Կլոր Սեղանին Մասնակիցները Շեշտեցին Հիւսէյն Պըն Ալիի Մարդկայնական Արժէքները Եւ Քրիստոնեայ-Իսլամ Համակեցութեան Կարեւորութիւնը
Իւրայատուկ կարեւորութիւն ունեցող ձեռնարկ մըն էր ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին կազմակերպած կլոր սեղանը` Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներուն ապաստան տալու գծով Շերիֆ Հիւսէյն Պըն Ալի Հաշեմիի հրապարակած ֆաթուայի 100-ամեակին առիթով: Կլոր սեղանը, որ տեղի ունեցաւ երէկ` երկուշաբթի, 11 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:00-էն սկսեալ, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, հիմնականօրէն շեշտը դրաւ իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան վրայ:
Ներկայ էին Արամ Ա. Վեհափառի ներկայացուցիչները, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահի ներկայացուցիչ վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան, ասորի ուղղափառներու համայնքի Լեռնալիբանանի առաջնորդ Ժորժ Սալիպա եպիսկոպոս, ասորի ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Իքլիմոս Տանիէլ Քուրիէ եպիսկոպոս, յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսի ներկայացուցիչը, մեծ թիւով իսլամ շէյխեր եւ քրիստոնեայ հոգեւորականներ, վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի եւ պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆի ներկայացուցիչ Միշել Տը Շատարեւեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, երեսփոխաններ Սելիմ Քարամ, Ղասսան Մուխայպեր եւ Ահմետ Ֆաթֆաթ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոս Սուլթան Ֆարրաժ Սպէյհի, նախկին նախարար Նիքոլա Սահնաուի, մեծ թիւով քաղաքական գործիչներ, պետական պաշտօնեաներ, ակադեմականներ, լրագրողներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ նիւթով հետաքրքրուողներ:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին անունով բացման խօսքը արտասանեց եւ կլոր սեղանը վարեց Սէրուժ Աբիկեան: Ան` խօսելով Մեքքայի Շերիֆ Հիւսէյն Պըն Ալիի յայտնի Ֆաթուային 100-ամեակին մասին ըսաւ, որ անիկա կը ներկայացնէ մարդկայնականութեան ամէնէն բարձր արժէքները: Շերիֆ Հիւսէյն պըն Ալի եղած է Օսմանեան կայսրութեան դէմ արաբական յեղափոխութեան ջատագովն ու ռահվիրան, ձգտած է արաբական միասնական պետութեան ստեղծման, եւ գլխաւորաբար իր գործունէութեան եւ գաղափարներուն պատճառով Օսմանեան կայսրութիւնը հալածանքի ենթարկած է թրքացման քաղաքականութեան դէմ դնող արաբ ազգայնական եւ ազատական գործիչները: Այս քաղաքականութեան ցայտուն դրսեւորումներէն մէկն էր 6 մայիս 1916-ին Պէյրութի եւ Դամասկոսի մէջ արաբ անկախական գործիչներու կախաղան բարձրացումը: Սէրուժ Աբիկեան առիթը յարմար նկատելով անգամ մը եւս շեշտեց 6 մայիսը իբրեւ Լիբանանի Նահատակաց եւ պաշտօնական արձակուրդի օր վերահաստատելու անհրաժեշտութիւնը: Այնուհետեւ ներկայացուց օրուան զեկուցաբերները` Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի շէյխ դոկտ. Մալեք Շաար եւ Յորդանանի հաշեմական արքունական դիւանի ու յորդանանեան զինեալ ուժերու խորհրդատու, մտաւորական դոկտ. Պաքր Մաժալին:
Առաջին անգամ խօսք առաւ դոկտ. Պաքր Մաժալի, որ նախ շնորհակալութիւն եւ գնահատանք արտայայտեց ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին` Շերիֆ Հիւսէյն Պըն Ալիի Ֆաթուային 100-ամեակին առիթով նման ձեռնարկի կազմակերպման համար: Այնուհետեւ զեկուցաբերը իրեն հետ բերած պատմագիտական աղբիւրներու հիման վրայ ներկայացուց Շերիֆ Հիւսէյն Պըն Ալիի կեանքը եւ հայերուն ներկայութիւնը Յորդանանի մէջ: Ըստ զեկուցաբերին, Հիւսէյն Պըն Ալին միշտ եղած է արաբական ազգային-ազատագրական պայքարի ներկայացուցիչ, սակայն միշտ ալ յուսախաբութիւններու ենթարկուած է արաբական միասնականութեան եւ անկախացման ծրագիրներուն դէմ հիւսուած դաւադրութիւններուն պատճառով: Միջազգային կայսերապաշտութեան կողմէ հիւսուած այդ դաւադրութիւններուն առաջինը «Սայքս-Փիքօ»-ի համաձայնագիրին ստորագրումն էր, որ արաբական աշխարհը բաժան-բաժան ըրաւ, երկրորդը Պալֆուրի խոստումն էր, որով հրեաներուն կը խոստացուէր հայրենիք մը` պատմական Պաղեստինի հողերուն վրայ, իսկ երրորդ դաւադրութիւնը եղաւ, երբ ֆրանսական հոգատարութեան իշխանութիւնները 1921-ին Դամասկոսի մէջ ճզմեցին Արաբական մեծ յեղափոխութիւնը:
Դոկտ. Պաքր Մաժալի իր զեկուցումին մէջ շատ մեծ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրածներուն օգնութեան ձեռք մեկնելու կոչ ուղղող` Շերիֆ Հիւսէյն Պըն Ալիի նշանաւոր ֆաթուային` նշելով միաժամանակ, որ այս ֆաթուան ուղղուած էր Ֆայսալ եւ Ապտել Ազիզ Ժարպա իշխաններուն, որոնք 1917-ին կը գտնուէին այսօրուան հարաւային Իրաքի շրջաններուն մէջ: Այն ժամանակ հայ գաղթականները արդէն սկսած էին հասնիլ այդ շրջանները, եւ ֆաթուան մեծ օգտակարութիւն ունեցաւ հայութեան մնացորդացը փրկելու իմաստով: Հիւսէյն Պըն Ալի նոյնիսկ Կիպրոս աքսորուած շրջանին շարունակեց իր լաւ յարաբերութիւնները հայութեան հետ եւ մնայուն կապի մէջ եղաւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն հետ, ասոր դիմաց` հայերը միշտ ալ երախտապարտ մնացին այս մեծ հայասէր ղեկավարին, եւ նոյնիսկ, ըստ արաբական աղբիւրներուն, ֆրանսական տիրապետութեան դէմ 1921-ի Արաբական մեծ յեղափոխութեան ընթացքին, ՀՅԴ Եգիպտոսի կառոյցի ներկայացուցիչներէն Կարապետ անունով գործիչ մը զինեալ օժանդակութիւն առաջարկած է յեղափոխութեան:
Միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար նախ յատուկ շնորհաւորական խօսք ուղղեց ընդհանրապէս բոլոր լիբանանցիներուն եւ յատկապէս քրիստոնեաներուն` ամանորեան տօներուն առիթով: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին, որ իր հոգատարութեան յանձնած է Թրիփոլիի հայ համայնքը:
Շէյխ Մալեք Շաար ընդգծեց, թէ որպէսզի լաւապէս ըմբռնենք Մեքքայի Շերիֆ Հիւսէյն Պըն Ալիի Ֆաթուային մարդկայնական խորքը, պէտք է թափանցենք Քուրանի ուսմունքներուն եւ Մոհամետ մարգարէի վարքագրութեան խորքը: Քուրանի մէջ մարդը Աստուծոյ մեծագոյն ստեղծագործութիւնն է եւ հիմնական դատը: Անոր համար ղրկուած են մարգարէները եւ միաստուածեան կրօնները: Իսկ մարդը մեծարուած եղած է պարզապէս իր մարդ ըլլալուն համար` անկախ իր կրօնէն, ազգէն եւ տեսակէն: Ըստ իսլամական կրօնին, Աստուծոյ կողմէ մարդ անհատի մեծարման առումով գլխաւոր արժէքը մարդուն ազատութիւնն է, իսկ կրօնի մէջ պարտադրանք չկայ: Աստուած Քուրանին մէջ ըսած է, թէ «Գիրքի հետեւորդները, այսինքն` հրեաները եւ մանաւանդ քրիստոնեաները ամէնէն մօտն են իսլամներուն:
Շարունակելով ներկայացնել կրօնական այն սկզբունքները` որոնցմէ Շերիֆ Հիւսէյնը ազդուած է իր նշանաւոր ֆաթուան ուղղած ժամանակ, շէյխ դոկտ. Մալեք Շաար նշեց, որ կրօնի եւ յարանուանական տարբերութիւնները պէտք չէ ազդեն մարդոց միջեւ սիրալիր յարաբերութիւններուն վրայ: Ասիկա ակնյայտ երեւոյթ եղած է արաբական-իսլամական տիրապետութեան ամբողջ 1400 տարուան ընթացքին, երբ իսլամական խալիֆայութեան մէջ տիրած է այլակրօններու նկատմամբ հանդուրժողականութիւն: Ուրեմն, Մոհամետ մարգարէէն սկսեալ իսլամներուն եւ քրիստոնեաներուն միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորուած են հետեւեալ սկզբունքներուն հիման վրայ. կրօնի եւ դաւանանքի ազատութիւն, կրօնի մէջ պարտադրանք չկայ, արդարութիւն եւ հաւասարութիւն:
Եւ ինչպէս որ Մեքքայի Շերիֆ Հիւսէյն Պըն Ալին հայերու նկատմամբ իր մարդասիրական կեցուածքին հարցով ազդուած էր իսլամական վերոյիշեալ սկզբունքներէն, նոյնպէս ալ, ըստ միւֆթի Շաարին, ազդուած էր նաեւ օսմանցի Սուլթան Սելիմը, որ երբ գրաւեց Միջին Արեւելքի արաբական երկիրները, յատուկ ֆերմանով մը Երուսաղէմի մէջ քրիստոնեաներուն ամէն տեսակի ազատութիւն տուաւ: Ան Երուսաղէմի մէջ բոլոր քրիստոնեաներուն հոգատարութիւնը յանձնեց Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան:
Կլոր սեղանի հիմնական զեկուցումներուն ներկայացումէն ետք առիթ տրուեցաւ ներկաներուն, որ իրենց կարծիքները արտայայտեն նիւթին շուրջ:
Այնուհետեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին յուշանուէրները յանձնեց երկու զեկուցաբերներուն, իսկ դոկտ. Պաքր Մաժալի նոյն առիթով յուշանուէր յանձնեց երեսփոխան Բագրատունիին: