Գաղութային

Կազմակերպութեամբ  ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան.  ԼՕԽ-ի Պարտէզ-Գրադարանի Բացում

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան. ԼՕԽ-ի Պարտէզ-Գրադարանի Բացում

Բարձր հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, նախագահութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան երկուշաբթի, 25 յունիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Արագած շրջանի Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի պարտէզ-գրադարանի հանդիսաւոր բացումը: Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Ապա ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի աշակերտները երգեցին դպրոցական քայլերգը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ...

Համազգայինի «Գայեանէ» Պարի Դպրոցը  Հանդէս Եկաւ «Սարդարապատ» Ելոյթով

Համազգայինի «Գայեանէ» Պարի Դպրոցը Հանդէս Եկաւ «Սարդարապատ» Ելոյթով

Նախագահութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան, երէկ` երկուշաբթի, 25 յունիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Էմիլ Լահուտ» սրահին մէջ «Գայեանէ» պարի դպրոցը` մասնակցութեամբ պալէի բաժինին, հանդէս եկաւ «Սարդարապատ» ելոյթով (պարուսոյց եւ գեղարուեստական ղեկավարներ` Կարէն եւ Ժաքլին Մակինեան ամոլը): 2018 տարին կը զուգադիպի քանի մը ամեակներու. 100-ամեակ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, 90-ամեակ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, 35-ամեակ...

Սփիւռքի Նախարարութեան  Աշխատակիցներուն Այցելութիւնը «Ազդակ»

Սփիւռքի Նախարարութեան Աշխատակիցներուն Այցելութիւնը «Ազդակ»

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան հայրենադարձութեան եւ հետազօտութիւններու բաժինի պետ Էլիզ Գէորգեան եւ տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան բաժինի աշխատակից Սոնա Մկրտչեան, որոնք Լիբանան կը գտնուին Հայկազեան համալսարանին հետ սփիւռքի նախարարութեան համագործակցութեան ծրագիրի շրջանակներուն մէջ, երէկ այցելեցին «Ազդակ» եւ տեսակցեցան տնօրէնութեան հետ: Խորհրդակցութիւնները անդրադարձան լրագրողներու համահայկական 9-րդ համագումարին, այնտեղ հնչած տեսակէտներուն եւ լրագրողական համախմբումներու ձեւաչափային ու բովանդակային փոփոխութիւններուն: Այնուհետեւ խօսակցութեան առանցքը սփիւռքահայ լրատուադաշտի...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Ահաւասիկ, Ազգային միացեալ վարժարանը բոլորեց իր կրթական անդրանիկ տարեշրջանը: 2017-2018 տարեփակի փուլին, բնական մղումով կը խորհրդածենք, որ թէեւ Ազգային վեց վարժարաններու միաւորման ընթացքը ունեցաւ բարեյաջող արդիւնք, սակայն միաժամանակ, անհրաժեշտ է յիշել, որ տարեշրջանի ընթացքին պարտաւորուեցանք դիմագրաւել բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, որոնք արդիւնք էին միջավայրի փոփոխութեան եւ առարկայական այլ գործօններու: Անկասկած, տարեշրջանի ամբողջ տեւողութեան, վարժարանի կրթական հմուտ պատասխանատուներն ու ուսուցչական կազմը իրենց կարելին...

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ  Զաւարեան  Ուսանողական Միութեան.  «Նօ Քալչըր Լեֆթ Պիհայնտ» Թեմայով Միօրեայ Խոստմնալից Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան. «Նօ Քալչըր Լեֆթ Պիհայնտ» Թեմայով Միօրեայ Խոստմնալից Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան քարոզչական յանձնախումբին, երէկ` կիրակի, 24 յունիս  2018-ի երեկոյեան ժամը վեցէն սկսեալ  մշակութային հետաքրքրական ցուցահանդէս-ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Պէյրութի Ժմմէյզէ շրջանի Սեն Նիքոլայի աստիճաններուն վրայ: «Նօ քալչըր լեֆթ պիհայնտ» (Ոչ մէկ մշակոյթ մնացած ետին) խորագրեալ այս ձեռնարկը ազգային, աւանդական, մշակութային, գեղարուեստական խառն, բայց խիստ հետաքրքրական ու շահեկան մթնոլորտի արտացոլումն էր: Ժմմէյզէի Սեն Նիքոլայի աստիճաններուն վրայ զետեղուած...

Արամ Ա. Կաթողիկոս, Թէոդորոս Բ. Եւ Մար Աֆրամ  Բ. Պատրիարքները Հանդիպում Մը Ունեցան Աթշանէի Մէջ

Արամ Ա. Կաթողիկոս, Թէոդորոս Բ. Եւ Մար Աֆրամ Բ. Պատրիարքները Հանդիպում Մը Ունեցան Աթշանէի Մէջ

21-22 յունիս 2018-ին, Աթշանէի ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ վանքին մէջ տեղի ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Թէոդորոս Բ. եւ Մար Աֆրամ Բ. պատրիարքներուն միջեւ հանդիպում մը` խորհրդակցելու հայ, ղպտի եւ ասորի եկեղեցիներուն առնչուած հարցերու ու մարտահրաւէրներու մասին, յատկապէս Միջին Արեւելքի ծիրին մէջ: Երեք եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցական կառոյցը հիմնուած է 1997 թուականին` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, ասորի Զաքքա եւ ղպտի Շնուտա...

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (22).  Սալբի Պուլղուրճեան – Սիմիթեան «Ապագայ  Լրագրողներ»-ուն Ներկայացուց Լրագրութեան Մէջ Բարոյագիտութիւնը

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (22). Սալբի Պուլղուրճեան – Սիմիթեան «Ապագայ Լրագրողներ»-ուն Ներկայացուց Լրագրութեան Մէջ Բարոյագիտութիւնը

Ուրբաթ, 22 յունիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, «Ազդակ»-ի կազմակերպած Լրագրութեան վարժողական ծրագիրի շրջագիծին մէջ, խմբագրատուն այցելեց ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի անդամ Սալբի Պուլղուրճեան - Սիմիթեան, որ «Ապագայ լրագրողներ»-ուն ներկայացուց «Լրագրութեան մէջ բարոյագիտութիւնը» նիւթը: Պուլղուրճեան - Սիմիթեան ընդգծեց, որ լրագրութեան մէջ լուրը, անձը, դէպքը, հարցազրոյցը եւ այլ իրականութիւնները պէտք է ներկայացնել իրենց իսկական պատկերով` ճշմարտութեամբ, առանց զանոնք այլակերպելու, նենգափոխելու, դէպի...

Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Աղքատախնամ Մարմին.  Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին  Եւ Արցախեան Շարժման 30-ամեակին Նուիրուած  Ազգային – Հայրենասիրական Երգերու Երեկոյ

Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Աղքատախնամ Մարմին. Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին Եւ Արցախեան Շարժման 30-ամեակին Նուիրուած Ազգային – Հայրենասիրական Երգերու Երեկոյ

Կազմակերպութեամբ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Աղքատախնամ մարմինին, Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման 100-ամեակին եւ Արցախի ազատագրական շարժման 30-ամեակին առիթով, երէկ` ուրբաթ, 22 յունիսի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային եւ հայրենասիրական երգերու երեկոյ: Սրահի մուտքին Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանը կրող զարդասեղներ բաժնուեցան բոլորին: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք կազմակերպիչ մարմինին անունով տոքթ. Ճորճ Կիւլեսերեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք...

Առողջապահական Օգտաշատ Ծրագիր

Առողջապահական Օգտաշատ Ծրագիր

Երէկ` հինգշաբթի, 21 յունիս 2018-ին, Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ առողջապահական օգտաշատ ծրագիր մը` կազմակերպութեամբ Պուրճ Համուտի եւ Սին էլ Ֆիլի հաստատութիւնները համադրող մարմինին եւ գործակցութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան։ Առտուան ժամը 9:00-էն մինչեւ  կէսօրուան ժամը 1:00, շուրջ 300 անհատներ Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ առիթ ունեցան ձրիաբար ստուգելու իրենց արեան ճնշումը, շաքարի քանակութիւնը արեան մէջ, կշիռքը եւ հասակի չափը: Անոնք...

«Թորոս Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոցի  Աշակերտներու 2017-2018 Տարեշրջանի  Տարեկան Ցուցահանդէս

«Թորոս Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոցի Աշակերտներու 2017-2018 Տարեշրջանի Տարեկան Ցուցահանդէս

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ  տնօրէնութեան, ուրբաթ, 15 յունիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի աշակերտներուն 2017-2018 տարեշրջանի տարեկան ցուցահանդէսին բացումը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի մուտքի մեծ սրահին մէջ, ներկայութեամբ աշակերտներուն, ծնողներուն եւ արուեստասէր բազմութեան: «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի պատասխանատու Վազգէն Մուղալեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, հակիրճ ձեւով զեկուցական մը ըրաւ ընթացաւարտ տարեշրջանի աշակերտներուն սորված նիւթերուն,...

Համագաղութային Տարողութեամբ Նշում` Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին.  Յակոբ Բագրատունի. «28 Մայիս 1918-ը Հիմնաքարն Է  Այսօրուան Հայաստանին Եւ Հայկական Պետականութեան»

Համագաղութային Տարողութեամբ Նշում` Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին. Յակոբ Բագրատունի. «28 Մայիս 1918-ը Հիմնաքարն Է Այսօրուան Հայաստանին Եւ Հայկական Պետականութեան»

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի լիբանանահայ կեդրոնական մարմինին կազմակերպութեամբ, երէկ` կիրակի, 17 յունիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ազգային միացեալ վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ համաժողովրդային տօնակատարութիւն` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին: Ձեռնարկը սկսաւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին հնչեցուցած Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով: Ապա ցուցադրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման, անոր համար մղուած ճակատամարտերուն նուիրուած տեսերիզ մը: Բացման խօսքը արտասանեց Րաֆֆի Տէմիրճեան, որ նախ անդրադարձաւ այն յատկանշական երեւոյթին,...

Հաղորդագրութիւն

«Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի Սերունդ»-ի 69 Նորագիրներ Միացան Դաշնակցութեան Շարքերուն

Ուրբաթ, 15 յունիս 2018-ի երեկոյեան ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցի մեծ ընտանիքին անդամները համախմբուած էին Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան ՀՅԴ պանթէոնին առջեւ` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը կերտողներուն, որոնցմէ ոմանց յոգնաբեկ աճիւնները կը հանգչին այդ պանթէոնին մէջ: Ասիկա նաեւ առիթ էր, որ ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցի զանազան կոմիտէութիւններէն, ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութենէն եւ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան մասնաճիւղերէն 69 նորագիրներ միանան ՀՅԴ-ի...

Համազգայինի «Տաւիղ»  Նուագախումբին Տարեկան Ելոյթը

Համազգայինի «Տաւիղ» Նուագախումբին Տարեկան Ելոյթը

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան, կազմակերպութեամբ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, երէկ` կիրակի, 17 յունիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ «Տաւիղ» նուագախումբը, գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Մկրտիչ Միքայէլեան: Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Յակոբ Հանտեան իր բացման խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ 35 տարի առաջ Համազգայինը հիմը դրաւ «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին եւ...

Մեր Կորուստները.  Մահացած Է Վերլուծաբան  Եւ Քաղաքագէտ Իգոր Մուրադեան

Մեր Կորուստները. Մահացած Է Վերլուծաբան Եւ Քաղաքագէտ Իգոր Մուրադեան

Երէկ` կիրակի, 17 յունիսին երկարատեւ հիւանդութենէ ետք մահացած է յայտնի քաղաքագէտ, Ղարաբաղեան շարժումի սկզբնաւորողներէն եւ հիմնադիրներէն Իգոր Մուրադեանը: Իգոր Մուրադեանի անուան հետ կապուած են Արցախի` Հայաստանին միանալու ստորագրահաւաքի նախաձեռնութիւնը եւ արցախեան ժողովրդային առաջին ցոյցերու կազմակերպումը: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրահանգով Մուրադեանի յուղարկաւորութիւնը կազմակերպելու նպատակով կառավարական յանձնախումբ պիտի ստեղծուի:

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան»  Ցուցասրահ.  Հայրենի Գեղանկարիչ Յաղթանակ Շահումեանի  «Ցնորք Եւ Իրականութիւն» Ցուցահանդէսի Բացում

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Հայրենի Գեղանկարիչ Յաղթանակ Շահումեանի «Ցնորք Եւ Իրականութիւն» Ցուցահանդէսի Բացում

Հովանաւորութեամբ Կարօ եւ Ռիթա Սալխանեան ամոլին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, երէկ` հինգշաբթի, 14 յունիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ Յաղթանակ Շահումեանի (Յաղթօ) «Ցնորք եւ իրականութիւն» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին բացումը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի եւ արուեստասէր բազմութեան: Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան ողջունելէ ետք ներկաները, պատիւ նկատեց ցուցասրահին մէջ հիւրընկալել հայրենի վաստակաւոր ժողովրդական արուեստագէտ...

Մեկնարկային Իրադարձութիւն` Աջակցելով Լիբանանի Առաջնային  Եւ Երկրորդական Առողջապահական Մարզին

Մեկնարկային Իրադարձութիւն` Աջակցելով Լիբանանի Առաջնային Եւ Երկրորդական Առողջապահական Մարզին

Եւրոպական Միութիւնը յատուկ համաձայնագիրով առողջապահական նիւթական մեծ օժանդակութիւն տրամադրած է Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան, Միջազգային բժշկական մարմինին եւ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն գործակալութեան (UNHCR): Չորեքշաբթի, 13 յունիս 2018-ին առաւօտեան ժամը 9:00-ին, հովանաւորութեամբ Եւրոպական Միութեան, այս համաձայնագիրի պաշտօնական յայտարարութիւնը կատարուեցաւ եւ անոր մեկնարկը տրուեցաւ Հաուըրտ Գարակէօզեան հաստատութենէն: Այս առիթով Հ. Գարակէօզեանի մէջ համախմբուեցան Լիբանանի առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան,...

Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Մար Աֆրամ  Բ. Պատրիարքը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Մար Աֆրամ Բ. Պատրիարքը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Երեքշաբթի, 12 յունիս 2018-ի առաւօտեան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ` Մար Աֆրամ Բ. պատրիարքին: Երկու հոգեւոր պետերուն հանդիպումը առիթ մըն էր ընդհանուր ակնարկ մը նետելու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Սուրիոյ ներկայ կացութեան եւ երկու եկեղեցիներու գործակցութեան վրայ: Հանդիպման ընթացքին նաեւ քննարկուեցան յառաջիկայ շաբաթ կայանալիք ղպտի եկեղեցւոյ պատրիարքին, ասորի եկեղեցւոյ...

Արամ Մանուկեանի Արձանի Տեղադրման  Նախապատրաստական Աշխատանքներ Կը Տարուին

Արամ Մանուկեանի Արձանի Տեղադրման Նախապատրաստական Աշխատանքներ Կը Տարուին

Արամի եւ Նալբանդեան փողոցներու հատման կէտին վրայ` մեթրոյի «Հանրապետութեան հրապարակ» կայարանի վերնամասը, մեկնարկած են Արամ Մանուկեանի արձանի տեղադրման նախապատրաստական աշխատանքները: «Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին աշխատողները նշած են, որ երէկ տեղադրուած է արձանի պատուանդանը: «Երկիր»-ի հարցումին, թէ արձանը վերջնականապէս ե՞րբ պիտի տեղադրուի, անոնք պատասխանեցին, որ մինչեւ մէկ ամիս արդէն տեղադրուած կ՛ըլլայ Արամ Մանուկեանի արձանը:

Page 227 of 365 1 … 226 227 228 … 365

Արխիւներ