Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ճանչնանք Մեր Հերոսները» Խորագիրով Ձեռնարկ. Յարգանք Անձնազոհներուն Եւ Ուխտի Վերանորոգում

Ապրիլ 10, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի «Շահէն Մեղրեան» մասնաճիւղի քարոզչական յանձնախումբին, ուրբաթ, 6 ապրիլ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին,  Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը` «Ճանչնանք մեր հերոսները» խորագիրը կրող:

Ձեռնարկը սկիզբ առաւ ցուցադրութեամբ տեսերիզի մը, որ կը կրէր «Ես եմ» խորագիրը, եւ որուն մէջ հնչեցին Շ. Մեղրեանի հերոս ընկերներուն անունները:

Բացման խօսքը կատարեց Սանան Խաչերեան, որ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, թէ 18-րդ դարէն սկսեալ Արցախը ծնունդ տուած է հայ ազատագրական շարժման ռահվիրաներու, որոնց ուղին շարունակելու կու գան 20-րդ դարու աւարտին Արցախի ազատագրութեան համար մարտնչող հերոսները, որոնք վերստին կը թարմացնեն յաղթանակի էջերը: Ըստ անոր, այս նուաճումներով կը դաստիարակուին սերունդներ, որոնց մտքին մէջ յատկապէս թարմ կը մնայ արցախեան քառօրեայ պատերազմը: Ս. Խաչերեան դիտել տուաւ, որ արցախեան ազատագրական երթին մասնակից հերոսներուն մէկ մասին անունները կը յիշուին յաճախ, սակայն կան բազմաթիւ ուրիշներ, զորս չեն յիշեր, եւ որոնց համար Արցախի ազատութիւնը աւելի վեհ էր ու վսեմ, քան մարդկային կեանքի ամէն տեսակի երեւոյթ: «ԼԵՄ-ը` իբրեւ Դաշնակցութեան երիտասարդական միաւոր, կը հանդիսանայ իր կուսակցութեան ու ազգին ապագայի պայքարող միտքն ու ուժը: Այսօր մենք կը խոնարհինք մեր բոլոր հերոսներուն վեհ երթին առջեւ եւ կը գիտակցինք, թէ անոնց յիշատակը վառ պահելու համար մենք եւս մեր օրինակով ու ընթացքով պիտի դառնանք ազգային դաստիարակութեան եւ գիտակցութեան յաւերժացած աղբիւր` շարունակելու համար մեր նախնիներուն պայքարը եւ իրականացնելու ամբողջական Արցախի ազատագրութեան մշտաբորբոք երազը»:

Ապա Ֆուրման Շահումեանցիի կեանքն ու պայքարը ներկայացուց Քրիստ Բրուտեան. անկէ ետք Նարեկ Գազանճեան կարդաց անոր խօսքերէն մէկը: Ռուզաննա Եսայեանի պատմութիւնը մարմնաւորեցին Նարօտ Սէրուժեան, Լոռի Գորեսեան, Նարօտ Քէչէպաշեան, Կարէն Պոյաճեան եւ Մանօ Շերպեթճեան` կարճ թատրոն-ներկայացումով:

Ապա Ռազմիկ Տէրունեան ասմունքեց Աշոտ Յակոբեանի անմահ յիշատակին, որմէ ետք Նարօտ Սէրուժեան մենակատարութեամբ ներկայացուց կին հերոս Մարգարիտին հզօր մասնակցութիւնը արցախեան հերոսամարտին: Անկէ ետք Քրիստ Բրուտեան եւ Կարէն Պոյաճեան ներկայացուցին Սօս Յովսէփեանի կեանքն ու հերոսական պատմութիւնը, Հայկ Աւետիս ասմունքեց Դաւիթ Միքայէլեանի «Ռեքվիեմ»-ը` նուիրուած Սամուէլ Զաքարեանի յիշատակին:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Մելիք Գարագաւորեան, որ դիտել տուաւ, թէ մեր հերոսները եւ նահատակները ճանչնալ կը նշանակէ ճանչնալ հայոց պատմութիւնը եւ հայ ժողովուրդի էութիւնը, վերադարձ կատարել մեր 5 հազարամեայ հարազատ արմատներուն, մեր ազգային ակունքներուն, կառչիլ մեր սրբազան հայրենիքի իւրաքանչիւր թիզ հողին եւ իրաւունքներուն, որդեգրել մեր անզուգական տղոց հերոսական ուղին, չտկարանալ եւ չտարուիլ միջազգային մութ ուժերու` պահանջատէր ժողովուրդներուն պարտադրած լռութեամբ կամ արգելափակումներով, լիցքաւորուիլ հայկականութեամբ ու տրուած աշխատանքը կատարել ամենայն պատասխանատուութեամբ, չտարուիլ ներկայ ժամանակներու վտանգներով, որոնք ի զուր կը փորձեն ջլատել, պառակտել, ապազգայնացնել եւ ապաքաղաքականացնել ազգային գաղափարախօսութեամբ տոգորուած ժողովուրդները: «Վերջապէս, ճանչնալ մեր հերոսները եւ նահատակները կը նշանակէ ապրիլ արժանապատիւ, ինքնուրոյն, ազատ ու անկաշկանդ: Կը նշանակէ ամէն ինչ զոհել յօգուտ մեր ազգին եւ զոյգ հայրենիքներուն` Արցախին եւ Հայաստանին, թէ՛ անվտանգութեան բոլոր երաշխիքները ապահովելու, թէ՛ ալ անոնց տնտեսական զարգացման խաղաղ գոյատեւման եւ շարունակականութեան անհրաժեշտ նախադրեալները ապահովելու», շեշտեց բանախօսը:

Մ. Գարագաւորեան լուսարձակի տակ առաւ այն մեծ ու նուիրական արժէքը, զոր կը մարմնաւորեն մեր հերոս նահատակները, որոնք իրենց անձնականը զոհեցին համազգային շահերու եւ նպատակներու ի խնդիր, հաւատարիմ մնացին հայոց պատմութենէն ժառանգուած կտակին, անոնք անպայման հերոս չծնան, այլ դարձան այդպիսին միջավայրի, ժողովուրդի մը տուժած կորուստներով, անարդարութեանց, ընկերային, քաղաքական, ազգային, իրաւական, հողային իրաւունքներու ոտնահարման բերումով` միշտ ըլլալով ազնիւ, յանդուգն, արդար, քաջ, առաքինի, համեստ անձնաւորութիւններ, որոնց լաւագոյն օրինակները կը հանդիսանան Լիզպոնի հինգը, արցախեան պատերազմի ընթացքին զոհուած Պետոները, Մհերները, Վիգէնները, Տուշմանները, Շահէնները, քառօրեայ պատերազմի բոլոր նահատակ հերոսները եւ շատ ուրիշներ:

Ան շեշտեց, որ Դաշնակցութեան մարտունակ երիտասարդութիւնը պատրաստ է գերագոյն զոհաբերութեան այս ճամբուն, մինչեւ որ մեր եռագոյնը ծածանի ամբողջական Հայաստանի տարածքին վրայ` աւելցնելով, որ կազմակերպուած այդ ձեռնարկը պարզապէս մեր լաւագոյն տղոց, մեր նահատակներուն յիշատակը վառ պահելու, անոնց յարգանքի տուրք մատուցելու չի ծառայեր, այլ` բարձրաձայն վերանորոգելու մեր յանձնառութեան ուխտը, դաշնակցական մարդու ուխտը:

Խօսելով այս տարուան ընթացքին հայութեան համար յատուկ կարեւորութիւն ունեցող թուականներու մասին` բանախօսը շեշտեց. «2018-ը յոբելենական տարի է մեզի համար. ազգովին նշեցինք արցախեան պայքարի 30-ամեակը, պետական մեծ շուքով պիտի նշենք 1918 մայիս 28-ին Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ստեղծման 100-ամեակը: 2018-ին տակաւին պիտի նշենք ԼԵՄ-ի հիմնադրութեան 45-ամեակը, ինչպէս նաեւ միասնակամ եւ լիբանանահայութեան ամբողջական մասնակցութեամբ պիտի վերականգնենք Հայկական երեսփոխանական պլոքը 6 մայիսին տեղի ունենալիք ընտրութիւններու ճամբով»: Ապա ան դիտել տուաւ, որ Դաշնակցութեան 127 տարուան գոյութեան ընթացքին իր կազմակերպած, վարած եւ մղած մարտական, գաղափարական, քաղաքական, ինքնապաշտպանական, ազատագրական եւ քարոզչական թէ ընտրական բոլոր պայքարները եղած են միշտ համահայկական, Դաշնակցութեան համար ուժի կեդրոն դառնալու մարտավարութիւնը կը միտի լաւագոյնս ծառայել նախ եւ առաջ տուեալ շրջանի հայութեան գոյութեան ու անվտանգութեան պահպանման եւ բարեկեցութեան` միշտ համահայկական բազմակողմանի օրակարգերու ի խնդիր: «Դաշնակցութիւնը սովորական քաղաքական կուսակցութիւն չէ. Դաշնակցութիւնը իւրայատուկ մթնոլորտ է, ապրում է, կենցաղ է, համոզումի եւ հաւատքի ներշնչման մնայուն աղբիւր է», աւելցուց ան:

Աւարտին, իր խօսքը ԼԵՄ-ականներուն ուղղելով, Մելիք Գարագաւորեան շեշտեց, որ գործունէութեան դաշտը իրենցն է արդէն. «Քրիստափոր Միքայէլեանի ըսածին պէս, պիտի յեղափոխականացնէք մարդոց հոգին եւ միտքը, գաղափարական, կարգապահական եւ մարտական ոգիով ոտքի պիտի հանէք երիտասարդութիւնը եւ խանդավառէք զանոնք: Դո՛ւք անոնց պիտի փոխանցէք եւ բացատրէք մեր հերոսներուն իտէալը, համահայկական, համազգային երազը, շունչը: Անորոշութեան եւ պրպտումի մէջ գտնուող երիտասարդութեան դո՛ւք պիտի համոզէք, պիտի տոգորէք եւ ուղղէք զիրենք դէպի Հայաստան, որ կորիզն է Արեւմտահայաստանի, պիտի ուղղէք դէպի Արցախ, Նախիջեւան, Ջաւախք: Դո՛ւք բոլորդ պիտի զինուորագրուիք հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերականգնման աշխատանքներուն, ինչ կ՛ուզեն թող ըլլան տեղայնական, միջազգային թէ շրջանային պայմանները: Դո՛ւք, իբրեւ լիբանանահայութիւն եւ իբրեւ գործօն երիտասարդութիւն, այսուհետեւ ուղղակի մասնակից պէտք է ըլլաք Հայաստանի պետականաշինութեան, ազգային բանակի հզօրացման, տնտեսական զարգացման, զոյգ հանրապետութեանց սահմաններու անվտանգութեան. դուք պէտք է ուղղակի մասնակի՛ց ըլլաք Արցախի վերաբնակեցման աշխատանքներուն»:

Ձեռնարկի վերջին բաժինով «Շահէն Մեղրեան» մասնաճիւղի ԼԵՄ-ականներ, ազատամարտիկներու նկարներ բռնած բեմ բարձրացան` դարձեալ բոլորին յիշեցնելով մեր խոնարհ հերոսներուն նուիրականութիւնը եւ անոնց կողմէ մեզի աւանդ ձգուած պատգամներուն կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը:

Նախորդը

Դիմաւորել 100-ամեակը 13. Տարեդարձներով Յիշուող Պատմութեան Ետին Կային Մարդիկ

Յաջորդը

Բացում Հայ Դատի Պէյրութի Գրասենեակի

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?