Քանատայի Օնթարիօ նահանգի երեսփոխանական ընտրութիւնները տեղի ունեցան 7 յունիսին: Ընտրութիւններուն մասնակցեցան Յառաջդիմական-պահպանողական, Ազատական ու Նոր ժողովրդավար կուսակցութիւններու կողքին քանի մը փոքր կուսակցութիւններ եւս: Թորոնթոյի Էճինքորթ ընտրատարածքէն Յառաջդիմական-պահպանողական կուսակցութեան թեկնածու Արիս Պապիկեան քուէներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ Օնթարիօ նահանգի խորհրդարանին մէջ առաջին քանատացի-հայ երեսփոխանը ընտրուեցաւ:
Արիս Պապիկեան ժրաջան մասնակցութիւն բերած է Քանատայի հայկական գաղութի կեանքին մէջ: Ան մեծ աշխատանք տարած է քանատական, հայկական բազմամշակութային, քաղաքական, ընկերային ծառայութեան, ուսումնական, գաղթականներու եւ այլ ոլորտներու մէջ: 38 տարիներու ընթացքին ան չորս տարի վարած է Օթթաուայի Հայ դատի գրասենեակի վարիչ-տնօրէնի պաշտօնը: Այդ շրջանին քանատական ծերակոյտին ու երեսփոխանական պալատին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքին մէջ աչքառու եւ հիմնական իր ներդրումը ունեցած է: Նոյնպէս շեշտակի մասնակցութիւն բերած է Թորոնթոյի շրջանի պետական դպրոցներու ուսումնական խորհուրդի այն նախաձեռնութեան, որով պետական երկրորդական վարժարաններուն մէջ կը սկսէր դասաւանդուիլ ընդհանուր ցեղասպանութիւններու նիւթը:


