Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կարկաչ»-ի Ս. Ծննդեան Խորհուրդը» Օրաթորիայի Անդրանիկ Կատարումը

December 11, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տասներորդ տարին ըլլալով, Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբը իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Պէյրութ Չենթս»-ի Ս. ծննդեան փառատօնին:

«Կարկաչ» պատանեկան երգչախումբի հիասքանչ համերգը տեղի ունեցաւ կիրակի, 10 դեկտեմբեր 2017-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Լիանա Յարութիւնեանի:

Այս ելոյթը իւրայատուկ էր երկու իմաստներով` առաջին, որովհետեւ նուիրուած էր «Պէյրութ Չենթս»-ի փառատօնի 10-ամեակին, իսկ երկրորդ, որովհետեւ խումբը կը ներկայացնէր «Ս. Ծննդեան խորհուրդը» օրաթորիայի անդրանիկ կատարումը, որուն հեղինակն է հայրենի երաժշտահան Արմենուհի Կարապետեան:

Ելոյթին սկիզբը խօսք առաւ «Պէյրութ Չենթս» փառատօնի հիմնադիր Միշլին Ապի Սամրա: Ան ըսաւ, թէ աղմուկէն հեռանալով, այսօր եկած ենք գեղգեղելու փոքրիկ հրեշտակներու հետ: Ան յայտնեց, որ «Կարկաչ»-ը ամէն տարի մեզի կը հրամցնէ հիանալի երեկոյ մը, ուր տաղանդաւոր երեխաներ մեզ կ՛աւետեն խաղաղութիւն եւ ապագայի հանդէպ յոյս: Ան իր խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով մայեսթրօ Զաքար Քէշիշեանին:

Ապա խօսք առաւ խմբավար Զաքար Քէշիշեանը: Ան յայտնեց, որ «Կարկաչ»-ը անցնող մայիսին նշեց իր 20-ամեակը, եւ ներկայիս այս համերգը կը նուիրէ «Պէյրութ Չենթս»-ի ստեղծման 10-ամեակին: Ան աւելցուց, որ «Կարկաչ»-ը իր մասնակցութիւնը բերած է սոյն փառատօնին 10 տարիներ անընդմէջ: Իբրեւ գնահատանք «Պէյրութ Չենթս»-ի մասնագիտական եւ մեծածաւալ աշխատանքին, Զաքար Քէշիշեան յուշանուէր մը յանձնեց փառատօնի հիմնադիր Միշլին Ապի Սամրային:

«Կարկաչ»-ի համերգի առաջին բաժինը բաղկացած էր հետեւեալ երգերէն` «Կարկաչ», «Պէյրութ», «Թալժ, թալժ», «Սանթա Քլոզ իզ քամինկ թու թաուն», «Ուեն տը սէյնթս կօ մարչինկ ին», «Քում պա եա» եւ «Սայլընթ նայթ»: Իսկ երկրորդ բաժինը յատկացուած էր «Ս. Ծննդեան խորհուրդը» օրաթորիային` անդրանիկ կատարումով: Երգահան Արմենուհի Կարապետեանի հեղինակած օրաթորիան բաղկացած էր ութ մասերէ` «Փոքրիկ քաղաք Բեթղեհէմի», «Օրհնեալ է Աստուած», «Փառք Քեզ, օրհնեալ Տէր», «Աւետիսներ», «Այսօր տօնն է Սուրբ Ծննդեան», «Յայտնուեց մեզ Նա», «Ցնծա՛, աշխարհ», «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ»: Մինչ խումբը իր զուլալ ձայնով կը կարկաչէր ու կ՛աւետէր Քրիստոսի ծնունդն ու յայտնութիւնը, Ս. Նշան եկեղեցւոյ զանգերու ղօղանջը միացաւ անոր ցնծութեան:

Համերգի աւարտին արաբերէնով խօսք առաւ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ հովիւ Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեան: Ան ըսաւ, թէ ուր որ գտնուած ենք, խաղաղութիւն սփռած ենք, եւ մեր ձեռքը խաղաղութեան համար երկարած: Ան ողջունեց բոլորը խաղաղութեան քաղաքէն` Պէյրութէն, ապա շարունակեց ըսելով. «Պէյրութը կը տաղերգէ, Դամասկոսը ոտքի կը կանգնի, Երուսաղէմը արիւն եւ արցունք կու լայ: Խաղաղութեան քաղաքը լքուած է, երկինքը փոխան հրեշտակներու փամփուշտ կը տեղայ»: Ան խնդրեց, որ աղօթենք Երուսաղէմի, Բեթղեհէմի եւ Նազարէթի երեխաներուն համար, եւ փառք տանք Աստուծոյ, որ Պէյրութ խաղաղութեան մէջ կ՛ապրի: Ան բոլորը եկեղեցի հրաւիրեց` աւելցնելով, որ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ դռները միշտ բաց են` աղօթելու եւ զԱստուած փառաբանելու:

 

Նախորդը

«Մանկավարժական Մշակման Օր»` Մասնակցութեամբ Ազգային Վարժարաններու Ուսուցիչներուն

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.