Ազգային Լ. Եւ Ս. Յակոբեան Քոլեճի Սրահին Մէջ. ՀՅԴ-ի Չորս Թեկնածուներու Ծանօթացման Ժողովրդային Հանդիպում-Լսարան
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Քարոզչական մարմինին եւ ՀՅԴ «Սարդարապատ» եւ «Ռուբէն» կոմիտէներուն, երէկ` հինգշաբթի, 5 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիպում մը` ներկայութեամբ ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածուներուն` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Յակոբ Թերզեանի, Սերժ Չուխատարեանի եւ Ալեքսան Մաթոսեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի եւ ժողովուրդի հոծ բազմութեան: ՀՅԴ-ի թեկնածուներուն...




















