Շաբաթ, 4 մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ «Վանայ Ձայն»-էն ուղղակի ձայնասփռումով տեղի ունեցան 9 տարեկան դարձած «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրի աւարտական փուլն ու մրցանակաբաշխութիւնը` հովանաւորութեամբ Մարաշի հայրենակցական միութեան եւ կազմակերպութեամբ «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանին:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրը պատրաստող եւ հաղորդավար Հուրի Փափազեան-Էմմիեան: Ան ըսաւ, թէ յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերած են լիբանանահայ 15 վարժարաններէ 6-րդ, 7-րդ եւ 8-րդ դասարաններու 45 աշակերտներ: Յայտագիրը ընթացք առած է 2 մարտ 2019-ին, երկու փուլով: «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրը այս տարի եւս հովանաւորած է Մարաշի հայրենակցական միութիւնը: Իւրաքանչիւր մրցանակակիր պիտի ստանայ 300.000 լիբանանեան ոսկի, իսկ երկրորդ հանդիսացողները` 200.000 լիբանանեան ոսկի: Մասնակից իւրաքանչիւր աշակերտ պիտի հնչէ տասը բառ: Խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց Մարաշի հայրենակցական միութեան եւ անոր ատենապետ Ժան Մոմճեանին, «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեանին, լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն, «Ազդակ»-ի աշխատակիցներուն, «Վանայ Ձայն»-ի պաշտօնակիցներուն եւ ձայնի հաղորդավարներուն:
Ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ կը ներկայացնէր «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրի առաջին երկու փուլերէն հատուածներ, որոնք ցոյց տուին աշակերտներուն մասնակցութիւնը եւ անոնց ապրումները յայտագիրներու ընթացքին:
Այս տարի յայտագիրին վերահսկեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Նորա Բարսեղեան: Ապա տեղի ունեցաւ մրցումին աւարտական փուլը: 6-րդ դասարանէն մրցանակակիր դարձաւ Քրիստ Դարբինեան` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճէն, 7-րդ դասարանէն Ալիք Թեմպելեան` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանէն, իսկ 8-րդ դասարանէն Սերժիօ Միսիսեան` Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն: Երկրորդ հանդիսացան 6-րդ դասարանէն Լէա Քէշիշեան` Հայ կաթողիկէ Ս. Ագնէս վարժարանէն, 7-րդ դասարանէն Մարք Կիւլկիւլեան` Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանէն, իսկ 8-րդ դասարանէն Կալի Սահակեան` Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանէն: Մրցանակակիրները իրենց պարգեւները ստացան ձեռամբ «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեանին եւ Մարաշի հայրենակցական միութեան ատենապետ Ժան Մոմճեանին:
Այս տարի ներկաներէն երկու փոքրիկներ` Ճէյսըն Միսիսեան եւ Կարօ Սահակեան կամաւորաբար ցանկութիւն յայտնեցին մասնակցիլ «Ճիշդ հնչենք» մրցումին: Անոնք հնչեցին իրենց տրուած տասը բառերը: Յաղթող հանդիսացաւ Ճէյսըն Միսիսեան: Նշենք, որ երկու փոքրիկներն ալ ստացան Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տրամադրած «Զարթօնք»-ի նոր հրատարակութեան երեք հատորները:
Այնուհետեւ խօսք առաւ «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան եւ յայտնեց, որ ձայնասփիւռի կայաններու ու մանաւա՛նդ հայկական ձայնասփիւռի կայաններու իրականութեան մէջ, յայտագիր մը դժուար թէ քանի մը տարի գոյատեւէ: «Ճիշդ հնչենք»-ը յաջողութեամբ ամբողջացուց իններորդ տարին եւ կը պատրաստուի տասներորդ տարուան: «Յայտագիրին շարունակականութիւնը իր նպատակին, իրագործման եղանակին եւ զայն ներկայացնողին` Հուրի Փափազեան-Էմմիեանի յաջողութեան մէջ կը կայանայ», ըսաւ Աւագեան:
Շարունակելով, Աւագեան նկատել տուաւ, որ առաջին ակնարկով կրնայ զարմանալի թուիլ, թէ երգ-երաժշտութիւն սփռող կայան մը ի՞նչ կապ կրնայ ունենալ հայերէնի ուղղագրութեան հետ: «Վանայ Ձայն»-ը, սակայն, միայն երգ ու երաժշտութիւն սփռող կայան չէ: Երգն ու երաժշտութիւնը միջոցներ են կայանին համար, մինչդեռ նպատակը մեր սեփական մշակոյթին եւ ազգային արժէքներուն պահպանումն է: Ինչպէս երգն ու երաժշտութիւնը, նաեւ ուղղագրութիւնը, գիրն ու գրականութիւնը արժէքներ են, որոնք հայ մարդուն գոյութիւնն ու գոյատեւումը կը պայմանաւորեն, հետեւաբար անոնք հիմնական դեր ու տեղ ունին բոլոր ճակատներուն վրայ ազգային ինքնութեան պայքար մղող կուսակցութեան մը ձայնասփիւռի կայանին մէջ:
Յայտագիրին յաջողութեան մասնակիցներուն շնորհակալութիւն յայտնելով` Վիգէն Աւագեան նշեց, որ ուղղագրութեան, լեզուի հանդէպ նախանձախնդրութիւնը պէտք չէ մրցանքով մը սահմանափակուի, այլ պէտք է երկարի ամբողջ կեանքի մը վրայ, որպէսզի նոյն նախանձախնդրութիւնը շարունակուի, զարգանայ, մեր շրջապատին եւ մեզմէ ետք եկող սերունդին փոխանցուի:
Խօսքի աւարտին Վիգէն Աւագեան թելադրեց այժմէն պատրաստուիլ «Ճիշդ հնչենք»-ի տասնամեակի յոբելենական տարուան, որ այլապէս լեցուն պիտի ըլլայ «Վանայ Ձայն»-ի հիմնադրութեան 35-ամեակի նորութիւններով: