Երէկ երեկոյեան «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցութիւն ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան փոխնախարար Յովհաննէս Յովհաննիսեան: Հիւրին կ՛ընկերակցէր Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու բաժինի պետ Անահիտ Դաւթեան:
Հիւրերը ծանօթացան «Ազդակ»-ի խմբագրակազմին, աշխատանքային տարբեր բաժանմունքներուն` հաստատելով, որ թերթի առցանց տարբերակին հետեւելով կը վկայեն հայրենական բազմաոլորտ իրադարձութիւններուն արագ եւ առարկայական լուսաբանումին:
Այցելութիւնը առիթ եղաւ նաեւ զրուցելու Լրագրողներու համահայկական 9-րդ համաժողովին արծարծուած խնդիրներուն, այդ առիթով կազմակերպուած Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նոր նշանակուած նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հետ հանդիպման եւ ընդհանրապէս համահայկական լրագրողական համայնքի կառուցակարգման համար կատարուած առաջարկներուն մասին:



