Գաղութային

«Ազդակ»-ի Մայիս 28-ի 100-ամեակի Բացառիկ. Բովանդակութիւն

«Ազդակ»-ի Մայիս 28-ի 100-ամեակի Բացառիկ. Բովանդակութիւն

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. Նոր Հայաստանը` 1918-ի արժեհամակարգով Մայիս 28-ի սերունդը Ս. Մահսէրէճեան Վերակառուցակարգել հայկական աշխարհը Շ. Գանտահարեան Յաղթանակները պահելու եւ վերարժեւորելու ժամանակը Վ. Աւագեան Եթէ մեր անցեալին հետ չհաշտուինք`  մեր ներկային մէջ ապագայ պիտի չունենաք Յովսէփ Պարազեան Մայիս 28-ն անժամանցելի խորհուրդ եւ մշտավառ ոգի Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան 1919 մայիս 28-ի Միացեալ Հայաստանի հռչակագիրի դերը հայութեան հատուածական մտածողութեան յաղթահարման գործում Աշոտ Մելքոնեան Հայկական հարցը...

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը  Անթիլիասի Մէջ Նշուեցաւ Մեծ Շուքով

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը Անթիլիասի Մէջ Նշուեցաւ Մեծ Շուքով

«Մայիս 28-ի Ոգին Ու Պատգամը Պէտք Է Դարձնել Հենքը Ազգային Գաղափարախօսութեան, Ռազմավարութեան Ու Մարտավարութեան» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս Կիրակի, 27 մայիս 2018-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ` նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին: Օրուան պատարագիչն էր Եփրեմ արք. Թապագեանը: Պատարագին ներկայ էին մեծ թիւով հաւատացեալներու կողքին Արցախի Հանրապետութեան պետական...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը կիրակի, 27 մայիս 2018-ին,  կէսօրէ առաջ ժամը 9:00-ին, այցելեց Պուրճ Համուտի եւ Ֆըրն Շըպպէքի գերեզմանատուները, ուր կը ննջեն 100-ամեայ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմադիրներէն ինն: Վարչութեան անդամները ծաղկեպսակներ զետեղեցին Նիկոլ Աղբալեանի, Լեւոն Շանթի,   Բարսեղ Կանաչեանի («Կամաւորական գունդերու քայլերգի` «Յառաջ նահատակ»-ի յօրինող), Սիմոն Վրացեանի, Հրաչ Փափազեանի, Կարօ Սասունիի, Աւետիք Սահակեանի, Արամ Սահակեանի, Արշակ Յովհաննէսեանի, Լոլա Սասունիի,...

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան  Պատուիրակութեան  Հանդիպումը Սփիւռքի Նախարար  Մխիթար Հայրապետեանի Հետ

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութեան Հանդիպումը Սփիւռքի Նախարար Մխիթար Հայրապետեանի Հետ

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, բաղկացած` Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանէ,  Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Բագրատ Եսայեանէ, Անդօ Պահարեանէ, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ Դաւիթ Յակոբեանէ, հինգշաբթի, 24 մայիս 2018-ին հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանին հետ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ նոր նշանակուած փոխնախարար Բաբգէն Տէր Գրիգորեան: Պատուիրակութիւնը նախ իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց սփիւռքի նախարարին անոր նշանակման առիթով: Ապա, արծարծուեցան...

Հայաստանի Հանրապետութեան  100-ամեակին Առիթով.  ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Անդամները Այցելեցին ՖԻՆԻՒԼ-ի  Միջազգային Ուժերու Հայկական Զօրամաս

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին Առիթով. ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Անդամները Այցելեցին ՖԻՆԻՒԼ-ի Միջազգային Ուժերու Հայկական Զօրամաս

Զաւարեան ուսանողական միութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով, ուրբաթ, 25 մայիս 2018-ին այցելեց հարաւային Լիբանանի Շամաա քաղաքը, ուր կը գտնուի ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող հայկական զօրամասը: Հանդիպման ընթացքին գնդապետի տեղակալ Տիգրան Մանուկեան ներկայացուց հայ խաղաղապահներուն մասնագիտական աշխատանքը եւ զօրամասին մէջ անոնց ներդրումը: Մտերմիկ ժամանակ մը անցընելէ եւ միասնաբար ճաշելէ ետք, կարճ նախաձեռնութեամբ մը անոնք նշեցին անկախութեան 100-ամեակը: Այցելութիւնը եզրափակուեցաւ...

«Ճինիշեան» Յիշատակի Ձեռնարկի Դեղերու Բաժանմունքի Գործունէութիւնը

«Ճինիշեան» Յիշատակի Ձեռնարկի Դեղերու Բաժանմունքի Գործունէութիւնը

«Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկը առողջապահական եւ ընկերային գործունէութիւններու կողքին ունեցած է բարգաւաճման ծրագիրներ: Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս դեղերու բաժանմունքին կազմակերպութեամբ գործադրութեան դրուեցաւ կիներու առողջապահական-դաստիարակչական-ուսուցողական ծրագիր մը, որուն նպատակն է  ուսուցանել կանխարգելիչ միջոցներ, հնարքներ եւ գործադրել խորհուրդներ` հայկական մտերմիկ եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ: 22 մայիս 2018-ին տեղի ունեցաւ տարուան հինգերորդ հանդիպումը: Օրուան դասախօս տոքթ. Էտի Ռագուպեան ներկայացուց շինիչ եւ հետաքրքրական...

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան  Պատուիրակութեան Հանդիպումը  Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Հետ

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութեան Հանդիպումը Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Հետ

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութիւնը չորեքշաբթի, 23 մայիս 2018-ին հանդիպում մը ունեցաւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ: Պատուիրակութիւնը վեհափառ հօր ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին կապուած ծրագիրներուն ընթացքը, մանաւանդ պաշտօնական հանդիսութեան գծով: Վեհափառ հայրապետը վերահաստատեց իր հովանաւորութիւնը միութեան 100-ամեակի պաշտօնական հանդիսութեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ: Արծարծուեցան նաեւ միութեան այլ աշխատանքներուն կապուած մանրամասնութիւններ, որոնց մասին անհրաժեշտ նորութիւններ ներկայացուեցան վեհափառ հօր:

Համազգային Հայ Կրթական  Եւ Մշակութային Միութեան  Ը. Պատգամաւորական Ժողովի  Հաղորդագրութիւն

Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Ը. Պատգամաւորական Ժողովի Հաղորդագրութիւն

Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը իր Ը. Պատգամաւորական ժողովը գումարեց Երեւանի «Անի» հիւրանոցի մէջ, 19, 20 եւ 21 մայիս 2018-ին: Ժողովին կը մասնակցէին 15 շրջաններ ներկայացնող  պատգամաւորներ, հրաւիրեալներ, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը, ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւններու ներկայացուցիչները եւ ի պաշտօնէ` Համազգայինի հաստատութիւններու եւ գրասենեակներու տնօրէնները: Ժողովը մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեց յիշատակը անցնող քառամեակին մեզմէ առյաւէտ բաժնուած համազգայնականներու: Երեք օրերու...

Մարալ Մանիսի «Պոռթկումը»  Ցուցահանդէսին Պաշտօնական Բացումը

Մարալ Մանիսի «Պոռթկումը» Ցուցահանդէսին Պաշտօնական Բացումը

Երէկ` երեքշաբթի, 22 մայիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, «Էքսոտ» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ արուեստագէտ Մարալ Մանիսի պատկերներու եւ քանդակներու ցուցադրութիւնը, որ կը կրէր «Պոռթկում» խորագիրը: Մարալ Մանիս բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իր առաջին ցուցահանդէսին բոլորին ներկայութեան համար: Խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան: Ան իր...

Յայտարարութիւն

Յայտարարութիւն

Հիմնուելով Իրաքահայ թեմի թիւ 87 եւ 1963 թուակիր կանոնադրութեան եւ հետագայ բարեփոխումներուն վրայ, 18 մայիս 2018-ին կայացաւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան ընտրութիւնը: Նոյն օրէնքներու հիման վրայ, յաջորդ օր` 19 մայիսին նորընտիր վարչութիւնը գումարեց իր անդրանիկ նիստը, որուն ընթացքին գաղտնի քուէարկութեամբ ընտրեց վարչութեան ատենապետ, փոխատենապետ, ատենադպիր, հաշուապահ եւ գանձապահ` հետեւեալ կազմով. 1.- Մելքոն Գուրգէն Հայրիկ Մելքոնեան - Ատենապետ 2.- Գէորգ Զոհրապ Օհաննէս...

Ծանուցողական Լրատուութիւն.  Սրբուհի Ռիթայի Ուխտի Օր, Ռաուտայի Մխիթարեան  Վարժարանի Վերանորոգ Շէնքի  Եւ Նոր Տնօրէնութեան Ներկայացում

Ծանուցողական Լրատուութիւն. Սրբուհի Ռիթայի Ուխտի Օր, Ռաուտայի Մխիթարեան Վարժարանի Վերանորոգ Շէնքի Եւ Նոր Տնօրէնութեան Ներկայացում

Սրբուհի Ռիթայի տարեկան ուխտի օրուան առիթով, կիրակի, 20 մայիսին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Ռաուտայի ուխտատեղիին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ Մխիթարեան միաբանութեան մեծաւոր Մեսրոպ Թ. ծ. վրդ. Սիւլահեան: Գերաշնորհ հայրը ըսաւ, որ Հոգեգալստեան տօնին առիթով հաւաքուած ենք սոյն ուխտատեղիին մէջ իբրեւ վերնատուն եւ կը սպասենք ու...

Արդիական Սարքաւորումով  Նոր Կեդրոն Տեղափոխման Նախօրեակին .  ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» Գրադարանը Նշեց  Իր Հիմնադրութեան 25-ամեակը` «Հայ Լեզու,  Հայ Գիրք Եւ Գրադարան» Թեմայով

Արդիական Սարքաւորումով Նոր Կեդրոն Տեղափոխման Նախօրեակին . ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» Գրադարանը Նշեց Իր Հիմնադրութեան 25-ամեակը` «Հայ Լեզու, Հայ Գիրք Եւ Գրադարան» Թեմայով

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի յանձնախումբին, շաբաթ, 19 մայիս 2018-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ նշուեցաւ «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի 25-ամեակը` ներկայութեամբ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վէքիլեանին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներուն, գրադարան յաճախող պատանիներու ծնողներուն եւ համակիր բարեկամներու: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սեդա...

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբը  Հայաստանի Մէջ Պիտի Ներկայացնէ «Ժողովուրդի  Թշնամին» Եւ «Կոնտոլեզիա Իմ Սէր» Թատերախաղերը

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբը Հայաստանի Մէջ Պիտի Ներկայացնէ «Ժողովուրդի Թշնամին» Եւ «Կոնտոլեզիա Իմ Սէր» Թատերախաղերը

Այսօր Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը կը մեկնի Հայաստան: «Ազդակ» կարճ զրոյց մը ունեցաւ թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեանի հետ, որ բացատրեց, թէ սոյն նախաձեռնութիւնը կը վայելէ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութիւնը: Անմիջապէս որ խումբի անդամները հասնին Երեւանի օդակայան, պիտի մեկնին Գիւմրի, ուր 23 մայիսին Վարդան Աճէմեանի անուան պետական թատրոնին մէջ պիտի ներկայացնեն Հենրիկ Իփսենի «Ժողովուրդի թշնամին» թատերախաղը` բեմադրութեամբ Սուրէն Խտըշեանի,...

Հայաստանի Հանրապետութեան  Հիմնադրութեան 100-ամեակ.  Մշակութային Միացեալ  Հրաշալի Հանդիսութիւն

Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 100-ամեակ. Մշակութային Միացեալ Հրաշալի Հանդիսութիւն

Հայատրոփ Պուրճ Համուտի սրտին մէջ երէկ` հազարաւոր հայորդիներ վայելեցին մշակութային հրաշալի պահեր: Զանազան միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու պատկան խումբեր հերթաբար բեմ բարձրանալով ներկայացուցին հայ երգ, հայ երաժշտութիւն, հայ պար: Հայ նոր սերունդի ներկայացուցիչները իրենց ելոյթներով անգամ մը եւս հաստատեցին, որ իրենք տէրն ու պահապանն են հայ մշակոյթին: Երէկ` կիրակի, 20 մայիս 2018-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ...

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի  Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինի Նախաձեռնութիւնները  Սկիզբ Առին Աշակերտական Մարաթոնով

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինի Նախաձեռնութիւնները Սկիզբ Առին Աշակերտական Մարաթոնով

28 մայիս 1918-ին Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութիւնը հայութեան համար մեծագոյն յաղթանակը եղաւ` հանդիսանալով մեր պատմութեան պանծալի էջերէն մէկը: 28 մայիս 2018-ն Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակն է: Առ այդ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինը կազմակերպած է ձեռնարկներու շարք մը` հանդիսաւոր կերպով նշելու սոյն առիթը: Այդ ձեռնարկներու շարքին առաջինը` աշակերտական մարաթոնը տեղի ունեցաւ երէկ` կիրակի, 20 մայիսին: Արդարեւ, լիբանանահայ վարժարաններէ միջնակարգի...

Կովսականի Եւ Այնճարի Քաղաքապետներուն Միջեւ  Համագործակցութեան Յուշագիրի  Պաշտօնական Ստորագրութիւն

Կովսականի Եւ Այնճարի Քաղաքապետներուն Միջեւ Համագործակցութեան Յուշագիրի Պաշտօնական Ստորագրութիւն

Արցախ Ռուց Ինվեսթմընց` ԱՌԻ ընկերակցութեան հրաւէրով Լիբանան ժամանած Արցախի պաշտօնական պատուիրակութիւնը երէկ այցելեց Այնճար:  Քաղաքապետարանի մուտքին պատուիրակութիւնը դիմաւորեցին Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս խօշեան, քաղաքապետական խորհուդի անդամներ,  միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Պատուիրակութեան անդամները դիմաւորուեցան աղ ու հացով եւ ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբին հնչեցուցած երաժշտութեան ընկերակցութեամբ: Պաշտօնական ընդունելութեան ընթացքին, քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք արցախեան պաշտօնական պատուիրակութեան յայտնեց,  որ այս համաձայնագիրը փրոթոքոլային...

ՀՅԴ «Ռոստոմ» Կոմիտէ.  Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան  100-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ

ՀՅԴ «Ռոստոմ» Կոմիտէ. Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ

ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ, երէկ` ուրբաթ, 18 մայիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայաշէնի ակումբի «Սեդրակ Աճէմեան» սրահին մէջ: Ձեռնարկին ներկայ էր Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան: Լիբանանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգներով բացումը կատարուեցաւ ձեռնարկին: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Եղիա Թաշճեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, թէ Մայիս 28-ի...

Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ.  «Մհեր Ջուլհաճեան» Միջդպրոցական  Շարադրական Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւն

Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ. «Մհեր Ջուլհաճեան» Միջդպրոցական Շարադրական Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւն

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երէկ` ուրբաթ, 18 մայիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ կատարուեցաւ 17 փետրուար 2018-ին տեղի ունեցած «Մհեր Ջուլհաճեան» միջդպրոցական շարադրական մրցանքի մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ կրթական պատասխանատուներու, տնօրէններու, ուսուցիչներու, աշակերտներու, ծնողներու եւ արցախեան ազատագրական պայքարի նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի հարազատներուն ու ընտանեկան պարագաներուն: Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի...

Մարտակերտի Եւ Պուրճ Համուտի Միջեւ  Համագործակցութեան Յուշագիրի  Պաշտօնական Ստորագրութիւն

Մարտակերտի Եւ Պուրճ Համուտի Միջեւ Համագործակցութեան Յուշագիրի Պաշտօնական Ստորագրութիւն

Արցախ Ռուց Ինվեսթմընց` ԱՌԻ ընկերակցութեան հրաւէրով Լիբանան ժամանած Արցախի պաշտօնական պատուիրակութիւնը երէկ այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Արցախի Հանրապետութեան տնտեսութեան եւ արտադրական   ենթակառուցուածքներու նախարար Լեւոն Գրիգորեան, նախարարի խորհրդական Տիգրան Նաճարեան, Մարտակերտի եւ Կովսականի քաղաքապետներ Միշա Գիւրճեան ու Ռազմիկ Մարգարեան եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահագն Տատայեան: Պատուիրակութեան հետ հանդիպումի առաջին բաժինը ծանօթացման հիմք ունէր: Պատուիրակութիւնը ծանօթացաւ...

Page 229 of 365 1 … 228 229 230 … 365

Արխիւներ