Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յոբելենական Ձեռնարկին Հովանաւորն Էր Տէր Եւ Տիկին Ալեքքօ Պէզիքեան Ամոլը. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ձեռնադրութեան 50-ամեակին Նուիրուած Համերգ

June 11, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արամ Ա. կաթողիկոսին աբեղայական ձեռնադրութեան 50-ամեակը մեծ շուքով նշուեցաւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի շրջափակին մէջ: Լիբանանի պետական նուագախումբը` խմբավարութեամբ մայեսթրօ Յարութ Ֆազլեանի եւ մենակատարութեամբ աշխարհահռչակ սոփրանօ Յասմիկ Պապեանի, դիւթեցին Նահատակաց յուշարձանին առջեւ հաւաքուած հոծ բազմութիւնը, որմէ մաս մը եկած էր սփիւռքի տարբեր գաղութներէն: Ձեռնարկին ներկայ էին դիւանագիտական ու համայնքային, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ համայնքի զանազան կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

Համերգի ընթացքին խօսք առաւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Սեդա Խտըշեան: Ան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ պատիւ ու պարծանք ըլլալէ բացի, դժուար պատասխանատուութիւն մըն է արժեւորել սփիւռքահայ կեանքին մէջ ազգային, կրօնական եւ մշակութային բնագաւառներուն մէջ եզակի դերակատարութիւն ունեցած Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը: Արամ Ա. կաթողիկոսի լայնածաւալ գործունէութիւնը հակիրճ տողերով ներկայացնելով` Խտըշեան լուսարձակի տակ առաւ անոր կեանքին ու ծառայութեան մէջ ցուցաբերուած ամբողջական նուիրումը, հզօր անհատականութիւնը, տեսակէտ ու կեցուածք ունեցող մարդը, ինչպէս նաեւ իր հոգեմտաւոր լայն հորիզոնը հայ եկեղեցին, ազգը եւ ընդհանրապէս ներկայ ընկերութիւնը յուզող հարցերուն նկատմամբ: Ան անդրադարձաւ նաեւ վեհափառ հայրապետին հարուստ իրագործումներուն` միջեկեղեցական ու միջկրօնական մարզերուն մէջ:

Համերգի աւարտին, Մեղրիկ եպս. Բարիքեան, յանուն վեհափառ հայրապետին, շնորհակալական խօսք արտասանեց ձեռնարկի նախաձեռնութեան ու իրագործումին նպաստած ազգայիններուն եւ արուեստագէտներուն: Սրբազանը յատկապէս նշեց 50-ամեակի համերգի հովանաւոր, ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանները, որոնց շնորհիւ կայացաւ յոբելենական համերգը: Ապա, միաբանութեան անունով վեհափառ հայրապետին նուիրեց հայրապետական ասա մը, որուն արուեստագէտն է Սիմոն Առաքելեան, իսկ բարերարը` նախկին դպրեվանեցի Քրիստափոր Աճեմեան:

Հովանաւորի նախաձեռնութեամբ տարբեր երկիրներէ ժամանած հիւրերով, լիբանանեան եւ լիբանանահայ հոգեւոր եւ ազգային ներկայացուցչութիւններով եւ համաժողովրդային մասնակցութեամբ 9 յունիսին արժանավայել նշումը կատարուեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի ծառայական առաքելութեան 50-ամեակին:

Նախորդը

Արիս Պապիկեան` Օնթարիօ Նահանգի Խորհրդարանի Առաջին Հայ Երեսփոխան

Յաջորդը

Մոհամետ Ռաատ. «Չկայ Որեւէ Արգելք, Որ Կ՛ուշացնէ Կառավարութեան Կազմութիւնը»

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.