9 Տարեկան Դարձած «Ճիշդ Հնչենք» Յայտագիրը` Մայրենի Լեզուն Պահպանելու Հաստատ Կոչ
Շաբաթ, 4 մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ «Վանայ Ձայն»-էն ուղղակի ձայնասփռումով տեղի ունեցան 9 տարեկան դարձած «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրի աւարտական փուլն ու մրցանակաբաշխութիւնը` հովանաւորութեամբ Մարաշի հայրենակցական միութեան եւ կազմակերպութեամբ «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանին: Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրը պատրաստող եւ հաղորդավար Հուրի Փափազեան-Էմմիեան: Ան ըսաւ, թէ յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերած են լիբանանահայ 15 վարժարաններէ 6-րդ,...



















