Շաբաթ, 2 եւ կիրակի, 3 յունիս 2018-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան փաղանգին միացան երկու երիտասարդ աբեղաներ: Արդարեւ, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ աբեղայական ձեռնադրութիւն եւ օծում` հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին:
Ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացան դպրեվանքի աւարտական դասարանի սարկաւագներէն Պետրոս սրկ. Տէր Կարապետեան եւ Մկրտիչ սրկ. Քիւրիւմեան` ձեռամբ Յունաստանի թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ խարտաւիլակութեամբ դպրեվանքի հսկիչներէն` Օշին աբղյ. Չուալերթանեանի:
Շաբաթ, 2 յունիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին տեղի ունեցաւ Կոչման արարողութիւն, որուն ընթացքին ընծայեալները խարտաւիլակ հայր սուրբին առաջնորդութեամբ, մայր տաճարի մուտքէն ծնրադիր ուղղուեցան դաս, ուր կատարեցին հաւատքի խոստովանութիւն: Ընծայեալները նախ նզովեցին բոլոր հերետիկոսներն ու եկեղեցւոյ ճշմարիտ դաւանանքին խոտոր հանդիսացող վարդապետութիւնները եւ ապա հաստատեցին հայ եկեղեցւոյ ուղղափառ դաւանանքին ու սրբազան հայրապետներու հաստատած կանոններուն նկատմամբ իրենց հաւատարմութիւնը: Կոչման արարողութեան աւարտին, ընծայեալները Ս. Խորանին դիմաց ծունկի եկած, վեհափառ հայրապետին, միաբան հայրերուն, ձեռնադրիչ սրբազանին եւ ժողովուրդին առջեւ հրապարակաւ կարդացին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին զինուորագրութեան ու հաւատարմութեան իրենց ուխտագիրները:
Կիրակի, 3 յունիս 2018-ի առաւօտեան, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ մայր տաճար: Աբեղայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը սկիզբ առաւ Ս. եւ անմահ պատարագի ընթացքին արտասանուած «Զի ողորմած» աղօթքի պահուն: Ընծայեալները խարտաւիլակ հայր սուրբին առաջնորդութեամբ ծնրադիր բարձրացան Ս. Խորան, ուր աստուածաշնչական ընթերցումներու եւ հոգեթով աղօթքներու ճամբով անգամ մը եւս հրաւիրուեցան գիտակցելու Քրիստոսի «քաղցր լուծը» կրելու խորհուրդին:
«Կենդանարար» շարականի երգեցողութեան պահուն, խարտաւիլակ հայր սուրբը միւռոնաթափ աղաւնին թափօրով բարձրացուց Ս. Խորան եւ յանձնեց ձեռնադրիչ սրբազան հօր: Սրբազանը Ս. Հոգին խորհրդանշող սրբալոյս միւռոնով օծեց ընծայեալներուն ճակատը եւ աջ ու ձախ ձեռքերը` Պետրոս սարկաւագը վերակոչելով Տ. Աւետիք քահանայ եւ Մկրտիչ սարկաւագը` Տ. Անդրանիկ քահանայ:
Օծման արարողութենէն անմիջապէս ետք, ձեռնադրիչ սրբազանը տուաւ օրուան պատգամը: Բացատրելով «հայր» բառին խորհուրդը եւ իր խօսքը ուղղելով նորընծաներուն, ան յայտնեց, որ աբեղայական ձեռնադրութեամբ եւ օծումով անոնք կը դառնան ժողովուրդին հոգեւոր հայրերը: Հայրութիւնը իր մէջ կը պարփակէ արժանաւոր հոգեւորական ըլլալու պարտականութիւնը, ինչպէս նաեւ կ՛ենթադրէ ըլլալ պաշտպանը, պատսպարողը եւ հոգատարը ժողովուրդի զաւակներուն: «Այս բոլորը ձեր նոր կեանքին սկիզբն են. դուք պիտի աճիք ու զարգանաք, որպէսզի ձեր ծառայութիւնը կատարէք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանի նկարագիրով, պատկանելիութեամբ եւ անթիլիասականի ոգիով», շեշտեց սրբազանը: Աւարտին, ան շնորհաւորեց վեհափառ հայրապետը, դպրեվանքի տեսչութիւնը, միաբանութիւնը, նորաօծներուն ընտանիքները եւ ընտանեկան պարագաները:
Քարոզէն անմիջապէս ետք, «Ողջոյն»-ի պահուն, վեհափառ հայրապետը եւ միաբան հայրերը Ս. Խորան բարձրանալով շնորհաւորեցին նորաօծ քահանաները` համբուրելով անոնց ճակատներն ու ձեռքերը, որմէ ետք ձեռնադրութեան կնքահայրութիւնը ստանձնած տէր եւ տիկին Վարդան Վարդանեան կատարեց անոնց ճակատներու եւ ձեռքերու լուացումը:
«Ամէն եւ ընդ հոգւոյդ քում» երգեցողութենէն ետք տեղի ունեցաւ կատարեալ հնազանդութեան, կամաւոր աղքատութեան եւ կրօնական ողջախոհութեան ուխտերու խորհրդանիշը հանդիսացող վեղարի օրհնութիւնը:
Ապա, նորընծաները ձեռնադրիչ սրբազանին առաջնորդութեամբ, խարտաւիլակ հայր սուրբին եւ իրենց ծնողներուն հետ միասին, բարձրացան վեհափառ հայրապետին մօտ եւ ստացան անոր օրհնութիւնը:
Պատարագի աւարտին, Ս. Խորանին առջեւ, դասին մէջ, ներկայ հաւատացեալները մօտենալով նորընծաներուն` աջահամբոյրով ստացան անոնց անդրանիկ օրհնութիւնը: