ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հաստատած Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտը ապրիլ 2019 ամսուան ընթացքին ընդառաջած է 11 դիմումի, մինչ մայիս 2017-էն մինչեւ մարտ 2019 ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին արժանացած է 341 պարագայ:
Այսպէս, Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտին (պսակադրութեան) դիմում կատարած են 4 զոյգեր, որոնք պայմանները լրացուցած ըլլալով արժանացան ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին:
Հայ մանուկի ֆոնտին (մկրտութեան) դիմում կատարած են 7 պարագաներ, որոնք արժանացած են ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին:
Ընտանիքի բազմացման ֆոնտին դիմում չէ կատարուած:
Այս ձեւով անցնող 24 ամիսներուն` մայիս 2017-էն ապրիլ 2019, Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտի յատկացումի արժանացած են 352 հայեր:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ