Կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին. Ապրիլեան Նահատակներուն Նուիրուած Ս. Պատարագ
Երեքշաբթի, 24 ապրիլ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ժեհթաուիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի բակին մէջ, նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին, մասնակցութեամբ հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններուն, միութիւններուն եւ վարժարաններուն, Ս. պատարագ մատուցեց Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան: Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ «Արծիւեան» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի: Ս. պատարագի աւարտին քարոզեց Զմմառու դպրեվանքի տեսուչ...




















