Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ի Թեկնածուներու Ծանօթացման Ժողովրդային Հանդիպումները Կը Շարունակուին. «Այսօրուան Ընտրապայքարը Լիբանանահայութեան Հաւաքական Ուժին Դէմ Պայքարն Է» Շեշտեց Երեսփոխան Բագրատունի

Ապրիլ 10, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
1
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Քարոզչական մարմինին եւ ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» եւ «Ն. Դուման» կոմիտէներուն ուրբաթ, 6 ապրիլ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիպում-լսարան մը` ներկայութեամբ ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածուներուն` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Յակոբ Թերզեանի եւ Սերժ Չուխատարեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի եւ ժողովուրդի հոծ բազմութեան:

Լսարանը սկսաւ Լիբանանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ:

Ապա ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» եւ «Ն. Դուման» կոմիտէներուն անունով խօսք առաւ Մարալ Մխսեան, որ շեշտեց, թէ «Միասնաբար` ամբողջ Լիբանանի համար» կարգախօսը այսօրուան ծնունդը չէ, այլ գոյութիւն ունի այն օրէն, երբ հայը իր ոտքը դրաւ Լիբանանի հողին վրայ:

«Լիբանանի մէջ 1975-ին ծայր առած պատերազմին, որուն ընթացքին ժողովուրդը համախմբուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շուրջ` պաշտպանելու համար հայուն տունը, հաստատութիւնը, պատիւը եւ ի վերջոյ հայահոծ թաղերը: Պուրճ Համուտի, Ամանոսի, Էշրեֆիէի, Զոքաք Պլաթի, Ուաթ Ուաթի, Զարիֆի, Այնճարի եւ շատ մը այլ շրջաններու մէջ Դաշնակցութիւնը ունեցաւ նահատակներ, համակիր թէ կուսակցական` բարձր պահելու համար հայուն պատիւը: Իսկ այսօր եկած է այն պահը, երբ մեր երախտագիտութեան պարտքը պիտի վճարենք այս կուսակցութեան` քուէարկելով  անոր առաջադրած թեկնածուներուն: Պիտի չծախենք մեր թաղերուն մէջ մեր պատիւը եւ ունեցուածքը պաշտպանելու ճամբուն վրայ ինկած նահատակներուն արիւնը քանի մը արծաթի փոխարէն: Մտիկ պիտի չընենք այն լոզունգներուն, որոնք ժամանակաւոր են: Ո՛չ պիտի ըսենք բոլոր անոնց, որոնք միայն իրենց անձնաթուղթերով հայ կը կոչուին: Ո՛չ պիտի ըսենք բոլոր անոնց, որոնք չեն անցած մեր թաղերէն եւ չեն բաժնած մեր ցաւերը եւ ուրախութիւնները», ըսաւ Մխսեան:

Ան իր խօսքը աւարտեց նշելով, որ ՀՅԴ-ն կը հասնի իր ժողովուրդին եւ լռելեայն կը գործէ, առանց գոռոզութեան` կոչ ուղղելով բոլորին քուէարկելու ՀՅԴ-ի թեկնածուներուն:

ՀՅԴ-ի թեկնածուներուն աւելի մօտէն ծանօթանալու նպատակով կազմակերպուած ժողովրդային հանդիպում-լսարանին ընթացքին ցուցադրուեցան ՀՅԴ Քարոզչական մարմինին պատրաստած վիտէոները, որոնք ընդգրկեցին ընտրութիւններուն ընթացքին գործադրուելիք քուէարկութեան հոլովոյթի բացատրութիւնը, ՀՅԴ չորս թեկնածուներուն կենսագրականները, ինչպէս նաեւ զոյգ կոմիտէներու շրջաններուն մէջ բնակող քաղաքացիներուն վկայութիւնները, որոնք դրսեւորեցին այդ շրջաններուն մէջ ի նպաստ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան տիրող մթնոլորտը` ընդգծելով, որ իրենց քուէն պիտի յատկացնեն ՀՅԴ-ի թեկնածուներուն: «Դաշնակցութիւնը միշտ ալ փրկարարը եղած է ժողովուրդին եւ հասած անոր կարիքներուն: Մենք ՀՅԴ-ի ոգիով կ՛ապրինք ու կը շնչենք եւ պէտք է վերականգնենք Հայկական երեսփոխանական պլոքը, որպէսզի Լիբանանի մէջ հայութեան ձայնը աւելի լսելի դառնայ», շեշտեցին անոնք:

Վիտէոյի ցուցադրութենէն ետք խօսք առաւ Յակոբ Թերզեան, որ յայտնեց, թէ ինք կը խոնարհի այս ժողովուրդին եւ ՀՅԴ-ի դիմաց` նշելով, որ ինք մեծ պատիւ կը զգայ Դաշնակցութեան թեկնածուն ըլլալու հանգամանքով:

Յ. Թերզեան ըսաւ, որ իրեն համար ամէնէն կարեւորը այն է, որ հաւաքաբար աշխատինք` յանուն ժողովուրդին եւ ոչ թէ անհատական շահերու ապահովումին:

«Հայ ըլլալը միայն անունով չէ, այլեւ` իր պայքարով եւ իր ազգին ծառայութեամբ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ժողովուրդին զօրակցութեամբ անպայման պիտի յաջողին` առանց զիջելու հայութեան իրաւունքներէն:

Իր կարգին, Սերժ Չուխատարեան յայտնեց, որ այսօրուան ներկայութիւնը կը փաստէ, թէ հաւատարիմ էինք, ենք ու պիտի մնանք Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, որ միշտ ծառայած է եւ պիտի շարունակէ ծառայել լիբանանահայութեան ու հայ ժողովուրդին:

«Մենք ալ մեր կարգին խորհրդարան պիտի հասնինք ծառայելու հայ ժողովուրդին եւ պաշտպանելու հայութեան իրաւունքները, եւ անոր դիրքը բարձր պահելու», ըսաւ ան:

Ս. Չուխատարեան ընդգծեց, որ ինք իբրեւ իրաւաբան մշակած է կարգ մը օրինագիծեր, որոնք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հովանաւորութեամբ պիտի հասցնէ խորհրդարան` երեսփոխան ընտրուելէ ետք: «Այդ օրինագիծերը կը վերաբերին տարեցներուն ապահովագրութիւնը երաշխաւորելու, երիտասարդներուն բնակարանային վարկեր ապահովելու, որպէսզի իրենց ընտանիքը կարենան կազմել եւ Լիբանանէն չարտագաղթեն, երկրին տնտեսութիւնը բարգաւաճեցնելու եւ զարգացնելու, որպէսզի երիտասարդները աշխատանքի լայն առիթներ ունենան», ըսաւ ան:

Ապա խօսք առաւ երեսփոխան Բագրատունի, որ ըսաւ. «30 օր ետք աւելի ընդարձակ հրապարակի մը վրայ պիտի տօնակատարենք ձեր յաղթանակը, սիրելի՛ ժողովուրդ: Եթէ մենք ամբողջ 18 տարի երկու երեսփոխանով կրցանք լիբանանահայութեան շահերը պաշտպանել եւ յաջողեցանք մեր ժողովուրդին կարիքներուն մէկ կարեւոր մասը հոգալ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ամէնէն տագնապալի օրերուն` սպանութեան, կռիւի եւ պայթումի դէպքերէն հեռու պահել հայկական թաղամասերը եւ զանոնք զերծ պահեցինք որեւէ տեսակի վտանգէ, ապա վստահ եղէք, որ շնորհիւ ձեզի` 7 մայիսի առաւօտուն երեսփոխաններու յաւելեալ թիւով մեր իրագործածին կրկնապատիկը պիտի կատարենք»:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ճիշդ է, որ յառաջիկայ օրերը պիտի ըլլան յոգնեցուցիչ, «սակայն անոնք պիտի ըլլան աշխատանքային կարեւոր օրեր, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ապահովել հայութեան շահերը, որոնք անցեալին մեր նախնիներուն ուսերուն զետեղուած էին, մենք ժառանգած ենք իրենցմէ եւ պիտի փոխանցենք գալիք սերունդներուն` մեր սիրելի երիտասարդներուն», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի անդրադարձաւ հայ ընտանիքներու բնակարաններուն մէջ հինէն եկած արժէքաւոր ծաղկամանի մը, որ մոռացութեան ենթարկուած է` աւելցնելով, որ թէեւ այդ ծաղկամանին գոյութիւնը ապահովութիւն կու տայ ձեզի, սակայն անոր իսկական արժէքը կը զգաք այն ժամանակ միայն, երբ ան կոտրուի:

«Դաշնակցութիւնը 1890-էն ի վեր, եւ Լիբանանի մէջ 1902-էն ի վեր այդ հսկայ ծաղկամանն է, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրին տան մէջ եւ սրտերուն մէջ կը գտնուի: Անիկա կտրուելու վտանգին մէջ չէ երբեք, սակայն անոր մէջ աւելի մեծ թիւով ծաղիկներ լեցնելու առիթն է, որ այսօր տրուած է մեզի», յայտնեց Յ. Բագրատունի:

Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ այսօրուան ընտրապայքարը տարբեր է: «Նախ եւ առաջ մեզի համար ո՛չ այսօր, ո՛չ 2009-ին, ո՛չ 2005-ին, ո՛չ 2000-ին, ո՛չ 1954-ին, ո՛չ 1942-ին, ո՛չ 1937-ին եւ ո՛չ ալ 1927-ին երեսփոխանական աթոռին հասնիլը անձնական շահու աղբիւրի հասնիլ չէ եղած: Այն երեսփոխանները, որոնք անձնական շահերու համար երեսփոխան եղած են, այսօր բացայայտ կ՛երեւին եւ մէկդի նետուած են իրենց տէրերուն կողմէ, եւ կամ իրենք յանկարծ լքեցին իրենց տէրերը` դուրս շպրտուելու արարքը կանխելու համար: Մենք Լիբանանի մէջ եւ տակաւին Լիբանանի անկախութենէն առաջ, երբ տակաւին այսօրուան կուսակցութիւններուն հիմնադիրներն ու անոնց հայրերը չէին ծնած, գոյութիւն ունէինք եւ կը գործէինք մեր ժողովուրդին հետ, մեր ժողովուրդին համար, իրենց ծառայելու համար», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի ըսաւ, թէ ընտրական նոր օրէնքը յաւելեալ կարելիութիւններ կ՛ընձեռէ մեզի, եւ յառաջիկային կրնանք մեր աշխատանքը բազմապատկել:

«Լիբանանի մէջ մենք միակ համայնքն ենք, որ մեր ժողովուրդին համար բնակարաններ կառուցեցինք, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը միակ քաղաքապետարանն է, որ տարի մը ետք շուրջ 190 բնակարան պիտի յանձնէ ժողովուրդին: Միակ համայնքն ենք, որուն  զօրավիգ կանգնելով, կուսակցութիւնը իր ժողովուրդին համար դպրոց կը կառուցէ: Մինչ ուրիշ դպրոցներ այսօր կը փակուին, որովհետեւ այդ դպրոցներուն տնօրէնութիւնները չեն ուզեր իրենց ուսուցիչներուն ամսական վճարել եւ կը պարտադրեն իրենց ծնողներուն յաւելեալ կրթաթոշակ վճարել: Միակ համայնքն ենք, որուն կողքին ամենայն համեստութեամբ մենք կը կանգնինք եւ կը փորձենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն արդար ու արժանավայել դպրոց տրամադրել: Միակ համայնքն ենք, որ ի տարբերութիւն նախանձելի այլ համայնքներէ, այս կուսակցութեան զօրակցութեամբ մեր ժողովուրդին առօրեայ դեղորայքին եւ բժշկութեան համար դարմանատուներ հաստատած ենք` Օգնութեան խաչ, «Ճինիշեան» հիմնարկ, «Գարակէօզեան» հիմնարկ, «Զուարթնոց» հիմնարկ հաստատած ենք: Միակ համայնքն ենք, որ մեր եկեղեցիներուն եւ մեր դպրոցներուն  կողքին ենք, եւ երբ ըսեն հայութիւն եւ Դաշնակցութիւն, ամէն մարդու մտքին մէջ կը գծուի բռունցքի պատկերը` մէկ բռունցք: Այսօր կան մարդիկ, որոնք կը փորձեն այդ բռունցքը բաժնել, որովհետեւ մարդոց հաճելի չի թուիր մեր այն կեցուածքը, թէ հայկական կուսակցութիւնները պէտք է նշանակեն իրենց թեկնածուները, նոյնիսկ եթէ անոնք գաղափարական առումով մեզի ընդդիմադիր կուսակցութիւններ են: Նուազագոյնը այդ թեկնածուները հայ հասարակական կեանքին մէջ եղած են: Երբ եկեղեցի մտնեն, գիտեն հայերէնով աղօթել: Գիտեն, թէ տարին մէկ օր չէ Ապրիլ 24-ը, 6 յունուարին հաղորդութիւն առնելով չէ, որ մէկը հայ կ՛ըլլայ եւ ո՛չ ալ օր մը հեռատեսիլէն` Հայոց ցեղասպանութեան մասին երկու խօսք ըսելով է, որ հայ կ՛ըլլան եւ կը կարծեն, որ ժողովուրդը իրենց պիտի ծափահարէ ու քուէարկէ: Անոնք կրնան թեկնածու ըլլալ, բայց մեր ժողովուրդը չեն կրնար ներկայացնել: Անոնք կը մոռնան, որ այս ժողովուրդը ապրած է իր նահատակներով, որ Պուրճ Համուտը, Անթիլիասը, Այնճարը, Զահլէն, Թրիփոլին, Արեւմտեան Պէյրութը, Էշրեֆիէն, Հայաշէնը եւ այլ շրջաններ պաշտպանուած են մեր տղոց քրտինքով եւ արիւնով», շեշտեց ան:

Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ եթէ Լիբանանի մէջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը եւ լիբանանահայութիւնը չեն սիրուած, որովհետեւ ուզած են հայ մնալ, ուզած են հայերէն խօսիլ: «Եթէ չենք սիրուած, որովհետեւ հայկական դպրոցներէ շրջանաւարտները լաւագոյն համալսարանները կ՛երթան: Չենք սիրուած, որովհետեւ Լիբանանի մէջ ոչ մէկ կուսակցութիւն կայ, որ ֆոնտ հաստատած է եկեղեցւոյ պսակի ծախսերը վճարելու, երբ հայ զոյգ մը կը պսակուի, զաւակ կ՛ունենայ` մկրտութեան ծախսերը կը վճարուի, երրորդ զաւկի մը եւ աւելիին պարագային` յաւելեալ յատկացում կը կատարուի: Ոչ մէկ կուսակցութիւն եւ համայնք կայ Լիբանանի մէջ, որ ֆոնտ հաստատած է իր դպրոցներէն աւարտած աշակերտներուն համալսարանական ծախսերը հոգալու: Այս բոլորը իրագործուած են տարիներու ընթացքին եւ ոչ թէ երեսփոխանական ընտրութիւններու համար», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ այսօրուան ընտրապայքարը լիբանանահայութեան հաւաքական ուժին դէմ պայքարն է: «Այսօրուան պայքարը Լիբանանի հայութեան ինքնուրոյն դիմագիծին դէմ պայքարն է: Այսօրուան պայքարը պայքարն է այն հայութեան դէմ, որ մերժեց հայկական միջավայրին մէջ բաժանում յառաջացնել: Պայքարն է այն հաւաքականութեան եւ կուսակցութեան դէմ, որ երբ մարդիկ իրեն կը ներկայանան օժանդակութեան համար, այդ կուսակցութեան ներկայացուցիչները հարց չեն տար, թէ ի՞նչ կուսակցութեան հետեւորդ է կամ ի՞նչ յարանուանութենէ, եւ ո՛չ ալ անոր անձնաթուղթը կը գրաւեն` աւելի ուշ պարտադրաբար ի նպաստ իրեն քուէարկելու նպատակով, ինչպէս կը կատարեն ուրիշներ: Այսօրուան պայքարը այն կամքին դէմ է, որ միշտ եղած է կամուրջ` Լիբանանը քանդող քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ, նաւահանգիստը գողցող ուժերուն միջեւ եւ դէմ եղած է երկրին հարստութիւնները իրարու միջեւ բաժնող քաղաքական ուժերուն», հաստատեց ան:

Յ. Բագրատունի ըսաւ, թէ ՀՅԴ-ն փտածութեան մէջ բաժին չէ ունեցած, «մենք մեր միսէն, ոսկորէն, ճակտի քրտինքէն ու արիւնէն տուած ենք Լիբանանին: Ձեզմէ առած ենք եւ աւելիով ձեզի վերադարձուցած: Մենք լիբանանեան պետութենէն դրամ չենք առած, ո՛չ ալ օտար երկիրներու դեսպանատուներէն մեզի պայուսակներով դրամ տրամադրուած է` քուէ գնելու, եւ ո՛չ ալ երէկ քաղաքական ուժի մը հետ էինք, այսօր ուրիշի մը հետ ենք` նախկինին հաշուոյն մեր հարստութիւնները դիզելէ ետք: Մենք պարզ այն հայերն ենք, որոնք մարդավայել, արժանավայել կեանք ապրած են` իրենց ժողովուրդին հետ եւ իրենց ժողովուրդին նման», հաստատեց ան:

«Մեր եկեղեցիները, ակումբները, դպրոցները եւ դարմանատուները մեր մայրերուն եւ հայրերուն ձեռքերով շինուած են, մեր ժողովուրդին դրամով շինուած են: Այս իրականութեան դէմ է այսօրուան պայքարը: Մեր ժողովուրդը մուրացկանի վերածելու, քանդելու եւ անոր հպարտութիւնը ոտնակոխ ընելու պայքար է այսօրուան ընտրապայքարը: Այսօր գաղտնիք մը բացայայտած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, որ երեսփոխանի մը ամսական աշխատավարձը 7.300 տոլար է, եւ բնականաբար ժողովուրդին իրաւունքն է հարց տալ, թէ միլիոնաւոր տոլար ծախսող թեկնածուները ինչպէ՞ս եւ ուրկէ՞ այդքան գումարներ ունին ծախսելու, պալատներու մէջ ապրելու, իրենց զաւակներուն պսակը եւրոպական մայրաքաղաքներու մէջ կազմակերպելու, անձնական օդանաւերով ճամբորդելու եւ այլն: Պատասխանը յստակ է սիրելիներ. որովհետեւ փտած է, գողցած է, ապականած է. անիկա ժողովուրդին հաշուոյն կը կատարուի: Մենք մերժած ենք, որ մարդիկ քաղաքական մեր կեցուածքները դրամով գնեն: Հաւատացէ՛ք սիրելիներ, յանցաւորը գնողը չէ՛, այլ` ծախողը, որ իր խիղճն ու հոգին կը ծախէ: Հետեւաբար այսօրուան պայքարը նաեւ խիղճ ու հոգի գնելու պայքար է: Մեզի ծունկի բերելու պայքար է», ընդգծեց ան:

Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, թէ կրնայ պատահած ըլլալ, որ ոմանք Հայկական երեսփոխանական գրասենեակ դիմած են, սակայն գրասենեակը չէ կրցած օգտակար ըլլալ անոնց, եւ փութացած են այլ տեղեր, ուր օժանդակութիւն գտած են: Սակայն հայ ըլլալը օգտակարութի՞ւն է արդեօք: Հայ ըլլալը հպարտութիւն է եւ պարտականութիւն, եւ ոչ թէ օգտակարութիւն: «Օրին թուրքերը մեզի օգտակար դառնալ փորձեցին եւ առաջարկեցին իսլամանալ ու հանգիստ ապրիլ: Ինչո՞ւ իսլամ չդարձանք: Մեր հարստութեան կէսէն կրնայինք հրաժարիլ, հոգին ու խիղճը կը ծախէինք, մեր կիները, մեր աղջիկները կը վաճառէինք` եւ հանգիստ կ՛ապրէինք: Ինչո՞ւ ջարդուեցանք, ինչո՞ւ բռնագաղթի ենթարկուեցանք, որովհետեւ հայ ենք, եւ հայ ըլլալը պատիւ է, հայ ըլլալը հպարտութիւն է: Լիբանանի մէջ լիբանանցի հայ ըլլալը հպարտ հայ ըլլալ կը նշանակէ: Ո՛չ ոք մեզի դաս թող տայ քաղաքացիութեան մասին, մենք Լիբանանի ամէնէն հաւատարիմ քաղաքացիներն ենք, Լիբանանը կառուցող քաղաքացիներն ենք, լիբանանցի իր եղբայրը խնայող քաղաքացիներն ենք: Ցոյց տուէք լիբանանցի իրական հաւատաւոր հայ, որ ընդունեց լիբանանցի իր եղբայրը սպաննել, կամ նաւահանգիստը գողնալ, կամ մարդ առեւանգել, կամ արձակազէն դարձաւ ու մարդ սպաննեց: Կան հայեր, որ նման արարքներ գործեցին, սակայն անոնք մեր մօտ չեն», շեշտեց ան:

Յ. Բագրատունի իր խօսքը փակեց ըսելով, թէ իրենք կը խոնարհին ժողովուրդին առջեւ, որովհետեւ իրենց տէրը ժողովուրդն է: «Թող ոչ ոք կարծէ, որ մենք քանի մը սնտուկ ոսպով մեր խիղճը կը ծախենք: Ո՛չ ծախած ենք, ո՛չ ալ կը ծախենք, իսկ ով որ ասկէ առաջ ծախած է, ատոր գինը հազարով վճարած է: Պատի՛ւ ձեզի, սիրելիներ», եզրափակեց ան:

Ժողովրդային լսարանի աւարտին երեսփոխան Բագրատունի լուսաբանական պատասխաններ տուաւ Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրի ծրագիրին, Պուրճ Համուտի հայեցի դիմագիծի պահպանումին եւ հայ համայնքի բարգաւաճման վերաբերող ապագայ ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ հայ համալսարանական ուսանողներուն թիւն ու համեմատութիւնը բարձրացնելու ծրագիրներուն, քաջալերանքին եւ կրթանպաստներու մասին ուղղուած հարցումներուն:

Արձանագրուեցան նաեւ Զահլէի ընտրաշրջանին մէջ ՀՅԴ-ի թեկնածու չառաջադրելու եւ Պէյրութի աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչին մասին հարցումներ, որոնց տրուեցան համապատասխան լուսաբանութիւններ:

Ժողովրդային հանդիպում-լսարանը աւարտեցաւ ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» եւ «Ն. Դուման» կոմիտէներուն կողմէ պատրաստուած հիւրասիրութեամբ:

 

 

Նախորդը

Ընտրական Քրոնիկ. «Խոստում» Ծախողը, Կաշառքը, Ընկերութեան Կարիքներն Ու Պահակները Եւ Դիպուկ Առածը

Յաջորդը

Հայաստան Ամբողջութեամբ Անցաւ Խորհրդարանական Համակարգին. Հայաստանի Հանրապետութեան 4-րդ Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ստանձնեց Իր Լիազօրութիւնները

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի  Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ»  Կ՛ըսէ Փութին
Գլխաւոր լուրեր

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ» Կ՛ըսէ Փութին

Մայիս 10, 2025

Comments 1

  1. Armen says:
    7 years ago

    «Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, թէ կրնայ պատահած ըլլալ, որ ոմանք Հայկական երեսփոխանական գրասենեակ դիմած են, սակայն գրասենեակը չէ կրցած օգտակար ըլլալ անոնց, եւ փութացած են այլ տեղեր, ուր օժանդակութիւն գտած են»: 
    Իսկ ինչո՞ւ Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը չէ կրցած օգտակար ըլլալ անոնց:

    Reply

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?