24 ապրիլ 2019-ին, ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէի եւ ՀՄԸՄ-ի «Պէյրութ» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, առաւօտուն ժամը 9:00-ին Հայաշէնի ժողովրդային տան առջեւէն ընթացք առաւ քայլարշաւ մը դէպի Ժեհթաուի` հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին շրջափակը գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան:
Քայլարշաւին իրենց մասնակցութիւնը բերին` ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, քահանայ հայրը, «Քրիստափոր» կոմիտէութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ` բազմաթիւ հայորդիներ: Քայլարշաւը սկսաւ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին առաջնորդութեամբ:
Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի յուշարձանին ծաղկեպսակներ զետեղուեցան Դաշնակցութեան, ԼՕԽ-ին եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն կողմէ:
Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին շրջափակը ներկայ էին հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ Ասատուրեանը եւ հայր Սեպուհ Կարապետեանը, որ իր պատգամը տուաւ ներկաներուն: Ան ըսաւ, որ հայ ժողովուրդի զաւակները պիտի շարունակեն հաւատարիմ մնալ իրենց նախահայրերու հաւատքին, կտակին եւ ազգային արժէքներուն: Անոնք պիտի յիշեն թուրքին կատարած բարբարոսութիւնները եւ իրենց պահանջատիրութեան ճամբան պիտի շարունակեն այնքան, մինչեւ որ վերատիրանան իրենց ամբողջական իրաւունքներուն: