ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հաստատած ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՄԱՆ ՖՈՆՏը մայիս ամսուան ընթացքին ընդառաջած է 16 դիմումի, մինչ մայիս, յունիս, յուլիս, օգոստոս, սեպտեմբեր, հոկտեմբեր, նոյեմբեր, դեկտեմբեր, 2017 եւ յունուար, փետրուար, մարտ, ապրիլ 2018-ին ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին արժանացած է 199 պարագայ:
Այսպէս, ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՖՈՆՏին (պսակադրութեան) դիմում կատարած է 6 զոյգ, որուն 5-ը պայմանները լրացուցած ըլլալով, արժանացած է ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին:
ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻ ՖՈՆՏին (մկրտութեան) դիմում կատարած են 10 պարագաներ, որոնք արժանացած են ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին:
ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԲԱԶՄԱՑՄԱՆ ՖՈՆՏէն (3-րդ երեխայ եւ աւելի) օգտուած է 2 նորածին, 2 հազար ամ. տոլար իւրաքանչիւրը:
Այս ձեւով անցնող 13 ամիսներուն` մայիս 2017-էն մայիս 2018 Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտին յատկացումին արժանացած են 216 հայեր:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ


