Գաղութային

Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան»-ի Երկրորդականի Աշակերտները Գիւղին Ներկայացուցին «Մեր Տունը» Թատերախաղը

Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան»-ի Երկրորդականի Աշակերտները Գիւղին Ներկայացուցին «Մեր Տունը» Թատերախաղը

5 ապրիլ 2018-ը` իբրեւ իւրայատուկ թուական, իր ուրոյն յիշատակութիւնը արձանագրեց Այնճար հայաւանի պատմութեան մէջ, երբ Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» քոլեճի ԺԱ. դասարանի նախաձեռնութեամբ ու մասնակցութեամբ Ժ. դասարանին, ժողովուրդին ներկայացուեցաւ «Մեր տունը» զաւեշտախառն թատերական ներկայացումը` հեղինակութեամբ ու բեմադրութեամբ վարժարանիս միջնակարգի ու երկրորդականի հայոց լեզուի ու հայ գրականութեան դասատու Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեանի: Շուրջ երեք ամսուան տքնաջան աշխատանքէ ետք կարելի եղաւ իրականացնել բեմական այս նախաձեռնութիւնը,...

ՀՅԴ-ի Թեկնածուներու Ծանօթացման Ժողովրդային Հանդիպում` Ֆանարի Մէջ.  «Լիբանանի Մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Ըրած Է Ամէն Ի՛նչ, Որպէսզի Հայութիւնը Ամուր Մնայ Եւ Հայը Հայ Մնայ»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ-ի Թեկնածուներու Ծանօթացման Ժողովրդային Հանդիպում` Ֆանարի Մէջ. «Լիբանանի Մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Ըրած Է Ամէն Ի՛նչ, Որպէսզի Հայութիւնը Ամուր Մնայ Եւ Հայը Հայ Մնայ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական մարմինին եւ ՀՅԴ «Էտկար Ակնունի» կոմիտէութեան կազմակերպութեամբ շաբաթ, 14 ապրիլ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:20-ին, Ֆանարի ակումբի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիպում` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին առաջադրած չորս թեկնածուներուն հետ: Ներկայ էին ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածուներ` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Յակոբ Թերզեան, Սերժ Չուխատարեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան...

«Պուրճ Համուտ-2018» Փառատօնին Մեծաթիւ Հայեր Ու Օտարներ Համախմբուեցան Լիբանանահայութեան Բաբախուն Սրտին` Պուրճ Համուտի Մէջ

Երէկ` կիրակի, 15 ապրիլին ուրախ եւ աշխուժ մթնոլորտ կը տիրէր Պուրճ Համուտի մէջ, տարբեր շրջաններէ մեծ թիւով հայորդիներ եւ օտարներ կ’երթեւեկէին Պուրճ Համուտի «Աբրահամ Աշճեան» պողոտային վրայ, ուր տեղի ունեցաւ «Պուրճ Համուտի փառատօն-2018»-ը` հովանաւորութեամբ Հայկական երեսփոխանական գրասենեակին, կազմակերպութեամբ  Պուրճ Համուտի բարգաւաճման խորհուրդին եւ մասնակցութեամբ «Սուք Էքըլ»-ին: Կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին հայերէնով Հուրի Փափազեան-Էմմիեան, իսկ արաբերէնով Ցոլեր Թալաթինեան բացուած յայտարարեցին փառատօնը`...

Համազգայինի «Ռաֆֆի Եւ Անելկա Արսլանեան» Մանկամսուրի` Լիբանանահայ  Իրականութեան Մէջ Աննախընթաց Կառոյցի Հանդիսաւոր Բացում

Համազգայինի «Ռաֆֆի Եւ Անելկա Արսլանեան» Մանկամսուրի` Լիբանանահայ Իրականութեան Մէջ Աննախընթաց Կառոյցի Հանդիսաւոր Բացում

Շաբաթ, 14 ապրիլը յատկանշական օր մըն էր համայն լիբանանահայութեան, յատկապէս` Համազգայինի մեծ ընտանիքին համար: Արդարեւ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնն ու Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանը բացումը կատարեցին «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրին, որ իր ընդարձակ տարածքով, մանկամսուրի անհրաժեշտ պայմաններով, մասնագիտացած անձնակազմով աննախընթաց է լիբանանահայ իրականութեան մէջ, եւ որուն առաջին վերամուտը պիտի կատարուի 1 սեպտեմբեր 2018-ին: «Դեռ շատ փոքրիկ ծիլ մըն եմ...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Հզօրանայ Չորս Եպիսկոպոսներու Ձեռնադրութեամբ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Հզօրանայ Չորս Եպիսկոպոսներու Ձեռնադրութեամբ

Շաբաթ, 14 եւ կիրակի, 15 ապրիլ 2018-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան չորս միաբան հայրեր` Մասիս ծ. վրդ. Զօպուեան (առաջնորդ Քուէյթի եւ շրջակայից հայոց թեմին), Սիփան ծ.վրդ. Քէչէճեան (Առաջնորդ Սպահանի հայոց թեմին), Մեսրոպ ծ. վրդ. Սարգիսեան (Կաթողիկոսական փոխանորդ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակայից հայոց թեմին) եւ Թորգոմ ծ. վրդ. Տօնոյեան (Առաջնորդական փոխանորդ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմին), արժանացան եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան...

Երկրորդ Տարին Ըլլալով .  «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի «Փոքրիկ Լրագրողներու Աշխատանոց»-ը Մեծ Խանդավառութիւն Ստեղծեց

Երկրորդ Տարին Ըլլալով . «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի «Փոքրիկ Լրագրողներու Աշխատանոց»-ը Մեծ Խանդավառութիւն Ստեղծեց

15 ապրիլ 2018-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմին կազմակերպած «Փոքրիկ լրագրողներու աշխատանոց»-ը: Երկրորդ տարին է, որ տեղի կ՛ունենար այս աշխատանոցը: 12 հայկական վարժարաններէ` Հայ աւետարանական քոլեճէն, Հայ աւետարանական երկրորդական բարձրագոյն վարժարանէն, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանէն, Հայ աւետարանական Փ. եւ Է. Թորոսեան վարժարանէն, Ազգային Միացեալ վարժարանէն, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանէն, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճէն,...

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (21).  Արտակ Սարգսեան «Ապագայ Լրագրողներ»-ուն Ներկայացուց Հայաստանի Մէջ Գործող Լրատուական Դաշտը

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (21). Արտակ Սարգսեան «Ապագայ Լրագրողներ»-ուն Ներկայացուց Հայաստանի Մէջ Գործող Լրատուական Դաշտը

Ուրբաթ, 13 ապրիլ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, «Ազդակ»-ի կազմակերպած Լրագրութեան վարժողական ծրագիրի շրջագիծին մէջ, խմբագրատուն այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի հանրային կապերու գրասենեակի նախագահ Արտակ Սարգսեան: Ա. Սարգսեան «Ապագայ լրագրողներ»-ուն ներկայացուց Հայաստանի մէջ գործող լրատուական դաշտը` սկսելով պատկերասփիւռի կայաններէն: Ան նշեց, որ պատկերասփիւռի կայանները Հայաստանի լրատուական դաշտին մէջ գերակայ աղբիւր են, որովհետեւ կը ներկայանան իբրեւ ժողովուրդին 70 առ հարիւրէն աւելիին լրատու աղբիւրը:...

ՀՅԴ-ի Թեկնածուներու Ծանօթացման Ժողովրդային Հանդիպում Զալքայի Մէջ

ՀՅԴ-ի Թեկնածուներու Ծանօթացման Ժողովրդային Հանդիպում Զալքայի Մէջ

«Հայ Քաղաքացիները Մեզի Համար Արժէք Են Եւ Ոչ Թէ Պարզապէս Անուն Մականուն, Սըժըլի Թիւ Եւ Քուէատուփ: Այն Օրը, Երբ Մենք Ձեզի Մօտենանք Իբրեւ Քուէատուփին Մէջ Քուէ Նետող Մարդերու` Մեր Երեսին Թքեցէք» Շեշտեց Յ. Բագրատունի ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական մարմինին եւ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան կազմակերպութեամբ երէկ երեկոյեան ժամը 8:25-ին, Զալքայի ակումբի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիպում` ՀՅԴ Կեդրոնական...

«Փոքրիկ Լրագրողներու Աշխատանոց»

15 ապրիլ 2018-ին երկրորդ տարին ըլլալով տեղի պիտի ունենայ «Փոքրիկ լրագրողներու աշխատանոց»-ը, կազմակերպութեամբ «Ազդակ» օրաթերթի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-մզտիկ»-ի խմբագրական կազմի: Այս աշխատանոցին նպատակն է փոքրիկները ծանօթացնել մամուլի աշխատանքին` անոնց վստահելով ամբողջ թերթին պատրաստութիւնը: Այս տարուան մայիսի թիւը, որ լոյս պիտի տեսնէ փոքրիկ լրագրողներուն աշխատանքով, նուիրուած է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին: Աշխատանոցը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 10:00-ին: Հայկական 12 վարժարաններէ ժամանած...

«Ո՞վ Կը Հաւատայ, Որ Մէկ Գիշերուան Մէջ  Մէկը Կրնայ Քսան, Երեսուն Տարուան Կուսակցական  Իր Գաղափարներն Ու Գործունէութիւնը Մոռնալ  Եւ Քաղաքացիական Ընկերութեան Մաս Կազմել»  Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

«Ո՞վ Կը Հաւատայ, Որ Մէկ Գիշերուան Մէջ Մէկը Կրնայ Քսան, Երեսուն Տարուան Կուսակցական Իր Գաղափարներն Ու Գործունէութիւնը Մոռնալ Եւ Քաղաքացիական Ընկերութեան Մաս Կազմել» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ գիշեր դարձաւ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի «Թոք աֆ տը թաուն - Հատիս էլ Պալատ» յայտագիրին հիւրը: Ընկերային բնոյթ ունեցող այս յայտագիրին ընթացքին կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ինք երրորդ անգամն է, որ կը հիւրընկալուի այդ յայտագիրին կողմէ: Ապա հարցումի մը պատասխանելով, Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ 2018-ի երեսփոխանական...

Լիբանանի Հայոց Թեմի  Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի  2018 Տարեշրջանի Բ. Նիստ

Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 2018 Տարեշրջանի Բ. Նիստ

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի երկրորդ նիստը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 10 ապրիլ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ` Շահէ եպս. Փանոսեանի: Առաջնորդ սրբազան հօր աղօթքէն ետք Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան բացուած յայտարարեց ժողովը ու, համաձայն նիստին համար ճշդուած օրակարգին,  առիթ ընծայեց, որ ժողովականներ քննարկեն ու վաւերացնեն նախորդ նիստի...

Ժողովուրդէն` Ժողովուրդին

Իրողութիւն է, որ միութիւններ, կազմակերպութիւններ կը գոյատեւեն շնրոհիւ իրենց նեցուկ կանգնող անհատներու, նուիրատուներու թէ բարերարներու: Լիբանանահայ օգնութեան խաչը վերոյիշեալ իրողութեան փաստացի օրինակն է: «Ժողովուրդէն` ժողովուրդին» նշանաբանով ծնունդ առած ու տարիներ գոյատեւած այս կազմակերպութիւնը միշտ ալ յատուկ հոգածութեան եւ վերաբերումի արժանացած է իր անդամներուն եւ գործունէութեան հաւատացող շրջապատին կողմէ: Հայորդիներ զանազան առիթներով թէ նախաձեռնութիւններու ընթացքին իրենց քսակները լայն բացած են ի...

ՀՅԴ-ի Թեկնածուներու Ծանօթացման  Ժողովրդային Հանդիպում-Լսարան.  «Լիբանանցի Հայ Երեսփոխանը Տարբեր Է  Լիբանանցի Երեսփոխանէն, Որովհետեւ  Ան Կը Հաւատայ, Որ Լիբանանի Հայութեան Քաղաքական  Որոշումը Ինքնուրոյն Պէտք Է Ըլլայ»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ-ի Թեկնածուներու Ծանօթացման Ժողովրդային Հանդիպում-Լսարան. «Լիբանանցի Հայ Երեսփոխանը Տարբեր Է Լիբանանցի Երեսփոխանէն, Որովհետեւ Ան Կը Հաւատայ, Որ Լիբանանի Հայութեան Քաղաքական Որոշումը Ինքնուրոյն Պէտք Է Ըլլայ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն առաջադրուած ՀՅԴ-ի չորս թեկնածուներու ծանօթացման ժողովրդային հանդիպում-լսարանները կը շարունակուին: Այդ ծիրին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Քարոզչական մարմինին եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» եւ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէներուն, երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիպում մը` ներկայութեամբ ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածուներուն` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Յակոբ Թերզեանի, Սերժ Չուխատարեանի եւ Ալեքսանտր Մաթոսեանի, Պուրճ...

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (20).  «Ապագայ Լրագրողներ»-ը Ծանօթացան «Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի Լրագրողներու  Վերապատրաստման Դասընթացքի Ծրագիրին

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (20). «Ապագայ Լրագրողներ»-ը Ծանօթացան «Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի Լրագրողներու Վերապատրաստման Դասընթացքի Ծրագիրին

«Ազդակ»-ի կազմակերպած Լրագրութեան վարժողական ծրագիրի ծիրին մէջ ուրբաթ, 6 ապրիլ 2018-ին, երեկոյեան ժամը շուրջ 5:30-ին, «Ապագայ լրագրողներ»-ը սքայփի ընձեռած ուղղակի հաղորդակցութեան ընդմէջէն առիթը ունեցան ծանօթանալու «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի լրագրողներու վերապատրաստման դասընթացքի ծրագիրին: Երեւանէն ուղղակի կապով «Ապագայ լրագրողներ»-ուն միացաւ Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն Մհեր Յովհաննիսեան: Ան մանրամասնօրէն բացատրեց լրագրողներու վերապատրաստման դասընթացքի ծրագիրն ու նպատակները, ինչպէս նաեւ արձանագրութեան հոլովոյթն...

ՀՅԴ-ի Թեկնածուներու Ծանօթացման Ժողովրդային Հանդիպումները Կը Շարունակուին. «Այսօրուան Ընտրապայքարը Լիբանանահայութեան Հաւաքական Ուժին Դէմ Պայքարն Է» Շեշտեց Երեսփոխան Բագրատունի

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Քարոզչական մարմինին եւ ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» եւ «Ն. Դուման» կոմիտէներուն ուրբաթ, 6 ապրիլ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիպում-լսարան մը` ներկայութեամբ ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածուներուն` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Յակոբ Թերզեանի եւ Սերժ Չուխատարեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի եւ ժողովուրդի հոծ բազմութեան: Լսարանը...

Ռաուտայի Մէջ.   ՀՅԴ-ի Թեկնածուները Կը Հաստատեն Հայուն  Արժանապատուութիւնը Եւ Հպարտութիւնը Պահպանելու  Կարեւորութիւնը` Հաւատալով,  Որ Հայութեան Կամքը Կարելի Չէ Ընկճել

Ռաուտայի Մէջ. ՀՅԴ-ի Թեկնածուները Կը Հաստատեն Հայուն Արժանապատուութիւնը Եւ Հպարտութիւնը Պահպանելու Կարեւորութիւնը` Հաւատալով, Որ Հայութեան Կամքը Կարելի Չէ Ընկճել

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Քարոզչական մարմինին եւ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին, երէկ  երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Էհլանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիպում-լսարան մը` ներկայութեամբ ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածուներուն` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Յակոբ Թերզեանի եւ Սերժ Չուխատարեանի եւ շրջանի բնակչութիւնը ներկայացնող բազմութեան: Լիբանանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Վազգէն Յակոբեան «Շուշի» կոմիտէին անունով ողջունեց ներկաները եւ յաջողութիւն մաղթեց ՀՅԴ-ի...

«Ատոմ Եւ Սելլա Թնճուկեան»  Նոր Մարզադաշտերու Հանդիսաւոր Բացում

«Ատոմ Եւ Սելլա Թնճուկեան» Նոր Մարզադաշտերու Հանդիսաւոր Բացում

Շաբաթ, 7 ապրիլ 2018-ի երեկոյեան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ յատուկ հանդիսութեամբ բացումը կատարուեցաւ «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» նոր մարզադաշտերուն (պասքեթպոլի եւ մինի ֆութպոլի), որոնց վերանորոգումը, անհրաժեշտ տուեալներով օժտելու աշխատանքը, թեթեւ առաստաղով մը փակելն ու զանոնք իբրեւ մարզադաշտ յարդարելը սիրայօժար կերպով ստանձնեցին ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքի անդամներ` Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեանները: Ծրագիրը իրականութիւն դարձաւ ջանքերով եւ հետեւողական աշխատանքով «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի տնօրէն...

Բացում Հայ Դատի Պէյրութի Գրասենեակի

Բացում Հայ Դատի Պէյրութի Գրասենեակի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի որոշումով եւ Լիբանանի Հայ դատի յանձնախումբի տնօրինութեամբ, ուրախութեամբ կը յայտարարենք, որ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ հաստատուեցաւ Հայ դատի Պէյրութի գրասենեակը` նպատակ ունենալով յաւելեալ զարկ տալ Հայ դատի ծանօթացման ու հետապնդման աշխատանքներուն Լիբանանի մէջ: Հայ դատի Պէյրութի գրասենեակը կու գայ աւելնալու Հայ դատի աշխատանքին նուիրուած աշխարհատարած ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակներու շղթային: Գրասենեակի տնօրէնութիւնը ստանձնած է Սօսի Սարգիսեան, DEA...

«Ճանչնանք Մեր Հերոսները» Խորագիրով  Ձեռնարկ. Յարգանք Անձնազոհներուն  Եւ Ուխտի Վերանորոգում

«Ճանչնանք Մեր Հերոսները» Խորագիրով Ձեռնարկ. Յարգանք Անձնազոհներուն Եւ Ուխտի Վերանորոգում

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի «Շահէն Մեղրեան» մասնաճիւղի քարոզչական յանձնախումբին, ուրբաթ, 6 ապրիլ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին,  Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը` «Ճանչնանք մեր հերոսները» խորագիրը կրող: Ձեռնարկը սկիզբ առաւ ցուցադրութեամբ տեսերիզի մը, որ կը կրէր «Ես եմ» խորագիրը, եւ որուն մէջ հնչեցին Շ. Մեղրեանի հերոս ընկերներուն անունները: Բացման խօսքը կատարեց Սանան Խաչերեան, որ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, թէ...

Page 233 of 365 1 … 232 233 234 … 365

Արխիւներ