6 յունիսին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնները եւ Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումը կազմակերպելու նպատակով ստեղծուած միջգերատեսչական յանձնախումբի երկրորդ նիստը: Հանդիպումին կը մասնակցէին սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան, նախարարի տեղակալ Բաբգէն Տէր Գրիգորեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութենէն Օշին Փիրումեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան, ներկայացուցիչներ` Հայաստանի արտաքին գործոց, կրթութեան եւ գիտութեան, մշակոյթի, առողջապահութեան, փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւններէն, Հայաստանի ոստիկանութենէն, Երեւանի քաղաքապետարանէն:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան, որ ընդգծեց, թէ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնները եւ 11-րդ բանակումը պիտի կատարուին յաւուր պատշաճի եւ բարձր մակարդակով: «Անգնահատելի եւ անուրանալի է ՀՄԸՄ-ի դերը հայապահպանութեան, Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ սկաուտական շարժման զարգացման մէջ», նշեց նախարար Հայրապետեան:
Դաւիթ Յակոբեան տեղեկացուց, որ հանդիպումներ տեղի ունեցած են Հայաստանի նախագահին, վարչապետին, պաշտպանութեան ու սփիւռքի նախարարներուն հետ, եւ կազմակերպութեան 100-ամեակի բոլոր ծրագիրները վերահաստատուած են, եւ կազմակերպման ընթացքի մէջ են:
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Օշին Փիրումեան հանգամանօրէն ներկայացուց 100-ամեակի ծրագիրը, եւ քննարկման միջոցով բոլոր գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչները ճշդեցին իրենց կատարելիքները, նախաձեռնութիւններու վերջնական ժամանակացոյցը: Օշին Փիրումեան ընդգծեց, որ 19-29 յուլիսին Հայաստան պիտի գտնուին 22 երկիրներէ 1200 սկաուտներ, իսկ բանակումը տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Բիւրականի կեդրոնական բանակավայրին մէջ:
ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած նամականիշի հրապարակման մասին զեկուցեց Հայաստանի փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան նախարարութեան աշխատակազմի նամակատան վարչութեան պետ Ծովինար Գալստեան: