Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի Նշում` Զահլէի Հայ Կեդրոնին Մէջ

Ապրիլ 30, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Արամ» կոմիտէին շաբաթ, 27 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Զահլէի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծ եղեռնի ոգեկոչման ձեռնարկ` մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Զահլէի մասնաճիւղի սկաուտներուն, որոնք ներկայացուցին գեղարուեստական ճոխ յայտագիր:

Ձեռնարկը ընթացք առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով, ապա Խաժակ Բալուլեան արտասանեց ձեռնարկին բացման խօսքը եւ «Հայորդիք» երգէն տողեր մէջբերելով անդրադարձաւ իւրաքանչիւր հայու ունեցած հայկական ինքնութեան զգացումին եւ հաստատեց. «Մենք հայորդիներ ենք, որ կ՛ապրինք հեռու Հայաստանէն (լիբանանահայ ենք), Հայաստան չենք ծնած, սակայն Հայաստանը ծնած է մեր մէջ: Մենք հայորդիներ ենք, որ չենք մոռցած, ոչ ալ պիտի մոռնանք մեր անուշ մայր լեզուն (որքան ալ դժուար ըլլան պարագաները)»: Ըստ անոր, հակառակ շրջանին մէջ առկայ տարբեր դժուարութիւններուն, Զահլէի, Շթորայի, Ժալալայի եւ Ռայաքի հայութիւնը կը շարունակէ համախմբուիլ եւ ոգեկոչել Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն յիշատակը: Անդրադառնալով 24 ապրիլին տեղի ունեցած քայլարշաւին շրջանի հայութեան մասնակցութեան` Խաժակ Բալուլեան ըսաւ, որ 3-65 տարեկան հայորդիներ աշխարհին ցոյց տուին, թէ հայը կայ, պիտի մնայ եւ անպայման բազմանայ: Անոր համաձայն, ՀՄԸՄ-ի Զահլէի մասնաճիւղի սկաուտները, որոնք պիտի ներկայանան ասմունքով եւ երգով, կու գան փաստելու, թէ, հակառակ շրջանին մէջ հայկական վարժարանի չգոյութեան ու ձուլման բազմաթիւ վտանգներուն, Զահլէի մէջ հայութիւն կայ, կենդանի է ու գործօն, հայոց լեզուն կայ ու պիտի պահպանուի:

Օրուան բանախօսն էր Աշոտ Բագրատունի, որ դիտել տուաւ, թէ Հայոց ցեղասպանութենէն, մեր պապերուն կրած արհաւիրքներէն եւ անոնց խիզախ վերապրումէն 104 տարի ետք, տակաւին այս ոճիրը կը շարունակէ ներկայութիւն ըլլալ հայկական իրականութեան մէջ, մանաւանդ որ մենք պարզապէս ժառանգորդները չենք այդ նախահայրերուն, այլ` հետեւանքն ենք թուրքին սուրին, կրակին, 600 տարուան արեան ծարաւ քաղաքականութեան, եկեղեցիներուն մէջ հրկիզուած ժողովուրդին. «քաղաքակիրթ» կոչուած թուրքին գազանութեան: Ան աւելցուց, որ մենք նաեւ արդիւնքն ենք վերապրումի, Նեմեսիսի, Սարդարապատի, Արդարութեան մարտիկներու եւ Արցախի, արդիւնք ենք ազգիս պատիւը վերականգնած ամէն մէկ հատիկ վառօդի, ամէն մէկ արիւնոտ սուրի եւ ամէն մէկ արձակուած փամփուշտի:

Ապա Աշոտ Բագրատունի անդրադարձաւ այսօր հայութեան դէմ ցցուած բազում մարտահրաւէրներուն, որոնց կարգին է թուրք պետութիւնն ու ժողովուրդը իրարմէ անջատելու երեւոյթը, թշնամիին ժառանգորդին հաշտ աչքով նայելու վտանգը: «Կարգ մը հայեր չսորվեցան Պոլսոյ անմիտ եւ ստրկամիտ ամիրաներէն, որոնք կը կարծէին ու կը կարծեն, թէ դրամը զիրենք կը պաշտպանէ թուրքին գազանութենէն, կարգ մը հայեր, որոնք իրենց արեան գոյնը զատորոշեցին Կիլիկիոյ գաւառներուն թէ Տէր Զօրի անապատներուն թափած մուգ կարմիր արիւնէն եւ գացին ու կ՛երթան Պոտրում, Անթալիա` լողալու ու զուարճանալու նոյն ալիքներուն վրայ, ուր բիւրաւոր հայեր խեղդուեցան, կ’երթան Պոլիս, ուր ամիրաներ իրենցմէ առաջ եւս դաւաճանած են ազգը, զատորոշած են իրենք զիրենք` սուլթաններու պալատներուն մէջ զուարճանալով, բայց իրենք եւս սպաննուած են եւ իրենց գոյքերը եւ դրամները եւս գրաւուած են այդ սուլթաններուն կողմէ…», դիտել տուաւ ան` հաստատելով, որ որքան ալ փորձենք պատճառներ գտնել թուրքը մարդկայնացնելու, միեւնոյնն է, արեան ծարաւ ունեցող գազանին ծիները չեն փոխուիր:

Օրուան բանախօսին համաձայն, ճիշդ է, որ այսօրուան հայութիւնը արդիւնք է Ցեղասպանութեան, բայց նաեւ վրէժի, եւ ի վերջոյ յաղթանակի, ուստի միշտ ալ պիտի շարունակէ ձգտիլ յաղթանակներու: «Բայց եւ այնպէս, յաղթական ոգին ու բարոյական յաղթանակները, գոյատեւումը` օտար ափերու, չեն բաւեր ամբողջական յաղթանակի հասնելու… Այսօր մեր պապերուն կերտած գանձերը վտանգուած են, գաղթականներու ձեռքբերած ու զոհողութեամբ կերտուած եկեղեցիները կը պարպուին, տուները օտարներու կը վաճառուին` վտանգելով մնացեալ մեր ժողովուրդը, հայ դպրոցը` հիմնական բերդը, ամրոցը ձուլումին դէմ, կը պարպուի ու կը զրկուի նոր ու արթուն, թարմ սերունդներէ, մեր գաղութները անգամ մը եւս կը հարուածուին դուրսէն` քաղաքական վերիվայրումներով, տնտեսական բարդ իրավիճակով, թուրքի վարձկաններով, նաեւ կը հարուածուի ներսէն` անտարբեր հայերէ, ամենագէտ տգէտներէ, ծակ փիլիսոփաներէ, օտարամոլ հերետիկոսներէ, համաշխարհայնացման ծառաներէ, որոնք իրենց ազգէն կերած հացը ուրանալով կը նետուին օտարութեան գիրկը, ետեւ նայելով միայն այն ատեն, երբ անտէր, անտիրական կը փնտռեն իրենց պաշտպանը, մօր գիրկը, հօր բազուկը…», դիտել տուաւ ան:

Ապա Աշոտ Բագրատունի խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին համայն աշխարհին ցուցաբերած անտարբերութեան եւ որդեգրած լռութեան մասին` աւելցնելով, որ հայը ինքնիր ձեռքով լուծեց իր վրէժը եւ իր ուժերուն վստահելով կը հետապնդէ իր նպատակները: «Մեր փրկութիւնը չեկաւ եւ պիտի չգայ օտար դեսպանատուներէ, օտար եկեղեցիներէ, օտար մայրաքաղաքներէ: Այս պայքարին մէջ կանք մենք եւ մեր մէկուկէս միլիոնը, եւ թուրքն ու իր եաթաղանը, թուրքը մեզ տուաւ «կոտորածն անգութը» եւ «ախ ըրաւ վերան», իսկ մենք երբ չկար «ելք ու ճար»` «խենթերն գտան հնար,» եւ աշխարհի չորս կողմէն երգեցինք «գինի լից», լեցուցինք բաժակները, վերցուցինք զէնքերը եւ թնդացուցինք աշխարհի մէջ տիրած անտարբերութիւնը, եւ երկրէ երկիր կանգնած լռութեան պատերը քանդուեցան արդարութեան փամփուշտներով, նահատակութեան պայթումներով եւ յաղթանակէ յաղթանակ 100 տարուան ընթացքին Սարդարապատէն Պերլին, Պելկրատ, Լիզպոն, եւ վերջապէս` Արցախ, պատմութեան ընթացքը փոխեցինք եւ մեր տարագրուած, մորթուած ժողովուրդը դարձաւ յաղթանակած…», նշեց ան:

Իր խօսքը եզրափակելով` Ա. Բագրատունի դիտել տուաւ, որ պէտք չէ գինովնալ յաղթանակներով, այլ պէտք է միշտ յիշել, թէ` «մեր ազգի խաչուելէն 100 տարի ետք մեր յարութիւնը տակաւին չէ ամբողջացած, մենք դեռ ունինք պայքար, պահանջ, իրաւունք, եւ պիտի կռուինք մինչեւ յաղթանակ, սուրբ յաղթանակ, որուն նկատմամբ մեր հաւատքը բնաւ չէ խախտած, իսկ չհաւատացողը թող ճամբայ բանայ եւ սպասէ, թող սպասէ եւ պիտի տեսնէ, թէ բազում յաղթանակներէ ետք պիտի հասնինք, մենք մեր ձեռքով, մեր հաւատքով, թէկուզ եթէ նորէն մեր հողերը պիտի օրհնուին նահատակութեամբ եւ ոռոգուին մեր արիւնով, աշխարհի քարտէսները պիտի պատռտուին եւ նո՛ր քարտէսներ պիտի գան, ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստանի շողերով»:

Աւարտին իր սրտի խօսքը ուղղեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ Հայոց ցեղասպանութեան անդրադարձաւ իր ընտանեկան կորուստներէն մեկնած եւ դիտել տուաւ, թէ որքան ալ փորձեն սպաննել հայութիւնը, խլել անոր ինչքերը, գողնալ լեզուն, կրօնն ու մշակոյթը, պիտի չյաջողին: Ան ասոր լաւագոյն ապացոյցը նկատեց գեղարուեստական յայտագիրը ներկայացուցած մանուկներն ու պատանիները, որոնք հաւատքով, համոզումով, ապրումով եւ կատաղութեամբ երգեցին` հաստատելով, որ իրենք նահատակ սուրբերուն արժանի զաւակներն էին: «Վստահ եղէք, Աստուծոյ կամքով եւ այս երեխաներուն ու իրենց պէս հարիւրաւոր, հազարաւոր եւ տասնեակ հազարաւոր, հարիւր հազարաւոր երեխաներու շնորհիւ մեր ժողովուրդը պիտի ապրի, որովհետեւ իրենք եւ իրենց նմանները մեր ժողովուրդին զինամթերքն են», ըսաւ Յակոբ Բագրատունի` դիտել տալով, որ մեծ մասը այդ երեխաներուն հայկական վարժարան երթալու առիթ չունին, սակայն իրենց տան, իրենց մեծ մայրերուն ու հայրերուն, եկեղեցւոյ ու ակումբին կրթութեամբ հայ են, եւ այնպիսի հայեր, որոնք ուժ կը ներշնչեն, հաւատք եւ յոյս կը փոխանցեն:

Աւարտին  քահանայ հայրերը բարեխօսական աղօթք կատարեցին 1,5 միլիոն սուրբ նահատակներու յիշատակին:

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Նոր Մարտավարութիւն

Յաջորդը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քեռի» Կոմիտէին. Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի Ոգեկոչում Ժիպէյլի Մէջ

RelatedPosts

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Հոկտեմբեր 25, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?