Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լրագրողներու Համահայկական 9-րդ Համաժողովը Եզրափակեց Իր Աշխատանքը

June 2, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

1 յունիսին Լրագրողներու համահայկական 9-րդ համաժողովը եզրափակեց իր աշխատանքը` «Հայաստանի Հանրապետութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները եւ հայ լրագրութիւնը» նիւթը կրող նիստով, որուն ընթացքին ներկայացուեցան տարբեր զեկուցումներ:

Եզրափակելով համաժողովին աշխատանքը` Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի նախագահ, «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր եւ տնօրէն Շահան Գանտահարեան նշեց, որ համաժողովին մասնակցած է Հայաստանէն, սփիւռքէն եւ Արցախէն 100-է աւելի լրագրող, որոնցմէ 40-ը` գլխաւոր խմբագիր: Քննարկուած է 7 նիւթ, ելոյթ ունեցած է 30 մասնակից, յարակից ելոյթներով եւ առաջարկներով հանդէս եկած է 50-է աւելի լրագրող: Զեկուցողը կարեւոր նկատեց  կազմակերպական եւ բովանդակային ձեւաչափի մշակումը:

Սփիւռքի նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան պետ Վաղինակ Վարդանեան աշխատանքային խումբին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց համաժողովի աշխատանքներուն մասնակիցներուն եւ նշեց, որ համաժողովը փուլ մը հանդիսացաւ համահայկական տեղեկատուական հարթակ ստեղծելու ճամբուն վրայ:

Լրագրողները այցելեցին նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանին եւ կրթութեան ու գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանին:

Ողջունելով սփիւռքահայ լրագրողները` նախարար Մնացականեան ընդգծեց, որ արտերկրի հայ լրատուամիջոցները մեծ ներդրում ունին հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման մէջ: Նախարարը շեշտեց նման ձեւաչափով հանդիպումներու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ անոնք լաւ առիթ կը ստեղծեն Հայաստանէն դուրս բնակող հայրենակիցներուն` Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մասին տեղեկացնելու առումով:

Արտաքին գործոց նախարարը լրագրողներուն ներկայացուց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները` նշելով միջազգային օրակարգի խնդիրներուն վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումները, մանրամասն անդրադարձ կատարեց Արցախի տագնապի լուծման հոլովոյթին, ներքաղաքական վերջին զարգացումներուն, ապա պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն:

Արայիկ Յարութիւնեան  նշեց, որ կարեւոր է սփիւռքահայ լրագրողներուն հետ նման ձեւաչափով հանդիպումը, քանի որ անոնց շնորհիւ նաեւ ուղերձներ կը փոխանցուին սփիւռքի հայ համայնքներուն: Ան շեշտեց, որ կրթութիւնը պէտք է հասանելի ըլլայ բոլորին, ինչ որ լուրջ հրամայական է:

Համաժողովի մասնակիցները կրթութեան եւ գիտութեան նախարարին հետ զրուցեցին դպրոցներուն մէջ ուսուցիչի դերին եւ հեղինակութեան վերարժեւորման մասին: Նախարարը նշեց, որ ուսուցիչը նախ եւ առաջ պէտք է աշակերտներուն մտածել սորվեցնէ, փոխանցէ անհրաժեշտ հմտութիւններ, զբաղի ինքնակրթութեամբ եւ կիրարկէ նոր մեթոտներ:

Սփիւռքահայ լրագրողները անդրադարձան նաեւ Լեզուի պետական տեսչութեան աշխատանքին, ընկերային ցանցերուն եւ լրատուամիջոցներուն մէջ հայերէնի ներկայ վիճակին, սփիւռքի դպրոցներուն մէջ հայերէնի իմացութիւնը փաստող վկայականներու անհրաժեշտութեան:

 

Նախորդը

Քաղաքական Վերլուծում. Ինչո՞ւ Իրան Չի Կրնար Իսրայէլի Դէմ Պատերազմիլ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պետ Մար Աֆրամ Բ. Պատրիարքին Ներկայացուցիչը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հորմուզ, Պապ Մանտեպ Եւ Ռուս-Ամերիկեան  Ուժանիւթային Խորհրդակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հորմուզ, Պապ Մանտեպ Եւ Ռուս-Ամերիկեան Ուժանիւթային Խորհրդակցութիւններ

October 6, 2026
Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ  Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց  Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 6, 2026
«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ  Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին»  Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի
Գլխաւոր լուրեր

«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին» Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.