Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախումբ. Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին Նուիրուած Փառատօն

Յունիս 4, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, շաբաթ, 2 յունիս 2018-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-էն սկսեալ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած փառատօնը, «Շաղզոյեան» կեդրոնին կից գտնուող կառատան մէջ: Կառատունը կէսօրուան ժամը 12:00-էն լեցուն էր ձայնովը մանուկներուն եւ պատանիներուն, որոնք կը մասնակցէին իրենց համար պատրաստուած բազմաթիւ խաղերուն: ՀՅԴ ԼԵՄ-ի բոլոր մասնաճիւղերը ստանձնած էին կրպակներ, որոնց մէջ կը վաճառուէին ուտեստեղէն, խաղալիքներ: Յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին «Ծիածան» մանկապատանեկան խումբը ելոյթ ունեցաւ եւ մեծապէս խանդավառեց մթնոլորտը: Երեկոյեան ժամը 6:00-ին ելոյթ ունեցաւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտական պարախումբը եւ ներկայացուց հինգ հայկական պարեր: Ապա ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբը այցելութիւն տուաւ փառատօնի վայր եւ մեծապէս ուրախացուց իրեն սպասող փոքրիկներն ու պատանիները:

Երեկոյեան ժամը 7:00-ին փառատօնի բացման խօսքով հանդէս եկաւ Նժդեհ Լափաճեան: Ան ըսաւ, որ 28 մայիս  1918-ի ճակատագրական այդ թուականը եղաւ հիմը անկախ Հայաստանի. պատմական հզօր իրագործում մը, որ կարելի եղաւ իրականացնել հայ ազգի ազնուական նուիրաբերումներով: «Երեւանը չենք դատարկի» կոչով Արամ Մանուկեան առաջնորդեց ժողովուրդը դէպի հայավայել յաղթանակ: Դաշնակցութեան պայքարի եւ զոհաբերութեան ոգին ուղեցոյցն էր հայկական կամաւորական գունդերու կենաց մահու մարտնչումներուն, վախճանը անտարակոյս յաղթանակն էր Ղարաքիլիսէի, Բաշ Ապարանի եւ Սարդարապատի մէջ: Մեր ժողովուրդը դարձեալ յաջողեցաւ փաստել, որ հայ անհատի ազատատենչ ոգին անկարելի է խորտակել, եւ երբ հայրենիքը կը կանչէ, համեստ հողագործէն կը ծնի չխորտակուող հայդուկ, ուսուցիչէն կը ծնի անձնուրաց ֆետայի:

Լափաճեան նաեւ ըսաւ, թէ արդէն մէկ դար անցած է հայ ժողովուրդի փառապանծ յաղթանակէն, եւ տակաւին մինչեւ այս պահը ոխերիմ թշնամին կը թակէ մեր հայրենիքի դուռը, բայց եթէ երէկ մենք յաջողեցանք գերմարդկային զոհաբերութիւններով իրականացնել երազ մը, ապա այսօր ալ յաջողեցանք անգամ մը եւս արձանագրել մեծ յաղթանակ մը` անկախ Հայաստանի դարպասը հանդիսացող Արցախի ազատագրութեամբ: Մենք վստահ ենք, որ վաղն ալ, եթէ կրկին մարտի զանգերը ղօղանջեն, Դաշնակցութեան նուիրումի կարմիր դրօշով եւ հաւատամքով զրահաւորուած դարձեալ պիտի նետուինք մարտի դաշտ եւ կերտենք նորանոր յաղթանակներ յանուն հայրենիքի:

Ան ՀՅԴ ԼԵՄ-ի անունով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ նշեց, որ «հաճոյք է մեզի համար յաղթական ոգիով տօնախմբել Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի այնքան խորհուրդ պարունակող առիթը` փաստելով կասկածամիտներուն, որ հայ ժողովուրդը տէրն է իր մշակոյթին, լեզուին, երգին ու պարին, իր հարազատ էութեան` վերածելով մշակոյթը ոգեղէն ուժի եւ կենարար սնունդի»:

Այնուհետեւ Հրակ Մամիկոնեան ապրումով ասմունքեց Դաւիթ Յովհաննէսի «Եռագոյն դրօշակ» բանաստեղծական կտորը, ապա հերթաբար ելոյթ ունեցան Վիգէն Տիշչեքենեան, Յարութ Լափաճեան, Հրաչ Կայծակեան, Գարմէն Աճեմեան, Սերոբ Յակոբեան եւ Յակոբ Մկրտիչեան, որոնք ազգային- հայրենասիրական երգերով ճոխացուցին մթնոլորտը: Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հրավառութիւն:

 

Նախորդը

Աբեղայական Ձեռնադրութիւն Եւ Օծում` Անթիլիասի Մէջ

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան Եւ Գիտութեան Փոխնախարարի Այցելութիւնը «Ազդակ»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?