Շաբաթ, 9 յունիս 2018-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Անթիլիասի մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալին:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ տեսակէտներու փոխանակում կատարելու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը յուզող եւ յատկապէս Լիբանանի ու Սուրիոյ ներկայ կացութեան առնչուած հարցերու շուրջ: Թէ՛ վեհափառ հայրապետը եւ թէ՛ դեսպանը անդրադարձան Իրանի մէջ հաստատուած հայ համայնքին, որ կը շարունակէ իր դրական ու գործօն մասնակցութիւնը բերել երկրին զարգացման եւ յառաջդիմութեան:



