Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժողովուրդէն` Ժողովուրդին

Ապրիլ 13, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրողութիւն է, որ միութիւններ, կազմակերպութիւններ կը գոյատեւեն շնրոհիւ իրենց նեցուկ կանգնող անհատներու, նուիրատուներու թէ բարերարներու:

Լիբանանահայ օգնութեան խաչը վերոյիշեալ իրողութեան փաստացի օրինակն է: «Ժողովուրդէն` ժողովուրդին» նշանաբանով ծնունդ առած ու տարիներ գոյատեւած այս կազմակերպութիւնը միշտ ալ յատուկ հոգածութեան եւ վերաբերումի արժանացած է իր անդամներուն եւ գործունէութեան հաւատացող շրջապատին կողմէ:

Հայորդիներ զանազան առիթներով թէ նախաձեռնութիւններու ընթացքին իրենց քսակները լայն բացած են ի նպաստ ԼՕԽ-ի գանձանակին` քաջ գիտնալով, որ այդ գանձանակին մէջ գոյացած լումաները պիտի վերադառնան ժողովուրդին:

Այսօր, անգամ մը եւս, Լիբանանահայ օգնութեան խաչը կը դիմէ իր ժողովուրդին, որպէսզի մասնակցի ԼՕԽ-ի հանգանակութեան:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը 13-էն 20 ապրիլին կը ձեռնարկէ աւանդութիւն դարձած տարեկան հանգանակութեան: Խաչուհիներու կամաւոր բանակը եւ կազմակերպութեանս առաքելութեան հաւատացող բարեկամներն ու հայորդիները, վստահաբար անվարան կերպով պիտի մասնակցին ԼՕԽ-ի հանգանակութեան ի նպաստ աշակերտին, հիւանդին եւ ծերունիին կարիքներուն: Տարուէ տարի ծաւալող տնտեսական տագնապին հետ գիտենք, որ աւելիով կը բազմանան ժողովուրդին կարիքները: Ուստի այդ կարիքներուն հասնիլը բոլորիս պարտականութիւնը նկատելով, կը հաւատանք, որ ձեռք ձեռքի տալով, միասնաբար հանգանակելով պիտի յաջողինք ամոքել աշակերտին, հիւանդին եւ ծերունիին հոգին եւ ժպիտ մը գծագրել անոնց դէմքերուն վրայ:

Ժողովուրդէն հանգանակուած իւրաքանչիւր լումայ,  նոյնինքն ժողովուրդին վերադարձնելու անշեղ սկզբունքով, փորձենք մեր ներդրումը ունենալ ԼՕԽ-ի հանգանակութեան:

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Արցախեան Շարժման 30-ամեակի Առիթով. Հայկական Գորգարուեստը Եւ Շուշիի Գորգերու Թանգարանը

Յաջորդը

Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 2018 Տարեշրջանի Բ. Նիստ

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?