Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Փոքրիկ Լրագրողներ»-ու Վարժանիստը

Ապրիլ 30, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմին նախաձեռնութեամբ, «Փոքրիկ լրագրողներ»-ու վարժանիստը տեղի ունեցաւ կիրակի, 28 ապրիլ 2019-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ` մասնակցութեամբ տասներեք հայկական վարժարաններու չորրորդ, հինգերորդ եւ վեցերորդ դասարաններու 76 աշակերտներու:

Վարժանիստը սկսաւ առաւօտեան ժամը 10:00-ին ու իր աշխատանքները աւարտեց կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին` խանդավառ ու ջերմիկ մթնոլորտի մէջ:

Այս տարուան նիստը նուիրուած էր Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին: Աշխատանքը սկսաւ Յովհաննէս Թումանեանի կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած փաուըր փոյնթով մը, զոր ներկայացուց Սրբուկ Ճենանեան, ի միջի այլոց անդրադառնալով նաեւ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին, Հայոց ցեղասպանութեան ու այդ ծիրին մէջ Թումանեանի տարած աշխատանքին եւ անոր տրուած Ամենայն Հայոց բանաստեղծ կոչումին: Աշակերտները բաժնուած էին 13 խառն խումբերու, եւ իւրաքանչիւր խումբ կը կրէր հայկական կամ կիլիկեան շրջանի մը անունը: Անոնք առաջին հերթին դիտեցին Թումանեանի «Անբան Հուրին» գործին գծանկարային կարճ ժապաւէնը, ապա, ըստ թելադրանքին անոնք երեւակայելով փոխեցին պատմութեան աւարտը կամ շարունակեցին պատմութիւնը այլ վախճան մը տալով անոր, որմէ ետք գծեցին իրենց շարադրած պատմութեան յարմար պատկերները: Կարգ մը խումբեր պատմութիւնը ներկայացուցին նկարաշարով:

Առաջին բաժինի աշխատանքներու աւարտէն ետք, իւրաքանչիւր խումբէ աշակերտ մը ներկայացուց իր խումբին տարած աշխատանքը: Յատկանշական էր, որ Ատանա խումբի ներկայացման ընթացքին, երբ փոքրիկներուն յիշեցում կատարուեցաւ 1909-ի Ատանայի կոտորածին մասին, խումբի ներկայացուցիչ աշակերտուհին` Վանան, ներկայացուց նաեւ Ատանայի կոտորածին նուիրուած երգը ու իր հմայիչ ձայնով յուզեց ներկաները… Արդէն ճաշի դադարի պահը հասած էր: Ճաշէն ետք աշակերտները դիտեցին Թումանեանի գործերէն «Շունն ու կատուն» եւ «Սուտասան»-ը ու իրենց ազատ կամքով ընտրեցին երկու նիւթերէն մէկ` դարձեալ փոխելու պատմութեան աւարտն ու անոր յարմար գծագրութիւնը կատարելու: Իսկ աշխատանքի վերջին բաժինով աշակերտներուն թելադրուեցաւ պատրաստել խաղեր: Իսկապէս ունինք ստեղծագործ փոքրիկներ, որոնք աներեւակայելի կերպով կատարեցին իրենց վստահուած աշխատանքը` յօդուած, գծագրութիւն թէ խաղ: Պէտք է ըսել, որ օրը թէեւ յոգնեցուցիչ էր, թէ՛ ընտրեցին իրենց, եւ թէ պատասխանատուներուն համար, սակայն արդիւնքը եւ մեր փոքրիկներուն ճիգն ու ստեղծագործելու կամքը կը մոռցնէին ամէն յոգնութիւն, եւ գոհունակութեան ու երջանկութեան պահեր կը ստեղծէին: Շատ հետաքրքրական էր աշակերտներէն մէկուն արտայատութիւնը, երբ ըսաւ, թէ կը յուսայ յառաջիկայ տարի եւս ընտրուիլ ուսուցիչին կողմէ եւ դարձեալ մասնակցի այս աշխատանքին, մինչ ծնողներ հարց կու տային, թէ արդեօք նման աշխատանք մը տարին միայն մէ՞կ անգամ կ՛ըլլայ…

Աշակերտ ու ծնողք, որոնք իսկապէս երջանիկ են այս աշխատանքով, կամք ու կորով կը ներշնչեն պատասխանատուներուն` նախաձեռնելու  նման աշխատանքներու, որոնք խթան կը հանդիսանան սփիւռքի մէջ հայկերտման ու հայապահպանման աշխատանքին:

Վարժանիստի աւարտին մասնակցող փոքրիկները ստացան նաեւ յիշատակի նուէրներ` տրամադրուած «Ազդակ»-ի կողմէ:

Ձեր վարձքը կատա՛ր, սիրելի՛ աշակերտներ ու շատ սիրելի ծնողներ, որովհետեւ առանց ձեր զոհողութեան ու քաջալերանքին այս գործը յաջողութեամբ պիտի չպսակուէր: Վերջապէս վարձքը կատա՛ր մեր հայկական բոլոր վարժարաններուն, որոնք առանց զլանալու իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի կազմակերպած բոլոր ձեռնարկներուն: Ձեր վարձատրութիւնը կը ստանաք` կարդալով մայիս ամսուան «Պզտիկ-Մզտիկ»-ը:

Ցտեսութիւն:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» Մասնաճիւղ. «Նահատակներու Կտակէն Մինչեւ Արդար Հատուցում»

Յաջորդը

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին. «Պէտք Է Ապրինք Մեր Պատմութեան Կշռոյթով Եւ Պատգամով» Շեշտեց Նարեկ Արքեպիսկոպոս

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?