Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան»-ի Երկրորդականի Աշակերտները Գիւղին Ներկայացուցին «Մեր Տունը» Թատերախաղը

April 17, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

5 ապրիլ 2018-ը` իբրեւ իւրայատուկ թուական, իր ուրոյն յիշատակութիւնը արձանագրեց Այնճար հայաւանի պատմութեան մէջ, երբ Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» քոլեճի ԺԱ. դասարանի նախաձեռնութեամբ ու մասնակցութեամբ Ժ. դասարանին, ժողովուրդին ներկայացուեցաւ «Մեր տունը» զաւեշտախառն թատերական ներկայացումը` հեղինակութեամբ ու բեմադրութեամբ վարժարանիս միջնակարգի ու երկրորդականի հայոց լեզուի ու հայ գրականութեան դասատու Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեանի:

Շուրջ երեք ամսուան տքնաջան աշխատանքէ ետք կարելի եղաւ իրականացնել բեմական այս նախաձեռնութիւնը, որուն գլխաւոր նպատակն էր Այնճարի մէջ վերաշխուժացնել թատերական կեանքը, մանաւանդ` նորահաս սերունդը կառչած պահել հայ մշակոյթին ու հայ արուեստին:

Նիւթը պատմութիւնն է համեստ պայմաններու մէջ ապրող մուսալեռցի ընտանիքի մը, որ եկած ու հաստատուած է Այնճար: Պապուկը, իր զաւակն ու հարսը, թոռնիկները` իւրաքանչիւրը իր նկարագիրով ու խառնուածքով, սրամտութեամբ ու լրջութեամբ կ՛ուրուագծէ կեանքի պատկեր մը:

Ցերեկոյթը` ժամը 5:00-ին (աշակերտական), իսկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին սրահը եռուն էր հանդիսատեսներով, որոնք եկած էին քաջալերելու հայ աշակերտն ու անոր բեմական ձիրքերը:

Բացման խօսքը արտասանեց ԺԱ. դասարանէն Անժելիքա Սքայեանը, որ ողջունեց ներկաները, որոնց շարքին` Վարուժան արք. Հերկելեանը, գիւղի հոգեւոր հովիւը, ազգային երեսփոխանը, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդը, մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչները, վարժարանի տնօրէնն ու խնամակալութիւնը, ծնողները, բարեկամները, աշակերտներն ու հայրենակիցները:

Ա. Սքայեանը զուգահեռ մը գծելով թատրոնի միջազգային տօնին, որ կը զուգադիպէր այդ օրերուն, յայտնեց, որ «Մեր տունը» թատերախաղը կը միտի օղակը հանդիսանալ այդ տօնին: Ապա ան քանի մը կէտերու մէջ խտացուց թատերական ներկայացման գլխաւոր փուլերը եւ աւելցուց. «Ներկայացման մէջ փնտռտուք գոյութիւն ունի, զուգադիպութիւններ իրարու կը բախին, անցեալն ու ներկան կը խառնուին, տարբեր սերունդներ կատակերգական ոճի շեշտադրումներով կը հիւսեն տան մը մթնոլորտը»:

Խօսքի աւարտին Ա. Սքայեանը թատերական ամբողջ կազմին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին` անոնց ներկայութեան ու քաջալերանքին, նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն` այս ծրագիրի յաջողութեան համար իրենց նիւթական ներդրումը կատարած անհատներուն:

Բեմական յարդարանքը, լուսաւորումն ու մերթ ընդ մերթ ընկերացող երաժշտութիւնը, ինչպէս նաեւ տասնեօթը դերասաններու խաղարկութիւնը բեմին վրայ` արժանացան հանդիսատեսի բարձր գնահատանքին ու երկար ծափահարութեան:

Վարձքը կատար բոլորին…

 

Նախորդը

Մեր Գիտակի՛ց Վերածաղկումը

Յաջորդը

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճին Համար Փայլուն Արդիւնքներ` Գիւմրիի Միջազգային Մրցանքին Ընթացքին

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.