Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ընդհանուր Ժողովը Յատուկ Նիստեր Կը Տրամադրէ Քրիստոնէական Դաստիարակութիւն Եւ Հայեցի Դաստիարակութիւն Նիւթերուն

Դեկտեմբեր 9, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի վեհարանին դահլիճին մէջ Ազգային ընդհանուր ժողովը իր Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու տեղեկագիրներուն ներկայացումէն եւ քննարկումէն ետք, նիստերը տրամադրեց զեկուցումներու միջոցով քննելու եւ քննարկելու ընդհանրապէս  հայկական սփիւռքեան իրականութիւնը եւ յատկապէս կաթողիկոսութիւնը յուզող հարցերը: Այս ծիրին մէջ, ժողովը կարեւոր տեղ տուած էր քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան:

«Քրիստոնէական դաստիարակութիւն» նիւթով նիստին զեկուցումներ ունեցան Լիբանանի թեմէն Ժանին Դանիէլեան, Թեհրանի թեմէն Անի Քրիսթի սարկաւագուհի Մանուէլեան եւ Բերիոյ թեմէն Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեան:

Այս նիւթին առնչութեամբ զեկուցաբերներուն ներկայացուցած մարտահրաւէրներն ու առաջարկները նոյնանման էին: Ժանին Դանիէլեան Լիբանանի թեմի քրիստոնէական դաստիարակութեան պատկերն ու մարտահրաւէրները ներկայացուց 4 մակարդակներու վրայ` կիրակնօրեայ վարժարաններու, ամէնօրեայ վարժարաններու կրօնի դասապահերու, երիտասարդական միութիւններու եւ Սուրբ գիրքի սերտողութեան հաւաքներու: Ժ. Դանիէլեան հիմնականօրէն ընդգծեց կիրակնօրեայ վարժարաններու եւ ամէնօրեայ վարժարաններու ուսուցիչներու քրիստոնէական դաստիարակութեան արդի մանկավարժական պատրաստութենէ զուրկ ըլլալու հարցը: Ապա Բերիոյ թեմէն Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեան խօսեցաւ 21-րդ դարու ընտանիքներուն փոխուած արժէքներուն ու առաջնահերթութիւններուն մասին, որոնց պատճառով քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբելը նախկին ձեւերու օգտագործումով կը մնայ ապարդիւն: Տէր հայրը նկատել տուաւ, որ քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութիւնները մէկ ամբողջութիւն են եւ հայկական իրականութեան բոլոր հաստատութիւններն ու միութիւնները դերակատարութիւն ունին այս առնչութեամբ: Այնուհետեւ, Անի Քրիսթի Մանուէլեան ժողովին ներկայացուց Թեհրանի պատկերը: Ան յայտնեց, որ ծնողը քրիստոնէական դաստիարակութեան առաջին դաստիարակն է, ուրեմն այդ մեկնակէտով աշխատիլը կրնայ քրիստոնէական ամբողջական կրթութեան հասցնել անձը: Ան եւս շեշտեց դպրոցներուն քրիստոնէական դաստիարակութեան մատուցման ձեւին վերանորոգման ու արդիականացման կարեւորութիւնը եւ նշեց կաթողիկոսարանէն իրենց ակնկալութիւնները:

Յաջորդ նիստը յատկացուած էր հայեցի դաստիարակութեան նիւթին: Զեկուցումներ ներկայացուցին Քանատայի թեմէն Մհեր Գարագաշեան, Կիպրոսի թեմէն Վարդան Թաշճեան, Ատրպատականի թեմէն Անահիտ Յակոբեան եւ Քուէյթի թեմէն Ճորճ Արապաթլեան:

Մ. Գարագաշեան իր ելոյթին մէջ ներկայացուց հայեցի դաստիարակութիւնը սփիւռքի հայկական դիմագիծի պահպանման գերխնդիրներուն եւ անոր կրթական ոլորտի մարտահրաւէրներուն դիմաց: Ան սփիւռքի զանազան գաղութներու վարժարաններուն, հայ աշակերտութեան թիւին եւ հայկական վարժարան յաճախող աշակերտութեան թիւին պատկերը տուաւ ու համեմատութիւններ կատարեց: Վ. Թաշճեան ժողովին տրամադրութեան տակ դրաւ Կիպրոսի հայկական գաղութի ներկայ իրավիճակը, ուր կան խառն ամուսնութիւններ, հայերէնի նահանջ, օտարամոլութիւն: Ա. Յակոբեան, խօսելով հայեցի դաստիարակութեան մասին, շեշտը դրաւ երեք առանցքներու վրայ` ընտանիք, դպրոց, համայնք` յայտնելով, որ դպրոցի ոլորտին մէջ կ՛իյնայ եկեղեցին, որ հայոց պատմութեան մէջ միշտ ալ ունեցած է կրթական հաստատութիւն մը ըլլալու հրամայականը: Վերջապէս, Ճ. Արապաթլեան նշեց, որ Քուէյթի դրութիւնը առիթ կու տայ հայ գաղութին մնալու հայկական շրջանակին մէջ, սակայն հոն ալ գոյութիւն ունին մարտահրաւէրներ, ինչպէս` կրթական մարզի վերանորոգումը, ուսուցիչներու արդար գնահատանքը:

Այս նիստերու աւարտին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը կատարեց իր նշումները, որոնց յաջորդեցին ժողովականներուն քննարկումները: Արամ Ա. կաթողիկոս նշեց, որ Մարդկային իրաւանց հռչակագիրը հիմնուած է քրիստոնէական արժէքներուն վրայ, հետեւաբար անկարելի է անջատել քրիստոնէական դաստիարակութիւնը կրթական ոլորտներէն` աւելցնելով, որ եթէ նախորդ տարիներուն քրիստոնէական դաստիարակութիւնը հիմնուած էր տեղեկութեան փոխանցման վրայ, ներկայիս անիկա հիմնուած է հոգիի կրթութեան վրայ: Վեհափառ հայրապետը ապա բարձր գնահատեց կաթողիկոսարանի թեմերուն տարած աշխատանքը կրթական մարզին մէջ եւ ընդգծեց վարժարաններու կրթական ծրագիրներու վերանորոգման, հայեցի դաստիարակութիւնը գործելադաշտ տանելու եւ համացանցի տարածքին մէջ մնալու եւ գործելու կարեւորութիւնը:

 

Նախորդը

Ապրի՛ Կամաւորը

Յաջորդը

Պաղեստինեան Իշխանութիւնը Կը Մերժէ Ընդունիլ Միացեալ Նահանգներու Փոխնախագահը

RelatedPosts

Արցախի Եւ Հայաստանի Շարք Մը Քաղաքական  Ուժերու Յայտարարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Եռատօնի Վերաիմաստաւորման Համար

Մայիս 9, 2025
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ  Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ

Մայիս 9, 2025
Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան  Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն`  Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ  Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն` Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?