Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտին
Քաջալերելով Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտի աշխատանքները` լիբանանահայ ազգային մը 25.000 ամ. տոլար կը նուիրէ Հայ ուսանողի ֆոնտին:
Քաջալերելով Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտի աշխատանքները` լիբանանահայ ազգային մը 25.000 ամ. տոլար կը նուիրէ Հայ ուսանողի ֆոնտին:
Հրաւէրով լիբանանահայ յարանուանութեանց երեք հոգեւոր պետերուն` Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեանի, արհիապատիւ հայր Գէորգ եպս. Ասատուրեանի եւ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի ու ներկայութեամբ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու կեդրոնական մարմիններու ներկայացուցիչներուն, հինգշաբթի, 21 դեկտեմբերին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը: Ժողովականները քննարկեցին 1918 մայիսի 28-ին հռչակուած անկախութեան համազգային պանծալի իրագործումը համագաղութային տարողութեամբ նշելու օրակարգը: Այս իմաստով անհրաժեշտ նկատուեցաւ Հայաստանի Ա....
19 տարի առաջ հայութիւնը եւ յատկապէս Դաշնակցութիւնը կորսնցուցին հայ իրականութեան մէջ կարեւոր դերակատարութիւն եւ ներդրում ունեցած ղեկավար մը` Հրայր Մարուխեան, որ հայութեան եւ Հայ դատի հաւատարիմ զինուորն էր: Դաշնակցականի իր յանդուգն կամքով ու աներեր հաւատքով ան պայքարի ուղին բացաւ, ամրապնդեց հաւաքական կամքը` ո՛չ միայն Դաշնակցութեան, այլեւ համայն հայութեան շարքերուն մէջ: Աւելի քան 25 տարի վարեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչի բարձրագոյն պատասխանատուութիւնը`...
Քաջալերելով Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտի աշխատանքները` տիար Խաչիկ Յակոբեան 5000 ամ. տոլար կը նուիրէ ֆոնտին: Նոյն քաջալերանքով, ազգային մը 5 միլիոն լ. ո. կը նուիրէ Հայ ուսանողի ֆոնտին:
Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբին, երէկ` հինգշաբթի, 21 դեկտեմբեր 2017-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տարեցներու տարեկան աւանդական Կաղանդի ձեռնարկը` աւելի քան 90 տարեցներու: Օրուան հանդիսավար Սեւան Ադամեան-Կարապետեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն շնորհակալական խօսք ուղղեց «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբի անդամներուն, որոնք միշտ կ՛աշխատին ուրախացնելու համար...
19 դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը վեհարանի դահլիճին մէջ, միաբան հայրերու ու հիւրերու ներկայութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանով պարգեւատրեց Վերոնիք Կարեւորեանը: Նախքան պարգեւատրումը, ֆրանսերէնով կարդացուեցաւ Վերոնիքի ողբացեալ ամուսնոյն` տոքթ. Յարութիւն Կարեւորեանի կենսագրութիւնը եւ յատկապէս իր բերած նպաստը հայ գրականութեան ու մշակոյթին: Ապա, ֆրանսերէնով խօսք առնելով վեհափառ հայրապետը նշեց, թէ հայ մշակոյթը տիրական ներկայութիւն եղած...
Հանդիսապետութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, կիրակի, 17 դեկտեմբեր 2017-ին, յընթացս սուրբ պատարագին, տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի նոր ատեանին սրբանկարներուն օծումը: Նոր ատեանի շինութեան ծրագիրը իրագործուեցաւ բարերարութեամբ Նազարէթ եւ Պետիկ Սապունճեան եղբայրներուն` ի յիշատակ իրենց ծնողքին` Ճորճի եւ Անժել Սապունճեաններուն: Ս. Երրորդութեան, Ս. Պօղոս առաքեալի, Ս. Պետրոս առաքեալի, Ս. Յակոբ Մծբնացիի, Հռիփսիմէ...
Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետի տօնին եւ Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ արտաքուստ բարեզարդման առիթով, անցնող շաբաթավերջին հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Արդարեւ, շաբաթ, 16 դեկտեմբերին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ աղօրհնէք, որուն յաջորդեց ոչխարներու զենում եւ մատաղի պատրաստութիւն, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր: Մատաղի պատրաստութեան զուգահեռ կատարուեցաւ հսկումի արարողութիւն: Կիրակի, 17 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Ժեհթաուի փողոցին վրայ տեղի ունեցաւ...
Հովանաւորութեամբ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանին, կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ եւ նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Սերժ եւ Մարօ Չուխատարեաններուն կիրակի, 17 դեկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան համերգ` կատարողութեամբ Ղազար վրդ. Պետրոսեանի եւ լիբանանահայ թենոր Ճոնի Կէօքճեանի, մասնակցութեամբ «Արծիւեան» եւ «Բլբուլ» երգչախումբերուն, ղեկավարութեամբ մայեսթրօ...
Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ու կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին, ուրբաթ, 15 դեկտեմբեր 2017-ին, Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին նախատօնակէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան տօնախմբութիւն` տօնածառի եւ մսուրի լուսաւորում: Մայրավանքի շրջափակին մէջ կը տիրէր ճոխ մթնոլորտ, որովհետեւ հոն հաւաքուած էին գաղութին մանուկները եւ շրջապատուած էին տօնական զարդարանքներով, նուագներով, երգերով ու պարերով: Տօնախմբութիւնը սկսաւ Հեթում աբղյ....
Լիբանանի հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան եւ «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնին կազմակերպութեամբ, հովանաւորութեամբ Լիւսի Ադամեանին, շաբաթ, 16 դեկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ աւանդական տօնավաճառին: Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը, Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանը, Պերճ վրդ. Սապան եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր...
Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Ընկերային յանձնախումբին, շաբաթ, 16 դեկտեմբեր 2017-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ փոքրիկներու յատուկ Կաղանդի ձեռնարկը, որուն նպատակն էր տօնական օրերու ուրախութեամբ լեցնել ԼՕԽ-ի Կազդուրման կայանին մասնակցած եւ «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարան յաճախող մանուկներուն սրտերը: Խաղերով յագեցած այս օրը սկսաւ առաւօտեան ժամը 10:00-ին` Կազդուրման կայանին մասնակցած մեծաթիւ...
Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէին, շաբաթ, 16 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 7:00-10:30, ակումբի «Սարգիս Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արեան անվճար քննութիւն: «Սեն Մարք» ախտաճանաչման կեդրոն-տարրալուծարանի հիւանդապահները կատարեցին արեան քննութիւնը` վերահսկողութեամբ տոքթոր Կարապետ Չպուքճեանի: Արեան անվճար քննութիւն կատարուեցաւ տարբեր տարիքի 136 անձերու:
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը 14 դեկտեմբերին ընդունեց Կիպրոսի նախագահի մարդասիրական եւ արտերկրի հարցերով յանձնակատար Ֆոթիս Ֆոթիուն եւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Թերենս Նիքոլաոս Քուիքը: Եռակողմանի հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան միացեալ համագործակցութեան շարք մը հարցեր: Նախարար Հրանուշ Յակոբեան ողջունելով հիւրերը նշեց. «Ուրախ եմ, որ եռակողմանի համագործակցութիւնը կը շարունակուի: Կարեւոր է, որ մենք կ՛իրականացնենք այն ծրագիրները, որոնց մասին ձեռք բերուած...
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը իր քառամեայ նստաշրջանի (2015-2019) Գ. լիագումար նիստերը գումարեց 2-էն 4 դեկտեմբեր 2017-ին, Երեւանի մէջ: Լիագումարը կեդրոնացաւ միութեան 100-ամեակի կեդրոնական ձեռնարկներու մանրամասնութիւններուն վրայ: Այդ ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան 19-էն 29 յուլիս 2018-ին, Երեւանի մէջ, Հայաստան: Ուրախութեամբ անդրադարձաւ, որ միութեան 100-ամեակի տօնակատարութեան կեդրոնական ձեռնարկի նախագահութիւնը ստանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ տիար Սերժ Սարգսեան, իսկ հովանաւորութիւնը` ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն...
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, երէկ` ուրբաթ, 15 դեկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ երգիծանկարիչ Տիրան Աճէմեանի ալպոմի շնորհահանդէսը: Ցուցասրահի անձնակազմին անունով խօսք առաւ Սիւզի Տէրտէրեան: Ան նկատել տուաւ, որ յետեղեռնեան շրջանին, երբ հայութիւնը` տարագրուած իր հայրենի օճախէն, հասաւ Սուրիա եւ Լիբանան ու փորձեց վերակերտել իր կեանքը, վստահաբար ոչ ոք կը յուսար, որ ան շուտով ո՛չ միայն պիտի վերագտնէ...
Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետ հայ եկեղեցւոյ ամէնէն սիրելի սուրբերէն մէկն է: Անոր տօնը կը նշուի 12-18 դեկտեմբերին զուգադիպող շաբաթ օրը: Այս տարի Ս. Յակոբ Մծբնացիի տօնը կը զուգադիպի 16 դեկտեմբեր 2017-ին: Այս առիթով, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, ուրբաթ, 15 դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ նախատօնակ: Արարողութեան ընթացքին դուրս բերուեցան կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ ի...
Նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Ազգային ընդհանուր ժողովը 2017 դեկտեմբերին իր յարկին տակ առաւ շուրջ 100 պատգամաւորներ, թեմակալ առաջնորդներ եւ հիւրեր, որոնք չորս օրուան վրայ քննեցին ու քննարկեցին Ազգային ընդհանուր ժողովի Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներուն քառամեայ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ յատուկ զեկուցաբերներու միջոցով ներկայացուցին կաթողիկոսութեան հիմնախնդիրներէն քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեան, երիտասարդութեան, պահանջատիրութեան, եւ սփիւռքի վերակազմակերպումին վերաբերող...
Հաղորդագրութիւն` «Ար.Տի.Սի.Էլ»-ի` Աշխարհի լիբանանցի գործարարներու համախմբումին եւ հայկական առեւտրական եւ տնտեսական պատուիրակութեան հետ փորձառութիւններու փոխանակման եւ ներդրումային աշխուժացման համաձայնագիրի մը ստորագրման շուրջ: «Ար.Տի.Սի.Էլ»-ը` Աշխարհի լիբանանցի գործարարներու համախմբումը Ֆուատ Զմքհլի եւ վարչական անդամներու նախագահութեամբ, հայկական առեւտրական պատուիրակութեան հետ փորձառութիւններու փոխանակման եւ ներդրումային աշխուժացման համաձայնագիր մը ստորագրեց: Այս համաձայնութեան ստորագրումը եւ հաւաքը կազմակերպուած էին Ֆուատ Զմքհլի հրաւէրով` երեքշաբթի, 12 դեկտեմբեր 2017-ին: Լիբանանեան...
Վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ ընդունած է Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը: Վարչապետը նշած է, որ Հայաստանի մէջ միշտ բարձր գնահատած են Հայկազեան համալսարանի դերակատարութիւնը որակեալ համալսարանական կրթութեան ապահովման եւ հայագիտութեան մէջ ծանրակշիռ ներդրումին համար: Ան կարեւոր նկատած է Հայկազեան համալսարանի եւ Հայաստանի կրթական ու գիտական հաստատութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող փոխադարձ գործակցութիւնը, յատկապէս, ուսանողներու եւ դասախօսներու փոխանակման ծրագիրներու...
2011/03/04 – 2014/12/31