Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի 37-րդ Հատորի Շնորհահանդէս` Սփիւռքի Նախարարութեան Կեդրոնին Մէջ

December 14, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին նախաձեռնութեամբ չորեքշաբթի, 13 դեկտեմբերին սփիւռքի նախարարութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի 37-րդ հատորի շնորհահանդէսը:

Ողջունելով ներկաները` Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նշեց, որ Հայկազեան համալսարանը 2 տարի առաջ բոլորեց իր 60-ամեակը, եւ անիկա այդ տարիներուն ընթացքին կրցած է Միջին Արեւելքի մէջ գիտակրթական, դաստիարակչական գործունէութիւն իրականացնել: Նախարարը կարեւոր նկատեց սերտ համագործակցութեան շնորհիւ Հայկազեան համալսարանին մէջ Սփիւռքի հետազօտութիւններու կեդրոնի ստեղծումը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց համալսարանին եւ հայագիտական հանդէսի խմբագրակազմին` անոնց ծաւալած լուրջ գիտական գործունէութեան համար:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ շնորհակալութիւն յայտնած է նախարարին ու նախարարութեան աշխատակազմին ձեռնարկի կազմակերպման համար եւ անդրադարձած արեւելահայերէնով եւ արեւմտահայերէնով հետազօտական, գիտական ուսումնասիրութիւններ պատրաստելու եւ հրատարակելու աշխատանքին կարեւորութեան:

Ելոյթ ունեցան նաեւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու հիմնարկի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեան, Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեան, Հայկազեան համալսարանի «Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու  կեդրոն»-ի տնօրէն, հանդէսի պատասխանատու քարտուղար Անդրանիկ Տաքէսեան, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի տնօրէն Վիքթոր Կատվալեան, Մ. Մաշտոցի անուան մատենադարանի տնօրէնի պաշտօնակատար Վահան Տէր Ղեւոնդեան, Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի վարիչ Էդիկ Մինասեան, Հայաստանի մէջ «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի ներկայացուցիչ Արծուի Բախչինեան, «Վէմ» համահայկական հանդէսի գլխաւոր խմբագիր Գէորգ Խուդինեան եւ «Ձայն Համշէնական» ամսաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սերկէյ Վարդանեան:

Նախորդը

Սփիւռքի Վերակազմակերպման Խնդիրները Արծարծող Յատուկ Նիստ` Ազգային Ընդհանուր Ժողովի Ընթացքին

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութեան Յանձնախումբի Նախագահը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.