Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապրիլեան Նահատակներուն Յիշատակին Ս. Պատարագ` Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի Բակին Մէջ

Ապրիլ 30, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս-պատրիարքին, մասնակցութեամբ հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններուն, միութիւններուն եւ վարժարաններուն, չորեքշաբթի, 24 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին Ժեհթաուիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի բակին մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ` ի յիշատակ ապրիլեան նահատակներուն: Պատարագը մատուցեց պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանը:

Պատարագի ընթացքին ներկաներուն օրուան խորհուրդը պատգամեց Խաչիկ վրդ. Գույումճեանը: Ան ըսաւ, որ 104 տարիներ անցած են Ցեղասպանութենէն, եւ մենք ամէն տարի կը հաւաքուինք` ոգեկոչելու մեր զոհերուն յիշատակը: Այս տարի եւս հաւաքուած ենք միասին յիշատակելու եւ տօնելու մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն` սուրբերուն փառաւոր անցքը այս աշխարհի ծանր եւ դաժան կեանքէն դէպի երկնային լուսաւոր եւ երջանիկ կեանք, աւելցնելով, որ հաւաքուած ենք նաեւ դատապարտելու 104 տարի առաջ կատարուած հայասպանութեան տմարդի փորձը եւ ըսելու համայն աշխարհին, որ մենք տակաւին կանք, ներկայ ենք, կը գոյատեւենք: «Այս տարի ոչ մէկ ձեւով եւ պարունակութեամբ թող չնմանի անցած 104 տխրալից եւ յոյսով լեցուն տարիներուն», շեշտեց Խաչիկ վարդ. Գույումճեանը եւ թուեց հետեւեալ կէտերը` որպէս բացատրութիւն.

Ա) Տրամաբանօրէն ճիշդ պիտի չթուի ըսել, որ անցած եւ գալիք տարիները բոլորը իրարու կը նմանին: Ճիշդ է, որ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, բայց անպայման կը հանդիպինք նորութիւններու:

Բ) Մենք` որպէս հայ ազգի որդիներ եւ համայն աշխարհի կողմէ ճանցուած որպէս առաջին քրիստոնեայ ազգ` կը հպարտանանք մեր պատմութեամբ եւ մեր կատարած քաջագործութիւններով, սակայն այսօր ի՞նչ կ՛ընենք: Գեղեցիկ է հպարտանալ անցեալով, սակայն հարկ է, որ այսօր մեր ներդրումը ունենանք, որպէսզի ապագայ սերունդը մեզմով հպարտանայ եւ մեր օրինակով իրենք եւս արժանանան եկեղեցւոյ եւ հայ ազգի բարգաւաճման եւ գոյատեւման համար կատարուած աշխատանքի գնահատանքին: Շարունակելով իր խօսքը` Խաչիկ վրդ. Գույումճեանը թուեց եօթը մտահոգութիւններ, որոնք գոյութիւն ունին ներկայիս.

Ա) Լեզուն. Այսօր կը գտնուինք լուրջ մարտահրաւէրի մը առջեւ, որ պահպանումն է մեր մայրենի լեզուին, որ դժբախտաբար կամաց կամաց երկրորդական կը դառնայ մեր ծնողներուն վկայութեամբ եւ քաջալերանքով: Վարդապետը կոչ ուղղեց նոր եւ արդիական ձեւեր որդեգրելու, որպէսզի նոր սերունդը արժէքը գիտնայ մեր ոսկեղնիկ լեզուին:

Բ) Հայոց պատմութիւնը. Ցաւալի է այն իրողութիւնը, որ հայ մը տեղեակ չէ իր պատմութենէն: Ան կոչ ուղղեց մշակութային մարմիններուն, որ այս աշխատանքը աշխուժացնեն:

Գ) Համացանցը. Ներկայիս մեծ հետաքրքրութիւն կայ համացանցի միջոցով նորոյթի հետեւելու, մեր այցելած վայրերու մասին տեղեկացնելու, սակայն ոչ ոք կը մտածէ համացանցը օգտագործել ի նպաստ իր ազգին եւ շրջանակին:

Դ) Միութենական կեանք. Կ՛ըսուի, որ միութիւնը ուժ է, եւ 104 տարի առաջ մեր նահատակները կիզիչ անապատներուն մէջ իրար քաջալերեցին եւ օգնեցին, սակայն այսօր «ես»-ը կ՛իշխէ բոլորին հոգիներուն վրայ: Վարդապետը կոչ ուղղեց բոլոր պատասխանատուներուն կազմակերպելու հանդիպման եւ զրոյցի երեկոներ:

Ե) Անտարբերութեան հոգին.  Ներկայիս մեր տղոց մօտ կը պակսին կեանքի նպատակը, իմաստն ու կարեւորութիւնը, որ հետեւանք է միջավայրի ընկերային յուսահատական վիճակին: Ան կոչ ուղղեց բոլոր հասարակական կառոյցներուն` ըսելով, որ մեր ժողովուրդը իշխանութիւններու ոչ խոհեմ որոշումներուն պատճառով կ՛ապրի նիւթական եւ հոգեկան յուսահատ վիճակի մէջ:

Զ) Դաստիարակութիւն. Նկատի ունենալով մեր կեանքի դժուար պայմանները, որուն պատճառով ընտանիքի բոլոր անդամները կ՛աշխատին, շատ հայկական տուներ կը քայքայուին` իրարմէ բաժնուելով կամ տունէն բացակայելով, որուն պատճառով զաւակները դաստիարակուած չեն ըլլար, նաեւ հայեցի դաստիարակութիւն չեն ստանար: Ան կոչ ուղղեց բոլոր հայ ծնողներուն արթուն ըլլալ, որովհետեւ իրենց զաւակները այսօր պաշարուած են ոչ հայեցի շրջանակով, աւելցնելով, որ միայն նիւթականով չէ, որ ապագային պիտի տեսնենք իմաստուն եւ հպարտալի երիտասարդներ:

Է) Եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը. Մեր նահատակները միշտ հաւատարիմ մնացին եկեղեցւոյ, սակայն այսօր մեր հայ երիտասարդները դժբախտաբար կը նախընտրեն տարբեր ճամբաներ երթալ, քան` լսել եկեղեցւոյ շարականները: Վարդապետը հարց տուաւ, թէ արդեօք իրենց մէջ, ազգայինի կողքին, հոգեւորին կառչելու գիտակցութի՞ւնը կը պակսի: Վարդապետը կոչ ուղղեց բոլոր ազգային գործիչներուն, որ ազգային դաստիարակութեան կողքին, նոր սերունդին ծանօթացնեն Քրիստոսը:

«Այսօր, Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին առիթով ձեր առջեւ կը դնեմ եօթը կէտեր, որոնց արհամարհումը կրնայ սպիտակ բնաջնջման պատճառ դառնալ: Այսօր չի բաւեր հպարտանալ մեր անցեալով, մեր մայր հայրենիքով, անոր ազատ ու անկախ հզօր պետութեան բոլոր մարզերէն ներս արձանագրած նուաճումներով, մեր տարագիր ժողովուրդը հիւրընկալած Լիբանանի եւ Սուրիոյ նման ասպնջական երկիրներուն հանդէպ երախտագիտական եւ զօրացական արտայայտութիւններով, այլ արթննանք եւ գործի անցնինք վերոնշեալ մտահոգութիւններուն նկատառումով, որպէսզի մեզմէ ետք եկող սերունդը չամչնայ իր հայ ըլլալուն համար: Այսօր տակաւին ուշ չէ, բայց վաղը կրնայ ուշ ըլլալ», եզրափակեց Խաչիկ վրդ. Գույումճեան:

Պատարագի աւարտին, ՀԿՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ, հանդիսաւոր թափօրով ներկաները ուղղուեցան դէպի հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի շրջափակ, ուր Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողին շուրջ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում եւ նահատակներուն նուիրուած աղօթք:

Նախորդը

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ցեղասպանութեան 104-ամեակի Ոգեկոչում

Յաջորդը

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ Նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակը

RelatedPosts

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Հոկտեմբեր 25, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?