Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրբոց Նահատակաց Հայկական Եկեղեցին Եւ Յուշահամալիրը Վերանորոգելու Որոշում Տրուած Է

June 12, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Դեկտեմբեր 2016-ին Հալէպի ազատագրումը անկիւնադարձային եղաւ սուրիահայերուն համար. ներկայիս Հալէպը շատ աւելի կայուն վիճակի մէջ Է: Կային կենցաղային դժուար պայմաններ, որոնք այսօր արդէն տարբեր միջոցներով յաղթահարուած են, ճամբաները օրըստօրէ կը բացուին, լուծուած է ջրամատակարարման ու վառելանիւթի խնդիրը, քիչ տատանումներով վերականգնած է ելեկտրականութիւնը», «Հայերն այսօր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Սուրիոյ խորհրդարանի հայ անդամ, երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեանը` աւելցնելով, որ սուրիահայերը բնականոն ձեւով կ՛ապրին, զբաղած են իրենց առօրեայ  աշխատանքներով եւ տուները վերանորոգելով:

Ան նշած է նաեւ, որ ազգային հաստատութիւնները, եկեղեցիները, ակումբներն ու դպրոցները ամէնէն ծանր օրերուն անգամ չեն դադրեցուցած ազգապահպան գործունէութիւնը: Զգալի վնասներ կրած Քարէն Եփփէ ազգային ճեմարանի երկու շէնքերէն մէկը այս տարեշրջանին վերանորոգուած է, յաջորդին  շինարարական աշխատանքներ պիտի կատարուին Հալէպի հայ ազգային պատսպարանի, Սուրիոյ օգնութեան խաչի հիւանդանոցին եւ շարք մը ազգային կառոյցներու վերականգման ուղղութեամբ:

«Կը կարծեմ` մօտ  օրէն, անվտանգութեան որոշ հարցերու լուծուելէ ետք իր աշխատանքներուն կը սկսի նաեւ Սուրիոյ օդակայանը. Սուրիոյ  կառավարութիւնը լուրջ աշխատանքներ կը կատարէ այդ առումով: Որոշ շրջաններու մէջ տակաւին կան զինեալ ահաբեկչական խումբեր, եւ բնականոն թռիչքներու պարագային անվտանգութեան հարցեր կրնան ծագիլ», ըսած է Ժիրայր Ռէյիսեանը:

Իր խօսքին մէջ երեսփոխանը նաեւ ընդգծած է, որ Քեսապի եւ Լաթաքիոյ հայերն ալ կ՛ապրին սովորական կերպով: Անոնք, որոնք Հալէպէն տեղափոխուած էին Լաթաքիա կամ Քեսապ, այսօր կը վերադառնան իրենց տուները, Դամասկոսը նոյնպէս կարելի է ազատագրեալ տարածք նկատել:

«Ճիշդ է, ազատագրուեցաւ նաեւ Տէր Զօրը, բայց այնտեղ հայ բնակիչ գրեթէ չմնաց, սակայն ունինք խոնարհուած Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին` մարտ ամսուն Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներու հետ Տէր Զօր կատարած այցելութենէ ետք  եկեղեցին եւ յուշահամալիրը վերանորոգելու որոշում  տրուած է», զրոյցը ամփոփած է Ժիրայր Ռէյիսեանը:

Նախորդը

Յակոբ Պարոնեան (1843-1891). Հայու Երգիծական Հանճարին Նահապետն Ու Անհասանելի Գագաթը

Յաջորդը

Արամ Մանուկեանի Արձանի Տեղադրման Նախապատրաստական Աշխատանքներ Կը Տարուին

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.