Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լրագրողներու Համահայկական 9-րդ Համաժողովը Շարունակեց Աշխատանքները

June 1, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լրագրողներու համահայկական 9-րդ համաժողովը շարունակեց իր աշխատանքները` քննարկումի առարկայ դարձնելով տարբեր նիւթեր, որոնք կը վերաբերին համահայկական կեանքին եւ հայաստանեան իրականութեան:

Ժողովներուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հետեւեալ նիւթերուն, որոնց լոյսին տակ տրուեցան զեկուցումներ. «Թաւշեայ յեղափոխութեան արձագանգները հայկական մամուին մէջ», «Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան ստեղծումը եւ հայ լրագրութիւնը», «Հայ լրագրութիւնը խորհրդային միութեան տարիներուն», «Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ հայ լրագրութիւնը»:

31 մայիսի նիստերուն հիմնական առանցքները կազմեցին սփիւռքահայ մամուլին աշխատանքները, անոր դիմաց ծառացած խնդիրները, սփիւռքի եւ Հայաստանի լրատուամիջոցներուն միջեւ առկայ կապի ամրապնդումը շարունակելու կարեւորութիւնը: Այս ծիրին մէջ ներկայացուեցան տեղեկատուական պատերազմներու, ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարի մարտահրաւէրները: Սփիւռքի հայ մամուլին նպատակները նկատուեցան հայեցի կրթութեան, դաստիարակութեան, Հայ դատի պահանջատիրութեան առնչուող նիւթերու արծարծումը, Հայաստան-սփիւռք կապի պահպանումը, ամրապնդումը, սփիւռքի մամուլին մէջ հայաստանեան լուրերու առկայութիւնը:

Զեկուցումներուն մէջ տեղ տրուեցան նաեւ Արցախին եւ հոն առկայ լրագրողական մեծ ներուժին, ինչպէս նաեւ այն իրողութեան, որ սփիւռքահայ որոշ լրատուամիջոցներ թղթակիցներ ունին Արցախի մէջ: Շեշտը դրուեցաւ նաեւ հայրենադարձութեան վրայ եւ անհրաժեշտ նկատուեցաւ, որ այս նիւթը դառնայ սփիւռքահայ մամուլի հիմնական թեման: Խօսուեցաւ հայրենադարձութեան գործընթացին եւ անոր լուսաբանման առանձնայատկութիւններուն մասին:

Տեղի ունեցաւ  քննարկում` սփիւռքի հայ մամուլի արդի խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն մասին:

 

 

Նախորդը

Սարքուած Խայտառակութիւնը

Յաջորդը

«Հայաստանի Հանրապետութեան Պատմութեան Դասերը, 1918-1920 Թուականներուն» Խորագիրով Գիտաժողով

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը  Կը Նշէ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը
Գաղութային

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը Կը Նշէ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը

November 4, 2026
Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը
Գաղութային

Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը

November 4, 2026
Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողով Անթիլիասի Մէջ
Գաղութային

Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողով Անթիլիասի Մէջ

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.