Գաղութային

Սրբոց Նահատակաց Հայկական Եկեղեցին  Եւ Յուշահամալիրը Վերանորոգելու Որոշում Տրուած Է

Սրբոց Նահատակաց Հայկական Եկեղեցին Եւ Յուշահամալիրը Վերանորոգելու Որոշում Տրուած Է

«Դեկտեմբեր 2016-ին Հալէպի ազատագրումը անկիւնադարձային եղաւ սուրիահայերուն համար. ներկայիս Հալէպը շատ աւելի կայուն վիճակի մէջ Է: Կային կենցաղային դժուար պայմաններ, որոնք այսօր արդէն տարբեր միջոցներով յաղթահարուած են, ճամբաները օրըստօրէ կը բացուին, լուծուած է ջրամատակարարման ու վառելանիւթի խնդիրը, քիչ տատանումներով վերականգնած է ելեկտրականութիւնը», «Հայերն այսօր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Սուրիոյ խորհրդարանի հայ անդամ, երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեանը` աւելցնելով, որ սուրիահայերը...

Յոբելենական Ձեռնարկին Հովանաւորն Էր  Տէր Եւ Տիկին Ալեքքօ Պէզիքեան Ամոլը.  Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ձեռնադրութեան  50-ամեակին Նուիրուած Համերգ

Յոբելենական Ձեռնարկին Հովանաւորն Էր Տէր Եւ Տիկին Ալեքքօ Պէզիքեան Ամոլը. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ձեռնադրութեան 50-ամեակին Նուիրուած Համերգ

Արամ Ա. կաթողիկոսին աբեղայական ձեռնադրութեան 50-ամեակը մեծ շուքով նշուեցաւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի շրջափակին մէջ: Լիբանանի պետական նուագախումբը` խմբավարութեամբ մայեսթրօ Յարութ Ֆազլեանի եւ մենակատարութեամբ աշխարհահռչակ սոփրանօ Յասմիկ Պապեանի, դիւթեցին Նահատակաց յուշարձանին առջեւ հաւաքուած հոծ բազմութիւնը, որմէ մաս մը եկած էր սփիւռքի տարբեր գաղութներէն: Ձեռնարկին ներկայ էին դիւանագիտական ու համայնքային, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ համայնքի զանազան կառոյցներու ներկայացուցիչներ: Համերգի ընթացքին խօսք առաւ...

Արիս Պապիկեան` Օնթարիօ Նահանգի  Խորհրդարանի Առաջին Հայ Երեսփոխան

Արիս Պապիկեան` Օնթարիօ Նահանգի Խորհրդարանի Առաջին Հայ Երեսփոխան

Քանատայի Օնթարիօ նահանգի երեսփոխանական ընտրութիւնները տեղի ունեցան 7 յունիսին: Ընտրութիւններուն մասնակցեցան Յառաջդիմական-պահպանողական, Ազատական ու Նոր ժողովրդավար կուսակցութիւններու կողքին քանի մը փոքր կուսակցութիւններ եւս: Թորոնթոյի Էճինքորթ ընտրատարածքէն Յառաջդիմական-պահպանողական կուսակցութեան թեկնածու Արիս Պապիկեան քուէներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ Օնթարիօ նահանգի խորհրդարանին մէջ առաջին քանատացի-հայ երեսփոխանը ընտրուեցաւ: Արիս Պապիկեան ժրաջան մասնակցութիւն բերած է Քանատայի հայկական գաղութի կեանքին մէջ: Ան մեծ աշխատանք տարած է քանատական, հայկական...

Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն`  Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, կիրակի, 10 յունիս 2018-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ Մեղրիկ եպս. Բարիքեան մատուցեց Ս. եւ անմահ պատարագ եւ կատարեց սարկաւագական ձեռնադրութիւն` խարտաւիլակութեամբ դպրեվանքի հսկիչներէն Զաւէն աբղյ. Նաճարեանի: Ս. եւ անմահ պատարագի ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի կիսասարկաւագներէն Գրիգոր Արապաթլեան, Ղազար ՔԷօշկերեան, Ասատուր Եղիայեան, Կարապետ Էօրտեքեան, Գէորգ Թէնէքէճեան, Հայրապետ Հայրապետեան, Հենրիկ Մալխասեան,...

Արամ Ա. Կաթողիկոս  Ընդունեց Իրանի Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Իրանի Դեսպանը

Շաբաթ, 9 յունիս 2018-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Անթիլիասի մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալին: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ տեսակէտներու փոխանակում կատարելու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը յուզող եւ յատկապէս Լիբանանի ու Սուրիոյ ներկայ կացութեան առնչուած հարցերու շուրջ: Թէ՛ վեհափառ հայրապետը եւ թէ՛ դեսպանը անդրադարձան Իրանի մէջ հաստատուած հայ համայնքին, որ կը շարունակէ իր դրական ու գործօն մասնակցութիւնը...

«Դարձի՛ր Գիրքի Հեղինակ» Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւն

Երէկ` ուրբաթ, 8 յունիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Դարձի՛ր գիրքի հեղինակ» մրցանքին մրցանակաբաշխութիւնը` կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ հովանաւորութեամբ Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններու: Մրցանակաբաշխութեան մասնակցեցան հետեւեալ վարժարանները` Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան, Ազգային միացեալ վարժարան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական քոլեճ, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Թէքէեան վարժարան: Խօսք...

Նարինէ Գրիգորեան Պէյրութի Մէջ Ներկայացուց  «Թռիչք Մը Դէպի Քաղաք» Եւ  «Ընտանիքս Ճամպրուկի Մէջ» Մենաներկայացումները

Նարինէ Գրիգորեան Պէյրութի Մէջ Ներկայացուց «Թռիչք Մը Դէպի Քաղաք» Եւ «Ընտանիքս Ճամպրուկի Մէջ» Մենաներկայացումները

Հրաւէրով «Սամիր Քասիր» հիմնադրամի «Պէյրութ Սփրինկ Ֆեսթիվըլ 2018» փառատօնի կազմակերպիչներուն, նաեւ Յովհաննէս Թումանեանի անուան պետական տիկնիկային թատրոնի աշխատանքներուն ծիրին մէջ, ներկայիս Լիբանան կը գտնուի թատերական եւ բեմադրութեան ոլորտներու մէջ բազմաթիւ մրցանակներու, նաեւ 2013-ին վաստակաւոր դերասանի կոչումին արժանացած, Յովհաննէս Թումանեանի անուան պետական տիկնիկային թատրոնի աշխատակից, հայրենի տաղանդաւոր արուեստագէտ Նարինէ Գրիգորեան` ներկայացնելու «Թռիչք մը դէպի քաղաք» եւ «Ընտանիքս ճամպրուկի մէջ» ներկայացումները: Տաղանդաւոր...

ՀՄԸՄ-ի 100-Ամեակին Ընդառաջ Սփիւռքի  Նախարարութեան Մէջ Տեղի Ունեցաւ  Միջգերատեսչական Յանձնախումբի Նիստ

ՀՄԸՄ-ի 100-Ամեակին Ընդառաջ Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Տեղի Ունեցաւ Միջգերատեսչական Յանձնախումբի Նիստ

6 յունիսին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնները եւ Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումը կազմակերպելու նպատակով ստեղծուած միջգերատեսչական յանձնախումբի երկրորդ նիստը: Հանդիպումին կը մասնակցէին սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան, նախարարի տեղակալ Բաբգէն Տէր Գրիգորեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութենէն Օշին Փիրումեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան, ներկայացուցիչներ` Հայաստանի արտաքին գործոց, կրթութեան եւ գիտութեան, մշակոյթի, առողջապահութեան, փոխադրութեան, կապի...

«Պատուաբեր Անցեալէն` Յաղթական Ապագայ»  Նշանաբանով Մայիսեան Արժանավայել Փառատօն`  Հայոց Պատմութեան Մէջ Երկու Կարեւոր  100-ամեակներու Նուիրուած

«Պատուաբեր Անցեալէն` Յաղթական Ապագայ» Նշանաբանով Մայիսեան Արժանավայել Փառատօն` Հայոց Պատմութեան Մէջ Երկու Կարեւոր 100-ամեակներու Նուիրուած

Մէկ դար առաջ արեամբ եւ մարտնչումներով հիմը կը դրուէր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, որ հայութեան համար փառք ու պարծանք ըլլալու կողքին, հանդիսացաւ այն հիմնաքարը, որուն վրայ կերտուեցան նորանոր նուաճումներ, յաղթանակներ ու ձեռքբերումներ: Մէկ դար առաջ նուիրումով եւ ազգին ու յատկապէս նոր սերունդներուն ծառայելու վճռակամութեամբ հիմը կը դրուէր  ՀՄԸՄ-ին, որ նուէրի մը համազօր էր անկախ Հայաստանի համար, եւ որուն դրօշին տակ պիտի...

Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան  Եւ Գիտութեան Փոխնախարարի  Այցելութիւնը «Ազդակ»

Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան Եւ Գիտութեան Փոխնախարարի Այցելութիւնը «Ազդակ»

Երէկ երեկոյեան «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցութիւն ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան փոխնախարար Յովհաննէս Յովհաննիսեան: Հիւրին կ՛ընկերակցէր Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու բաժինի պետ Անահիտ Դաւթեան: Հիւրերը ծանօթացան «Ազդակ»-ի խմբագրակազմին, աշխատանքային տարբեր բաժանմունքներուն` հաստատելով, որ թերթի առցանց  տարբերակին հետեւելով կը վկայեն հայրենական բազմաոլորտ իրադարձութիւններուն արագ եւ առարկայական լուսաբանումին: Այցելութիւնը առիթ եղաւ նաեւ զրուցելու Լրագրողներու համահայկական 9-րդ...

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան  Քարոզչական Յանձնախումբ.  Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան  100-ամեակին Նուիրուած Փառատօն

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախումբ. Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին Նուիրուած Փառատօն

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, շաբաթ, 2 յունիս 2018-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-էն սկսեալ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած փառատօնը, «Շաղզոյեան» կեդրոնին կից գտնուող կառատան մէջ: Կառատունը կէսօրուան ժամը 12:00-էն լեցուն էր ձայնովը մանուկներուն եւ պատանիներուն, որոնք կը մասնակցէին իրենց համար պատրաստուած բազմաթիւ խաղերուն: ՀՅԴ ԼԵՄ-ի բոլոր մասնաճիւղերը ստանձնած էին կրպակներ, որոնց մէջ կը վաճառուէին ուտեստեղէն, խաղալիքներ:...

Աբեղայական Ձեռնադրութիւն  Եւ Օծում` Անթիլիասի Մէջ

Աբեղայական Ձեռնադրութիւն Եւ Օծում` Անթիլիասի Մէջ

Շաբաթ, 2 եւ կիրակի, 3 յունիս 2018-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան փաղանգին միացան երկու երիտասարդ աբեղաներ: Արդարեւ, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ աբեղայական ձեռնադրութիւն եւ օծում` հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացան դպրեվանքի աւարտական դասարանի սարկաւագներէն Պետրոս սրկ. Տէր Կարապետեան եւ Մկրտիչ սրկ. Քիւրիւմեան` ձեռամբ Յունաստանի թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ խարտաւիլակութեամբ դպրեվանքի...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց Ասորի  Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պետ Մար Աֆրամ  Բ. Պատրիարքին Ներկայացուցիչը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պետ Մար Աֆրամ Բ. Պատրիարքին Ներկայացուցիչը

Հինգշաբթի, 31 մայիս 2018-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Իգնատիոս Աֆրամ Բ. պատրիարքի ներկայացուցիչ Ճորճ Սալիպա եպիսկոպոսը: Այցելութեան նպատակն էր վեհափառ հայրապետին հետ խորհրդակցիլ յունիսի աւարտին երեք հոգեւոր պետերու (Հայ եկեղեցւոյ, Ղպտի եկեղեցւոյ եւ Ասորի եկեղեցւոյ) միջեւ տեղի ունենալիք հանդիպման օրակարգին մասին:

Լրագրողներու Համահայկական  9-րդ Համաժողովը  Եզրափակեց Իր Աշխատանքը

Լրագրողներու Համահայկական 9-րդ Համաժողովը Եզրափակեց Իր Աշխատանքը

1 յունիսին Լրագրողներու համահայկական 9-րդ համաժողովը եզրափակեց իր աշխատանքը` «Հայաստանի Հանրապետութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները եւ հայ լրագրութիւնը» նիւթը կրող նիստով, որուն ընթացքին ներկայացուեցան տարբեր զեկուցումներ: Եզրափակելով համաժողովին աշխատանքը` Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի նախագահ, «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր եւ տնօրէն Շահան Գանտահարեան նշեց, որ համաժողովին մասնակցած է Հայաստանէն, սփիւռքէն եւ Արցախէն 100-է աւելի լրագրող, որոնցմէ 40-ը` գլխաւոր խմբագիր: Քննարկուած է 7...

Հաղորդագրութիւն

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ. 17 Դիմումի Ընդառաջում` Մայիսին 13-ամսեայ Հաշուեկշիռ` 216 Պարագայ

ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հաստատած ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՄԱՆ ՖՈՆՏը մայիս ամսուան ընթացքին ընդառաջած է 16 դիմումի, մինչ մայիս, յունիս, յուլիս, օգոստոս, սեպտեմբեր, հոկտեմբեր, նոյեմբեր, դեկտեմբեր, 2017 եւ յունուար, փետրուար, մարտ, ապրիլ 2018-ին ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին արժանացած է 199 պարագայ: Այսպէս, ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՖՈՆՏին (պսակադրութեան) դիմում կատարած է 6 զոյգ, որուն 5-ը պայմանները լրացուցած ըլլալով, արժանացած է ֆոնտէն օգտուելու...

«Հայաստանի Հանրապետութեան Պատմութեան  Դասերը, 1918-1920 Թուականներուն»  Խորագիրով Գիտաժողով

«Հայաստանի Հանրապետութեան Պատմութեան Դասերը, 1918-1920 Թուականներուն» Խորագիրով Գիտաժողով

Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին մէջ 31 մայիսին սկսաւ երկօրեայ գիտաժողով մը` «Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութեան դասերը 1918-1920 թուականներուն» խորագիրով: Գիտաժողովին նախաձեռնած «Վէմ» հանդէսի խմբագիր Գէորգ Խուդինեան նշեց, որ այս գիտաժողովին պիտի փորձեն հետապնդել եւ լուծել երեք խնդիրներ: Առաջինը, ըստ Խուդինեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան 1918-1920 թուականներու պատմութիւնը լիարժէքօրէն համաշխարհային պատմութեան տիրոյթ տեղափոխելն է, այսինքն` գիտական ընկալումներու դաշտ փոխադրելը: «Ատիկա մեզի համար ո՛չ միայն ներգիտական,...

Լրագրողներու Համահայկական 9-րդ  Համաժողովը Շարունակեց Աշխատանքները

Լրագրողներու Համահայկական 9-րդ Համաժողովը Շարունակեց Աշխատանքները

Լրագրողներու համահայկական 9-րդ համաժողովը շարունակեց իր աշխատանքները` քննարկումի առարկայ դարձնելով տարբեր նիւթեր, որոնք կը վերաբերին համահայկական կեանքին եւ հայաստանեան իրականութեան: Ժողովներուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հետեւեալ նիւթերուն, որոնց լոյսին տակ տրուեցան զեկուցումներ. «Թաւշեայ յեղափոխութեան արձագանգները հայկական մամուին մէջ», «Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան ստեղծումը եւ հայ լրագրութիւնը», «Հայ լրագրութիւնը խորհրդային միութեան տարիներուն», «Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ հայ լրագրութիւնը»: 31 մայիսի նիստերուն հիմնական առանցքները...

Լրագրողներու Համահայկական  Թ. Համաժողովը Սկիզբ Առաւ

Լրագրողներու Համահայկական Թ. Համաժողովը Սկիզբ Առաւ

Սփիւռքի նախարարութեան մէջ երէկ սկիզբ առաւ Լրագրողներու համահայկական Թ. համաժողովը: Սփիւռքի փոխնախարար Բաբգէն Տէր Գրիգորեանը ներկաներուն փոխանցեց նախարար Մխիթար Հայրապետեանի ողջոյնի խօսքը, ուր մասնաւորապէս շեշտուեցաւ հետեւեալը. «Խորհրդանշական էր, որ Հայոց պետականութեան վերակերտման 100-ամեակի նախօրեակին սկիզբ առած խաղաղ անհնազանդութեան շարժումը համազգային դրսեւորում ստացաւ: Սփիւռքը թեւ ու թիկունք դարձաւ սիրոյ ու համերաշխութեան յեղափոխութեան, որ  յաղթեց ողջ հայութեան միասնական կամքով` սկիզբ դնելով ազգային...

Ջրօրհնէքով Փակում` Սրբոց Հռիփսիմեանց  Կոյսերուն Նուիրուած Աղօթքի Օրերուն

Ջրօրհնէքով Փակում` Սրբոց Հռիփսիմեանց Կոյսերուն Նուիրուած Աղօթքի Օրերուն

Սրբոց Հռիփսիմեանց  կոյսերու տօնին առիթով երկուշաբթի, 28 մայիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ, որուն յաջորդեց ջրօրհնէք Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերու մասունքով: Արարողութեան նախագահեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: «Այս օրը մեզ կը հրաւիրէ, որ Հռիփսիմեանց տօնին առիթով պահ մը անջատուինք մեր աշխարհէն եւ մեր...

Յայտարարութիւն

Լիբանանում Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը տեղեկացնում է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 2018 թուականի  ապրիլի 7-ի թիւ 237-Ա հրամանագրով ներքոյիշեալ համարների ստացագրեր ունեցողներին շնորհուել է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն. 19183, 19184, 18855, 19149, 19166, 19014, 18884, 19095, 18924, 19185, 19262, 19082, 18911, 19172, 19189, 19193, 18871, 18870, 19058, 19059, 19125, 18951, 19078, 19034, 19068, 19319, 19336, 19174, 19085, 19143, 18896, 19167, 19024, 19067,...

Page 228 of 365 1 … 227 228 229 … 365

Արխիւներ