Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պուրճ Համուտ-2018» Փառատօնին Մեծաթիւ Հայեր Ու Օտարներ Համախմբուեցան Լիբանանահայութեան Բաբախուն Սրտին` Պուրճ Համուտի Մէջ

Ապրիլ 16, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` կիրակի, 15 ապրիլին ուրախ եւ աշխուժ մթնոլորտ կը տիրէր Պուրճ Համուտի մէջ, տարբեր շրջաններէ մեծ թիւով հայորդիներ եւ օտարներ կ’երթեւեկէին Պուրճ Համուտի «Աբրահամ Աշճեան» պողոտային վրայ, ուր տեղի ունեցաւ «Պուրճ Համուտի փառատօն-2018»-ը` հովանաւորութեամբ Հայկական երեսփոխանական գրասենեակին, կազմակերպութեամբ  Պուրճ Համուտի բարգաւաճման խորհուրդին եւ մասնակցութեամբ «Սուք Էքըլ»-ին:

Կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին հայերէնով Հուրի Փափազեան-Էմմիեան, իսկ արաբերէնով Ցոլեր Թալաթինեան բացուած յայտարարեցին փառատօնը` անդրադառնալով անոր ընթացքին ու գործադրուելիք յայտագիրին:

Ամբողջ պողոտային երկայնքով զետեղուած էին տաղաւարներ, ուր կը վաճառուէին հայկական եւ այլ ուտելիքներ եւ իրեր: Փառատօնին ընթացքին նկատի առնուած էին բոլոր տարիքի անհատները անխտիր, անոնց տրամադրուած էին տարբեր յայտագիրներ, կար մանուկներու յատուկ խաղավայր, զետեղուած էին աթոռներ ու սեղաններ, որպէսզի հարազատ միջավայրի մէջ ընտանիքները ճաշեն եւ վայելեն գեղարուեստական ճոխ յայտագիրը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Համազգայինի երաժշտական քոլեճի աշակերտներ, եւ ամբողջ փառատօնին ընթացքին կար երաժշտութիւն, կը տիրէր խանդավառ մթնոլորտ, կար զումպա, տարբեր ելոյթներ եւ այլն:

Փառատօնին կը մասնակցէին ՀՄԸՄ-ը, ԼՕԽ-ի տարբեր մասնաճիւղեր, «Արցախ ֆոնտ»-ը, Համազգայինի գրատարածը, «Սուք Էքըլ»-ի տարբեր կրպակներ, Պուրճ Համուտի ճաշարաններն ու անհատներ:

Երեկոյեան ժամը 6:00-ին փառատօնի վայր ժամանեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Պէյրութի հայ կաթողիկէ թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածուներ` Յակոբ Թերզեան, Սերժ Չուխատարեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան:

Հուրի Փափազեան-Էմմիեան բարի գալուստ մաղթեց պաշտօնական անձնաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ մեծաթիւ ներկաներուն` հաստատելով, որ լիբանանահայութեան մասին խօսելով կարելի չէ նախ չանդրադառնալ Պուրճ Համուտին, որ ո՛չ միայն լիբանանահայութեան, այլեւ համայն սփիւռքի բաբախող սիրտն է, ուր կան ժողովուրդին ծառայող եւ սպասարկող միութիւններն ու կազմակերպութիւնները: Անոր համաձայն, Պուրճ Համուտը առեւտրական կեդրոն ըլլալու կողքին մշակոյթ է, հայկական շունչ ու ոգի է: Հուրի Փափազեան-Էմմիեան դիտել տուաւ, որ այս աննախընթաց փառատօնով անգամ մը եւս լուսարձակի տակ կ’առնուի Պուրճ Համուտին կարեւորութիւնը, լիբանանահայութեան համախմբման վայր ըլլալը, անոր հայեցի դիմագիծի պահպանման անհրաժեշտութիւնը:

Ապա արաբերէնով բոլորին բարի ժամանց մաղթեց Ցոլեր Թալաթինեան, որ իր կարգին անդրադարձաւ այս փառատօնին, ուր համախմբուած են հայկականն ու լիբանանեանը` հաստատելով Պուրճ Համուտի կարեւորութիւնը լիբանանահայ իրականութեան մէջ:

Անկէ ետք իր սրտին խօսքը ուղղելու հրաւիրուեցաւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ նախ արաբերէնով ողջունեց Պուրճ Համուտի մէջ եւ անկէ դուրս գտնուողները Պուրճ Համուտէն` զայն նկատելով Մեթնի բաբախուն ու աշխուժ երակը, կեանքով լեցուն վայրը, բոլորը հիւրընկալող եւ բոլորին միջեւ համակեցութեան միջավայր եղող շրջանը: Լիբանանեան տարբեր շերտերու ներկայացուցիչներուն Պուրճ Համուտի մէջ համախմբուած ըլլալուն անդրադառնալով` ան  ըսաւ, որ ասիկա փաստ է Պուրճ Համուտի աշխուժ, եռուն, կենդանի ըլլալուն, հակառակ անոր որ երբեմն փորձ կը կատարուի շրջանը ժխտական պատկերով ներկայացնելու:

Ապա Յ. Բագրատունի խօսքը շարունակեց հայերէնով` ողջունելով Պուրճ Համուտի բնակիչներն ու բոլոր ներկաները եւ դիտել տալով, որ շրջանը կառուցուած է մեր պապերուն քրտինքով եւ ջանքերով, իսկ այսօր Պուրճ Համուտը հայկական սիրտ է, արիւն է, հայութիւնը պաշտպանած է զայն, հոն պահպանուած է ազգային դիմագիծը: Ուստի, ան կոչ ուղղեց բոլորին` մերժելու Պուրճ Համուտէն ու Դաշնակցութենէն հայութիւնը հեռացնելու ամէն փորձ, որովհետեւ Պուրճ Համուտը հայկական եւ դաշնակցական շրջան է, ուր լիբանանահայութեան գոյատեւման պայքար կը մղուի ամէնօրեայ դրութեամբ:  Յ.  Բագրատունի յայտնեց, որ ժողովուրդը լաւապէս գիտէ, թէ զինք ո՛վ կը սիրէ, ո՛վ արիւն ու քրտինք թափած է ու կը թափէ լիբանանահայութեան համար եւ արժանի է 6 մայիսին անոր քուէն ստանալու:

Փառատօնի կազմակերպիչ մարմինին`Պուրճ Համուտի բարգաւաճման խորհուրդին կողմէ խօսք առաւ Մելիք Գարագաւորեան, որ անդրադարձաւ այն կարեւորութեան, զոր շրջանը կը ներկայացնէ հայկական իրականութեան մէջ, ուր ապրած ու գործած են Լիբանան հասած մեր պապերը` աւանդը փոխանցելով մեզի: Ան խօսեցաւ Պուրճ Համուտին դիմագիծը պահպանելու կարեւորութեան մասին եւ հաստատեց, որ անիկա պիտի շարունակէ ըլլալ հայութեան անպաշտօն մայրաքաղաքը, եռուն օղակը:

Անկէ ետք մթնոլորտը առաւել եւս ճոխացուցին Շաքէ Պաղտասարեան, Մհեր Չափարեան, Վիգէն Տիշչեքենեան, Գարմէն Աճէմեան, Հրաչ Կայծակեան, Նժդեհ Պոտրումեան, Մանուկ Մինասեան, Լիզա Սվաճեան, Արարատ Ահարոնեան, Յակոբ Մկրտիչեան եւ Ռայան, որոնց նուագակցեցաւ Սեդօ Պաղտասարեան: Անկէ ետք Սէրուժ Պաղտասարեան եւ Ռոյ Մալաքեան մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը խանդավառեցին մթնոլորտը:

Նախորդը

Համազգայինի «Ռաֆֆի Եւ Անելկա Արսլանեան» Մանկամսուրի` Լիբանանահայ Իրականութեան Մէջ Աննախընթաց Կառոյցի Հանդիսաւոր Բացում

Յաջորդը

ՀՅԴ-ի Թեկնածուներու Ծանօթացման Ժողովրդային Հանդիպում` Ֆանարի Մէջ. «Լիբանանի Մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Ըրած Է Ամէն Ի՛նչ, Որպէսզի Հայութիւնը Ամուր Մնայ Եւ Հայը Հայ Մնայ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 8, 2025
Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական  Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները  Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Մայիս 8, 2025
Բագրատունի. «Ոճիրի Նահատակները  Դարու Վկաներն Են»
Գաղութային

Բագրատունի. «Ոճիրի Նահատակները Դարու Վկաներն Են»

Մայիս 8, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?