Սուրիոյ հայ համայնքը սուրիական տագնապին եւ ահաբեկչութեան դէմ Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն իր գոյութիւնը պահեց շնորհիւ իր կազմակերպուածութեան, վարած քաղաքականութեան եւ յանձնառու հայ երիտասարդներու նուիրական ծառայութեան, նոյնիսկ` նահատակութեան:
Համայնքը, իբրեւ Սուրիոյ ժողովուրդին մէկ մասնիկը, կրելով պատերազմի ծանր հետեւանքներն ու դէմ դնելով այլազան վտանգներուն, պահեց իր ներքին ամրութիւնն ու հաւասարակշռուած մօտեցումները` նուազագոյն վնասներով դուրս գալու պատերազմէն:
Սուրիոյ հայութեան մասին մերթ ընդ մերթ կը հրապարակուին այնպիսի անհիմն լուրեր, որոնք ո՛չ միայն հաւաստի տեղեկութիւններ չեն, այլեւ սուրիահայութեան հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունին: Սուրիահայութիւնը ունի իր պաշտօնական բանբերներն ու թերթը, որոնց ճամբով կ՛արտացոլան հայ համայնքին աշխատանքներն ու մօտեցումները, հաղորդագրութիւններն ու կոչերը:
Մեր համայնքի զաւակները, Սուրիոյ բոլոր շրջաններուն մէջ, կը շարունակեն ազգային, միութենական կառոյցներուն շուրջ համախմբուած իրենց կեանքը: Աւելի՛ն. ինչպէս Հալէպի, այնպէս ալ Գամիշլիի, Դամասկոսի, Քեսապի, Լաթաքիոյ մէջ եւ այլուր, նուիրեալ ու արի հայ երիտասարդները ամէն միջոցի դիմած են ու կը դիմեն պաշտպանելու մեր ազգային կառոյցներն ու տիրութիւն ընելու ժողովուրդին, երբեմն իրենց կեանքին իսկ գնով:
Հայութիւնը, Սուրիոյ ամբողջ տարածքին, յաղթահարելով դժուարութիւններն ու դիմակայելով վտանգները, շարունակեց ու կը շարունակէ իր ազգային աշխուժ կեանքը եւ լծուած է վերականգնումի աշխատանքին` հաւատալով, որ սուրիական տագնապը պիտի լուծուի քաղաքական բանակցութիւններու ճամբով, Սուրիա ներխուժած օտար ուժերուն դուրս բերումով ու Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան ամրագրումով:
30 ապրիլ 2019
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ»