Աւելի Քան 700 Հայորդի Համախմբող Ընթրիք-Հաւաք` Զահլէի Մէջ. «Զահլէն Յաւելեալ Ուշադրութեան Առարկայ Պիտի Դարձնենք» Ըսաւ Երեսփոխան Բագրատունի
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զահլէի կոմիտէին, շաբաթ, 2 դեկտեմբեր 2017-ին, Զահլէի «Տիուան Ումարա» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք-ընթրիք մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ Պեքաայի շրջանի հայութիւնը: Բացման խօսքը արտասանեց Շանթ Պուչաքճեան: Ան իր խօսքին սկիզբը արաբերէնով ու հայերէնով ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց` հրաւէրին ընդառաջելու եւ կարեւոր ձեռնարկին ներկայ գտնուելու համար: Ապա ան բեմ հրաւիրեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ...




















