Երէկ, 30 ապրիլ 2019-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանը: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու հայ-զուիցերիական յարաբերութեանց, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Զուիցերիոյ եկեղեցիներու միջեւ երկար տարիներու վրայ տարածուած գործակցութեան, ինչպէս նաեւ «Արմենոֆաս»-ի գործունէութեան:
Հանդիպումի ընթացքին նաեւ արծարծուեցաւ յառաջիկային Փափա Քիւնցլերի նուիրուած ցուցահանդէսի կազմակերպման ծրագիրը: Յայտնենք, որ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք որբահաւաքի եւ վերապրողներու ընկերային ծառայութեան գծով կարեւոր դեր ունեցած է զուիցերիացի Փափա Քիւնցլերը: