Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լրագրողներու Համահայկական Համաժողովները Համակարգող Խորհուրդի Նիստ

Դեկտեմբեր 12, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` 11 դեկտեմբերին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի նիստը: Նիստին` Հայաստանէն կը մասնակցէին սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, «Ազդակ» (Լիբանան) օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, Լրագրողներու համահայկական 6-րդ համաժողովի համակարգող մարմինի նախագահ Շահան Գանտահարեան, Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահի տեղակալ Գրիգոր Ջանիկեան, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ Տիգրան Յարութիւնեան, «Հայկական Փի. Ար. ասոցիացիա» գիտատեղեկատուական կազմակերպութեան նախագահ Աստղիկ Աւետիսեան, սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան պետ Վաղինակ Վարդանեան, մամուլի եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան պետ էվելինա Բաղդասարեան, «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Լուսինէ Աբրահամեան եւ նախարարութեան աշխատակիցներ:

Նիստին` հեռակապով միացած էին Արցախի լրագրողներու միութեան նախագահ Կիմ Գաբրիէլեան, «Խօսնակ» ամսագիրի (Լիբանան)  գլխաւոր խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան, «Օրեր» ամսագիրի (Չեխիա) գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան, «Զարթօնք» օրաթերթի (Լիբանան)  գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան, «Հորիզոն» շաբաթաթերթի (Քանատա)  գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան, «Պայքար» շաբաթաթերթի (Միացեալ Նահանգներ) գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Վարդիվառեան, «Արարատ» օրաթերթի (Լիբանան) գլխաւոր խմբագիր Անի Եփրեմեան:

Ողջունելով նիստի մասնակիցները` նախարար Հրանուշ Յակոբեան անդրադարձաւ Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համահայկական համաժողովի արդիւնքներուն եւ ձեռքբերումներուն: «Այս համաժողովը բացառիկ էր իր ընդգրկուածութեամբ ու հնչեղութեամբ: Բնականաբար կարելի չէ լսել 1837 մասնակիցի, խօսք տրամադրել իւրաքանչիւրին, սակայն համաժողովին նիւթերու ժողովածուին մէջ պիտի հրապարակուին ելոյթները այն մասնակիցներուն, որոնք չկրցան համաժողովին ընթացքին ելոյթ ունենալ», նշեց նախարարը:

Հ. Յակոբեան սփիւռքի լրատուամիջոցներուն խմբագիրներուն ներկայացուց նախարարութեան` սահմանապահ գիւղերու աջակցութեան ծրագիրը եւ նշեց, որ արդէն քանի մը գիւղեր կը կրեն սփիւռքի գաղութներու հովանաւորութիւնը, կարեւոր նկատեց ծրագիրին մասին սփիւռքի մէջ խօսիլն ու զայն ծանօթացնելը: «Մեզի համար առաջնահերթ է նաեւ հայրենադարձութեան թեմայի արծարծումը սփիւռքեան լրատուամիջոցներուն մէջ: Այսօր Հայաստանի մէջ կ՛ապրին հազարաւոր հայրենադարձներ. արդէն նախատեսած ենք հանդիպումներ կազմակերպել հայրենադարձներուն հետ: Անհրաժեշտ է աշխատիլ անոնց հետ, գրել անոնց մասին, ներկայացնել հայրենադարձութեան անոնց փորձառութիւնը», ընդգծեց Հրանուշ Յակոբեան: Ան կարեւոր նկատեց նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին, ինչպէս նաեւ Էրեբունի-Երեւանի 2800-ամեակի նախաձեռնութիւններուն սփիւռքի աշխուժ մասնակցութիւնն ու անոնց մասին լուսաբանումը:

Վաղինակ Վարդանեան եւ էվելինա Բաղդասարեան ներկայացուցին Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովի լուսաբանման արդիւնքները` ընդգծելով, որ համաժողովը լայն արձագանգ գտաւ թէ՛ սփիւռքահայ, եւ թէ հայաստանեան մամուլին մէջ, ուր տեղ գտան բազմաթիւ առաջարկներ,  արտայայտուեցան տեսակէտներ, լրատուամիջոցները ցուցաբերեցին կառուցողական մօտեցում:

«Խօսնակ» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան նկատել տուաւ, որ համաժողովին կարեւորութիւնն ու հնչեղութիւնը այնքան մեծ էին, որ հետագային քննարկումներ կատարուեցան նաեւ սփիւռքի գաղութներուն մէջ` Լիբանան, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ:

Այնուհետեւ նիստին մասնակիցները քննարկեցին լրագրողներու համահայկական 9-րդ համաժողովի խորագիրն ու բնաբանական ուղղութիւնները, համաժողովի կայացման վայրը, օրերն ու ձեւաչափը: Նախնական քննարկման իբրեւ արդիւնք որոշուեցաւ համաժողովը գումարել մայիսի աւարտին եւ յունիսի սկիզբը: Մասնակիցները փափաք յայտնեցին նաեւ այցելել հայաստանեան սահմանապահ գիւղեր, շրջիլ եւ ծանօթանալ տիրող իրավիճակին: Համաժողովին ընթացքին նախատեսուած են նեղ մասնագիտական աշխատաժողովներ, փորձի փոխանակում, հանդիպումներ Հայաստանի եւ Արցախի պաշտօնատարներու հետ:

(Լուսանկարը՝ Գաբրիէլ Փանոսեանի)

 

Նախորդը

ԼՕԽ-Կամաւորներու Օրուան Նշում. «Նոր Սերունդը Պէտք Է Այս Կամ Այն Ձեւով Մօտեցնենք Մեզի Եւ Պատրաստենք Կամաւոր Աշխատանքի», Հաստատեց Տոքթ. Իշխան Եղիայեան

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?