Կիրօ Մանոյեանի համաձայն, թէեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի յանձնաժողովը չունի այն տարողութիւնը, ինչ որ ունէր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին համար ստեղծուած յանձնաժողովը, սակայն պէտք է այս տարեդարձը ըստ արժանւոյն նշուի նաեւ սփիւռքի մէջ, բայց եւ այնպէս, բացի Անթիլիասի մէջ ստեղծուած յանձնախումբէն եւ Դաշնակցութեան կողմէ իրականացուող ձեռնարկներէն, սփիւռքի մէջ այլ ուժեր որեւէ ձեռնարկ չեն կազմակերպեր: Ան յոյս յայտնեց, որ սփիւռքի մէջ գոնէ դեսպանատուներու մակարդակով տօնակատարութիւնը նշուի:

Մանոյեան տեղեկացուց, որ Դաշնակցութիւնը ամերիկեան մեծագոյն քաղաքներուն` Լոս Անճելըսի, Նիւ Եորքի եւ քանատական Թորոնթոյի մէջ այս նիւթով գիտաժողովներ կը կազմակերպէ:

Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկներու տարողութեան` ան նշեց, որ ձեռնարկներու ծրագիրները պիտի  յստականան 2018-ին:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք տարբեր երկիրներու առաջին դէմքեր ներկայ պիտի ըլլա՞ն 100-ամեակին նուիրուած գլխաւոր ձեռնարկին, Մանոյեան յայտնեց. «Որքանով տեղեակ եմ պետական յանձնաժողովի ծրագիրներէն, նման պատկերացում չկայ, որ անպայման առաջին դէմքերը ներկայ պիտի ըլլան: Հաւանաբար, պէտք է հաշուի առնել նաեւ այն հանգամանքը, որ սեպտեմբեր- հոկտեմբեր 2018-ի ամիսներուն Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ 2018-ի Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովը, որուն պիտի մասնակցին շարք մը պետութիւններու առաջին դէմքեր»:

Իր կարգին, «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան կարեւոր նկատեց 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու պատշաճ կազմակերպումը: Ան յայտնեց, որ ոչ պաշտօնական աղբիւրներու մէջ արդէն տեղեկութիւններ կան, որ Մայիսեան հերոսամարտերու հիմնական տարեդարձի օրը` մայիսի 28-ին, Ազրպէյճան որոշած է նշել իր առաջին հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակը: Ան  չբացառեց, որ այդ ձեւով Ազրպէյճան փորձէ ստուերի մէջ ձգել մեր կողմէ իրականացուող ձեռնարկները:

«Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին Շահան Գանտահարեան ըսաւ. «Նախատեսուած են յուշակոթողներու բացումներ, իսկ յաջորդ տարուան մարտ ամսուան ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ պիտի կազմակերպուի համաժողով, որուն ընդհանուր նիւթը պիտի ըլլայ Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակը: Համաժողովին պիտի հրաւիրուին Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախի Հանրապետութենէն, ինչպէս նաեւ  սփիւռքէն պետական այրեր, հասարակական ներկայացուցիչներ, գիտնականներ եւ այլք», նշեց Գանտահարեան:

Իսկ Կիրօ Մանոյեան նշեց, որ եթէ Հայաստանի համար 1918-ի մայիսը պետականութիւնը վերականգնելու թուականն է, Ազրպէյճանի համար` լաւագոյն պարագային պետականութեան ստեղծման: Անոր համաձայն, եթէ  նոյն ընթացքին Վրաստանն ու Ազրպէյճանը նշեն այդ տօնակատարութիւնը եւ տարբեր երկիրներու առաջին դէմքերու  մակարդակով հիւրեր հրաւիրեն, ապա Վրաստանի հրաւէրը աւելի ընդառաջում կ՛ունենայ, քան Ազրպէյճանինը:

 

Նախորդը

ՀՅԴ-ի 127-ամեակի Հանդիսութեան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ, Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Կիլիկեան Իշխան»-ի Շքանշանով Կը Պարգեւատրէ Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահը

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?