Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ընդհանուր Ժողովը Առանձին Նիստ Տրամադրեց Երիտասարդութեան

Դեկտեմբեր 11, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նկատի ունենալով, որ վերանորոգումը կ՛իրականանայ միայն երիտասարդ ոգիով օժտուած մարդուժով, Ազգային ընդհանուր ժողովը առանձին նիստ տրամադրած էր երիտասարդներուն` լսելու անոնց մտահոգութիւնները, եկեղեցիէն ակնկալութիւնները, մարտահրաւէրներն ու առաջարկները:

Այս նիստին զեկուցումներով հանդէս եկան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Երիտասարդական բաժանմունքի հոգեւոր խորհրդատու Նշան վրդ. Լախոյեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն Անի Նաճարեան, Նոր Ջուղայէն Արիս Դաւթեան, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմէն Թամար Քանարեան եւ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմէն Գառնի Արմէնեան:

Նշան վրդ. Լախոյեան ներկայացուց Երիտասարդական բաժանմունքին նպատակը, առաքելութիւնն ու տեսիլքը եւ հակիրճ կերպով ներկայացուց բաժանմունքին քառամեայ գործունէութիւնը: Հայր սուրբը նշեց, որ Երիտասարդական բաժանմունքը հարթակ հանդիսացած է կաթողիկոսարանի թեմերու երիտասարդներուն լսելու ու ծանօթանալու սփիւռքի տարբեր գաղութներուն եւ առիթ տուած է ըստ այնմ ծրագիրներ մշակելու: Հայր սուրբը յայտնեց, որ միջթեմական համագումարները ընթացք տուած են սփիւռքեան մակարդակով երիտասարդական ցանցի ստեղծման:

Անի Նաճարեան նշեց, որ Ապու Տապի, Տուպայ, Հիւսիսային Էմիրութիւններ եւ Քաթար շրջանները ընդգրկող թեմը պետական ու քաղաքական պայմաններու տակ կը մնայ սահմանափակ գործելադաշտով: Խօսելով մարտահրաւէրներուն մասին` Նաճարեան ընդգծեց, որ ղեկավարութիւնները չեն վստահիր երիտասարդ մարդուժին, իսկ մատը վէրքին դնելով յայտնեց, որ կը բացակային օրինակելի ու տիպար ղեկավարներ:

Սպահանի թեմէն Արիս Դաւթեան ներկայացուց իրանահայ երիտասարդութեան իրավիճակը, որ իւրայատուկ է միւս գաղութներէն իր աշխուժ մասնակցութեամբ: Նկատի ունենալով Իրանի պայմանները, Իրանի հայ երիտասարդները կը համախմբուին համայնքի հասարակական կեանքին, ազգային-հոգեւոր ձեռնարկներուն եւ կառոյցներուն շուրջ, սակայն կը մնան երկրին ընկերային-տնտեսական ու քաղաքական վիճակներուն ազդեցութեան տակ:

Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի պատկերը ներկայացուց Թամար Քանարեան: Ան խօսեցաւ երիտասարդութիւն-ղեկավար մարմին յարաբերութեան մասին: Դարուս արհեստագիտական արագընթաց փոփոխութիւններուն մէջ յաճախ կը մերժուին նորարարութիւնները, յայտնեց ան, ինչ որ կը հեռացնէ երիտասարդը եկեղեցիէն, երբ ան կը տեսնէ, թէ ընելիք չունի այլեւս այդ հաստատութեան մէջ: Մարդուժ պատրաստելու գծով, Քանարեան եւս կարեւոր նկատեց երէց սերունդին վստահութիւն տալը երիտասարդութեան:

Իսկ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմէն Գառնի Արմէնեան իր փորձառութիւնը պատմելով մատնանշեց այն գործունէութիւնները, որոնք նպաստած են երիտասարդութիւնը եկեղեցւոյ մօտ պահելու, ի մասնաւորի Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին Արեւելեան թեմ տուած այցելութիւնը եւ ՀՅԴ-ի բանակումին ներկայութիւնը: Ան ըսաւ, որ եկեղեցին ու ղեկավարութիւնը պէտք է երթան, ուր որ երիտասարդութիւնը արդէն կը գտնուի, թէ՛ ֆիզիքապէս, թէ՛ մտապէս:

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը խօսքը ուղղելով Ազգային ընդհանուր ժողովին նշեց, որ երիտասարդութեան մտահոգութիւններն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները առաջնահերթութիւն են եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ, արդ, մերժելի են երիտասարդութիւնը լուսանցքի մէջ պահելու տրամադրութիւնները: Վեհափառ հայրապետը անգամ մը եւս մատնանշեց եկեղեցին ժողովուրդին տանելու եւ պատերէն դուրս հանելու հրամայականը, ինչպէս նաեւ մեր կառոյցները «շէնք»-ի գաղափարէն ազատագրելն ու անոնց գոյութիւնը գործնականացնելը: Վերջապէս, վեհափառ հայրապետը  ըսաւ, որ մեր ձեռնարկները պէտք է գործնական ուղղուածութիւն ունենան:

 

Նախորդը

«Կոմիտաս» Ռատիոկայանի Հարցազրոյցը ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի Հետ

Յաջորդը

«Մանկավարժական Մշակման Օր»` Մասնակցութեամբ Ազգային Վարժարաններու Ուսուցիչներուն

RelatedPosts

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Դպրեվանքի 95-րդ Կրթական-Ուսումնական Տարեշրջանի Բացումը Կատարուեցաւ` Սրբոց Թարգմանչաց Ոգիով Վերանորոգուած
Գաղութային

Դպրեվանքի 95-րդ Կրթական-Ուսումնական Տարեշրջանի Բացումը Կատարուեցաւ` Սրբոց Թարգմանչաց Ոգիով Վերանորոգուած

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?