Գաղութային

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Ցեղասպանութեան 104-ամեակի Ոգեկոչում

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ցեղասպանութեան 104-ամեակի Ոգեկոչում

23 ապրիլը սովորական օր չեղաւ Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճի աշակերտներուն համար: Արդարեւ, Զատկուան արձակուրդը ընդհատող ու դպրոց վերադարձող աշակերտները կը գիտակցէին, որ պարտաւորութիւն ունէին ոգեկոչելու 1,5 միլիոն նահատակներուն յիշատակը եւ յարգանքի տուրք տալու անոնց: Օրը սկսաւ միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներուն կողմէ պատրաստուած ձեռնարկով: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ժ. դասարանի աշակերտուհի Ալեակ Մկրեանը, որ ըսաւ. «Ապրիլ 24-ը սոսկ օր չէ, պատմութիւն...

«Մեր Ժողովուրդին Համար Երբեք Ընդունելի Չէ Ցեղասպան Թուրքիոյ Ցաւակցութիւնը» Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Մեր Ժողովուրդին Համար Երբեք Ընդունելի Չէ Ցեղասպան Թուրքիոյ Ցաւակցութիւնը» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Աւելի Քան 20 Հազար Լիբանանահայեր Տպաւորիչ Քայլարշաւով Վերահաստատեցին Իրենց Պահանջատիրութիւնը Եւ Վերանորոգեցին Սրբազան Ուխտը Ամբողջական եւ արդար հատուցման պահանջով, 24 ապրիլին լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս փաստը տուաւ հայկական պահանջատիրութեան յառաջամարտիկը ըլլալու իրականութեան, երբ աւելի քան 20 հազար հոգիով, իրաւատէր ու վճռակամ շարքերով, Պուրճ Համուտէն Անթիլիասի մայրավանք քալեց, ապա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկով յարգանքի իր տուրքը ընծայեց...

«Գողգոթան… Որ Իբրեւ Գարուն Ծաղկեցաւ»  Խորագիրով Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն  Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ` Մաարապի Մէջ

«Գողգոթան… Որ Իբրեւ Գարուն Ծաղկեցաւ» Խորագիրով Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ` Մաարապի Մէջ

  Երէկ` հինգշաբթի, 25 ապրիլի յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, հովանաւորութեամբ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահի, Լիբանանեան ուժերու գլխաւոր կեդրոնատեղիին` Մաարապի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ոգեկոչական ձեռնարկ` «Գողգոթան... Որ իբրեւ գարուն ծաղկեցաւ» խորագիրով: Ոգեկոչական այս ձեռնարկը, որ չորրորդ տարին ըլլալով տեղի կ՛ունենար, ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխան Ալեքսանտր Մաթոսեան, զբօսաշրջութեան նախարար...

Լիբանանահայ Կուսակցութիւններու Երիտասարդական  Եւ Ուսանողական Միութիւններու Կազմակերպութեամբ.  Երիտասարդական Հաւաք Եւ Միջեկեղեցական  Հոգեպարար Աղօթք` Հայոց Ցեղասպանութեան  Սուրբ Նահատակներուն Յիշատակին

Լիբանանահայ Կուսակցութիւններու Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութիւններու Կազմակերպութեամբ. Երիտասարդական Հաւաք Եւ Միջեկեղեցական Հոգեպարար Աղօթք` Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներուն Յիշատակին

Կազմակերպութեամբ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն, երէկ` երեքշաբթի, 23 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Սեն Ժոզեֆ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական աղօթք` մասնակցութեամբ Լիբանանի համայնքապետներուն: Տէրունական աղօթքով սկսած ոգեկոչման ձեռնարկին Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն հոգիներուն համար լիբանանահայ եւ Լիբանանի համայնքապետները կամ անոնց ներկայացուցիչները աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած` նաեւ շնորհակալութիւն յայտնելով Անոր, որ այդ ցնցիչ արհաւիրքին...

Առաջնորդական Պատգամ` Հայոց Ցեղասպանութեան  Սուրբ Նահատակներու  Յիշատակի Օրուան Առիթով

Առաջնորդական Պատգամ` Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներու Յիշատակի Օրուան Առիթով

«Եկէ՛ք, զաւակներդ սուրբ նահատակներուն, առաջնորդուինք այն պայքարին օրինակով եւ կտակով, որ անոնք մեզի տուին` իբրեւ գրաւական մեր ազգին կենդանութեան. անոնց աղօթքով, Տէ՜ր, փրկէ մեզ» (Մանկունք շարական Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու) Սիրելի՛ հայորդիներ, որ ի Լիբանան, Այսօր այն սուրբ նահատակներուն տօնն է, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին Թուրքիոյ կողմէ սպաննուեցան եւ «իմացեալ մահ»-ով քրիստոնէական հաւատքն ու հայրենիքի պաշտպանութիւնը գրկեցին: Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու...

Ապրիլեան Նահատակներու Յիշատակին Հսկում.  «Ո՛ր Երկնակամարին Տակ, Որ Ըլլաք, Յիշեցէ՛ք,  Որ Հայ Էք, Քրիստոնեայ Էք,  Կը Պատկանիք Փառաւոր Եւ Դարաւոր Ազգի Մը»  Ըսաւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարք

Ապրիլեան Նահատակներու Յիշատակին Հսկում. «Ո՛ր Երկնակամարին Տակ, Որ Ըլլաք, Յիշեցէ՛ք, Որ Հայ Էք, Քրիստոնեայ Էք, Կը Պատկանիք Փառաւոր Եւ Դարաւոր Ազգի Մը» Ըսաւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարք

Ապրիլեան նահատակներու յիշատակին նուիրուած հսկումի երեկոյ մը տեղի ունեցաւ երէկ` երեքշաբթի, 23 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի շրջափակին մէջ տեղադրուած Նահատակաց յուշակոթողին շուրջ: Հսկումի մասնակիցներուն մէջ ուշագրաւ էր երիտասարդներու եւ պատանիներու ստուար ներկայութիւնը, որ կու գար փաստելու եւ հաստատելու, որ նոր սերունդը տէրն է իր դատին, հաւատարիմ է իր հայրերու կտակին, իր հայրենիքին ու  մեծ հաւատքին,  գիտէ...

Ուսումնական Խորհուրդի Կազմակերպութեամբ  Աշակերտական Հաւաքին.  «Օտար Երկիրներ Ձեզմով Պիտի Ճանչնան  Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Ձեր Աննկուն Կամքով  Եւ Նկարագիրով Պիտի Շահինք  Մեր Նահատակներու Արեան Գինը»  Ըսաւ Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեան

Ուսումնական Խորհուրդի Կազմակերպութեամբ Աշակերտական Հաւաքին. «Օտար Երկիրներ Ձեզմով Պիտի Ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Ձեր Աննկուն Կամքով Եւ Նկարագիրով Պիտի Շահինք Մեր Նահատակներու Արեան Գինը» Ըսաւ Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեան

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երէկ` երեքշաբթի, 23 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Ստեփանոս մատրան դիմաց տեղի ունեցաւ աշակերտական հաւաք` մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտութեան, տնօրէններուն եւ ուսուցչակազմերուն: Ներկայ էին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի եւ Ազգային միացեալ վարժարանի, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն, Թորոսեան, Շամլեան-Թաթիկեան վարժարաններու եւ Հայ աւետարանական քոլեճի, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց, Ս. Խաչ-Գ. Հարպոյեան...

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտները` Կ՛ոգեկոչեն  Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակը

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտները` Կ՛ոգեկոչեն Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակը

Երեքշաբթի, 23 ապրիլ 2019-ին, ՀՄԸՄ-ի  Լիբանանի մասնաճիւղերու խմբապետական կազմերը, Շրջանային խմբապետութիւնը, մասնաճիւղերու սկաուտական խորհուրդն ու Շրջանային սկաուտական խորհուրդը, ինչպէս նաեւ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներ` ներկայացնելով ՀՄԸՄ-ի  Լիբանանի  բոլոր մասնաճիւղերը, այցելեցին Պիքֆայայի յուշարձան, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակին: Երեկոյեան ժամը 6:30-ին սկաուտները արդէն հասած էին Պիքֆայա Ս. Աստուածածին մատուռ, ուր տեղի ունեցաւ...

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Աշակերտութիւնը  Ազգային Բարձր Գիտակցութեամբ Արժանաւորապէս  Ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակը

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Աշակերտութիւնը Ազգային Բարձր Գիտակցութեամբ Արժանաւորապէս Ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակը

Երեքշաբթի, 23 ապրիլ 2019-ն իւրայատուկ օր էր Ազգային միացեալ վարժարանի աշակերտութեան համար: Արդարեւ, առաւօտուն աշակերտները դպրոց հասան եւ զանազան ձեռնարկներու ընդմէջէն ապրեցան ոգեղէն ներկայութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան բիւրաւոր անմեղ նահատակներու անմեռ կտակին: Իւրաքանչիւր դասարանի աշակերտները նախ բարձրացան իրենց դասարանները: Անոնց ուսուցիչ-ուսուցչուհիները համառօտ պատմականը ներկայացուցին Հայոց ցեղասպանութեան հոլովոյթին, հայ ժողովուրդի ապրած ցասումին եւ վերազարթօնքին` ի խնդիր հայութեան պայծառ ապագային: Նախակրթարանի վեցերորդ կարգէն...

ՀՅԴ 21-րդ Գերագոյն  Ժողովի Յայտարարութիւնը

Տեղեկագիր` Հայ Ուսանողի Ֆոնտի

ՀՅ Դաշնակցութեան 126-ամեակին առիթով յայտարարուած Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտերէն Հայ ուսանողի ֆոնտի կապակցութեամբ անհրաժեշտ կը նկատենք ներկայացնել հետեւեալ տեղեկութիւնները: ա) Հայ ուսանողի ֆոնտէն կրնան օգտուիլ բոլոր անոնք, որոնք աւարտած են հայկական վարժարան եւ իրենց ուսումը կը շարունակեն Լիբանանի մէջ գտնուող որեւէ համալսարանի մէջ: բ) Նախորդ տարեշրջանին, Հայ ուսանողի ֆոնտին դիմում կատարած էին 152 ուսանողներ, որոնց բոլորին դիմումը ընդունուած ըլլալով, անոնք...

Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի Ոգեկոչում Ֆանարի Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի Ոգեկոչում Ֆանարի Մէջ

«Մենք Կը Յարգենք Դաշնակցութեան Կազմակերպուածութիւնը, Անոր Ուժը, Կամքն Ու Նուիրումը Պահելու Իր Դատը, Իր Հայրենիքը Եւ Լիբանանը». Ի. Քանաան «Լիբանանցիները Պէտք Է Սորվին Հայ Ժողովուրդէն, Որ Ո՛Չ Միայն Չհրաժարեցաւ Իր Դատէն, Այլեւ Զայն Բարձրացուց Ամէնուրեք, Աշխարհի Չորս Ծագերուն». Է. Հանքաշ «Լիբանանահայութիւնը, Որուն Հաւատարմութեան Վկայ Են Բոլորը, Արժանի Է Իր Նահատակներու Յիշատակի Օր Ունենալու Լիբանանի Մէջ». Ա. Կիտանեան Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Է....

Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան  Տօնը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ.  Քրիստոսի Յարութիւնը`  Աղբիւր Վերանորոգ Կեանքի

Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան Տօնը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ. Քրիստոսի Յարութիւնը` Աղբիւր Վերանորոգ Կեանքի

Աւագ շաբաթը իր լրումին հասաւ Քրիստոսի հրաշափառ յարութեամբ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարը, կիրակի, 21 ապրիլ 2019-ին անգամ մը եւս իր երդիքին տակ համախմբեց իր հաւատացեալ զաւակները, որպէսզի քրիստոնէավայել կերպով նշուի Ս. Զատկուան հոգեպարար տօնը: Այս առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս մատուցեց Ս. եւ անմահ պատարագ եւ իր պատգամը ուղղեց ժողովուրդին: Ս....

«Քրիստոսի Յարութիւնը Մեզ Մահէն Կ՛ազատագրէ  Եւ Կը Տանի Անմահութեան». Նարեկ Արքեպիսկոպոս

«Քրիստոսի Յարութիւնը Մեզ Մահէն Կ՛ազատագրէ Եւ Կը Տանի Անմահութեան». Նարեկ Արքեպիսկոպոս

Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. ՅարութԵան տօնին առիթով, կիրակի, 21 ապրիլ 2019-ին Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ Ս. Եւ անմահ պատարագ մատուցեց եւ իր հայրական պատգամը փոխանցԵց Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս: Սրբազան հայրը նկատել տուաւ, որ երբ նայինք մարդկային կեանքին, պիտի անդրադառնանք, թէ մեր կեանքը հեզասահ չէ, այլ` հոն առկայ ամէն տեսակի դժուարութիւններ կրնան մեզ տկարացնել, յուսահատեցնել, եւ կրնանք խորհիլ,...

Քայլարշաւ` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ»  Մարզամշակութային Համալիրէն  Անթիլիասի Մայրավանք

Քայլարշաւ` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրէն Անթիլիասի Մայրավանք

Երկուշաբթի, 22 ապրիլ 2019-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, տեղի ունեցաւ վերջին տարիներուն աւանդութիւն դարձած Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած մասնաճիւղային քայլարշաւը` Մզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրէն դէպի Անթիլիասի մայրավանք: Քայլարշաւը առաջնորդեց մասնաճիւղին շեփորախումբը, անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին սկաուտական բոլոր խումբերը, մասնաճիւղի ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի դպրոցի մարզիկները, մասնաճիւղի վարչութեան...

«Մարդու Որդին Գերեզման Իջնելով Մարդուն Առջեւ Բացաւ Փրկութեան Ճանապարհը» Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Մարդու Որդին Գերեզման Իջնելով Մարդուն Առջեւ Բացաւ Փրկութեան Ճանապարհը» Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Կարգ Թաղման» Արարողութիւնը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Աւագ ուրբաթ, 19 ապրիլ 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ կը տիրէր Յիսուսի Թաղման կարգի խորհրդաւորութեամբ համակուած մթնոլորտ մը. առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ ուխտաւորներ արդէն մայր տաճար այցելելով` ծաղիկներ ընծայած էին եկեղեցւոյ դասին մէջ զետեղուած Յիսուսի դագաղին, իսկ երեկոյեան` հաւաքուած մայր տաճարին մէջ` նշելու Աւագ շաբթուան այս սրտառուչ արարողութիւնը: Այս առիթով...

«Աշխարհի Վրայ Չկայ Որեւէ Թաղում, Որ Տխրութիւն Չպատճառէ, Բացի Քրիստոսի Թաղումէն, Որովհետեւ Ան Յաւիտենական Պարգեւատուն Եւ Կենդանատուն Է Բոլորիս Համար», Ըսաւ Նարեկ Արքեպիսկոպոս

«Աշխարհի Վրայ Չկայ Որեւէ Թաղում, Որ Տխրութիւն Չպատճառէ, Բացի Քրիստոսի Թաղումէն, Որովհետեւ Ան Յաւիտենական Պարգեւատուն Եւ Կենդանատուն Է Բոլորիս Համար», Ըսաւ Նարեկ Արքեպիսկոպոս

Աւագ ուրբաթ, 19 ապրիլ 2019-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման յիշատակին սրբազան արարողութիւն կատարուեցաւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ: Եկեղեցական արարողութեան հանդիսապետեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս: Սրբազանը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ Աւագ շաբթուան այդ սուրբ պահուն` Քրիստոսի թաղումին, մեր հոգեւոր ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ այն խնամեալ...

Կարգ Ոտնլուայի` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ. «Քրիստոսի Սիրոյ Պատգամը Պէտք Է Կենսագործել Մեր Անհատական Թէ Հաւաքական Կեանքին Մէջ» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Աւագ հինգշաբթի, 18 ապրիլ 2019-ի յետմիջօրէին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւն, որ յիշատակութիւնն է Քրիստոսի աշակերտներուն ոտքը լուալուն եւ կը կ՛ընդգրկէ խոնարհութեան ու սիրով ծառայութեան պատգամը: Հետեւելով Մեծ Վարդապետին օրինակին` վեհափառ հայրապետը ղենջակ կապած ծունկի գալով լուաց Յիսուսի տասներկու աշակերտները խորհրդանշող միաբան հայրերուն եւ դպրեվանքի սաներուն ոտքերը: Այս խորհրդալից...

«Ոտնլուան Մաքրութեան, Խոնարհութեան Եւ Մանաւանդ Սիրոյ Արարողութիւնն Է» Հաստատեց Նարեկ Սրբազան

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի, երէկ` հինգշաբթի, 18 ապրիլ 2019-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի հանդիսաւոր արարողութիւն: Ոտնլուայի արարողութիւնը կատարեց եւ օրուան պատգամը ուղղեց առաջնորդ սրբազանը: Ան նկատել տուաւ, որ Աւագ հինգշաբթին Աւագ շաբթուան եկեղեցականօրէն ամէնէն լեցուն ու ամէնէն իմաստալից օրն է եւ Ոտնլուան մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար այն օրհնեալ...

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետական Խորհուրդին  Նախաձեռնութեամբ` Խումբ Մը Երիտասարդներ  Այցելեցին Քահլ Ս. Յարութեան Տօնին Առիթով

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետական Խորհուրդին Նախաձեռնութեամբ` Խումբ Մը Երիտասարդներ Այցելեցին Քահլ Ս. Յարութեան Տօնին Առիթով

Երէկ` հինգշաբթի, 18 ապրիլ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդին նախաձեռնութեամբ քաղաքապետարանի երիտասարդական խմբակը Ս. Յարութեան տօնին առիթով յատուկ առաքելութեամբ մը այցելեց ՔԱՀԼ-ի տարեցներու տունը եւ համեստ յայտագիրով մը հանդէս եկաւ մամիկներուն եւ պապիկներուն: Երիտասարդներուն անունով սրտի խօսք արտասանեց Արազ Էլէյճեան, որ ըսաւ, թէ հայ նորահաս սերունդը հայկական վարժարաններու եւ ընտանիքներու մէջ դաստիարակուած է, եւ անիկա յաճախ պէտք...

Մամլոյ 151-րդ Լսարան.  Սուրիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ժիրայր Ռէյիսեան  Խօսեցաւ Կոմիտասի Երաժշտութեան Մէջ  Հայրենասիրական Գաղափարներու  Եւ Կոտորածներու Արտացոլումի Մասին

Մամլոյ 151-րդ Լսարան. Սուրիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ժիրայր Ռէյիսեան Խօսեցաւ Կոմիտասի Երաժշտութեան Մէջ Հայրենասիրական Գաղափարներու Եւ Կոտորածներու Արտացոլումի Մասին

Երէկ` չորեքշաբթի, 17 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի կազմակերպած մամլոյ 151-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր «Հայ երգի ազգային նկարագիրը եւ ազատագրական ու հայրենասիրական գաղափարներու եւ կոտորածներու արտացոլումը Կոմիտասի երաժշտութեան մէջ», զոր ներկայացուց Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ Ժիրայր Ռէյիսեանը: Բացման խօսքը արտասանեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան: Ան ըսաւ, թէ այս տարի հայ մշակոյթի ու...

Page 194 of 365 1 … 193 194 195 … 365

Արխիւներ